Պետական Օփերայի բեմը բացուեցաւ «Ֆիտելիօ»ով

ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԵՆ

Իսթան­պուլի Պե­տական Օփե­րայի եւ Պա­լէի Թատ­րո­նը հա­մավա­րակի շրջա­նին ընդհա­տած էր իր աշ­խա­տու­թիւննե­րը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ օփէ­րայի տնօ­րէն եւ գե­ղարո­ւես­տա­կան վա­րիչ Սո­ւաթ Արը­քան ներ­կա­յացու­մէն առաջ բեմ ել­լե­լով ծա­փահա­րեց ունկնդիր­նե­րը, որոնք այս ճգնա­ժամի օրե­րուն զօ­րակ­ցած էին իրենց։ Ապա հան­դի­սատե­սը հրա­ւիրեց ծա­փերով ող­ջունել ներ­կա­յաց­ման դե­րակա­տար­նե­րը եւ երա­ժիշտնե­րը, որոնք նոյնպէս յոյ­սը վառ պա­հած էին այս դա­ժան օրե­րուն։ Սո­ւաթ Արը­քան հան­դի­սատե­սին փո­խանցեց «Այս եղա­նակի ընթաց­քին պի­տի մէկ­տե­ղուինք Աթա­թիւրքի անո­ւան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ» աւե­տիսը։

Ինչպէս ծա­նօթ է քա­ղաքի օփե­րայի մե­ծագոյն թատ­րո­նը ի հի­մանէ վե­րակա­ռու­ցո­ւած էր եւ այս տա­րուայ մէջ պոլ­սե­ցի հան­դի­սատես­նե­րը պի­տի ըն­դունի իր նո­րակա­ռոյց շէն­քին մէջ։

Օփե­րայի եւ Պա­լէի Թատ­րո­նի գե­ղարո­ւես­տա­կան եղա­նակի մեկ­նարկը կա­տարո­ւեցաւ Լու­տո­ւիկ Ֆոն Պեթ­հո­ֆընի «Ֆի­տելիօ» օփե­րայով, որ այս ժան­րի մէջ անո­ւանի եր­գա­հանի միակ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւնն է։ Հա­մավա­րակի պար­տադրանքնե­րուն հա­մաձայն նո­ւագա­խումբը փո­խանակ փո­սի մէջ ըլ­լա­լու տե­ղակա­յուած էր բե­մին վրայ։ Երգչա­խումբը շա­րուած էր բե­մի աս­տի­ճան­նե­րուն եւ խմբա­վարն ալ իրեն տեղ գտած էր հան­դի­սատես­նե­րու մէջ։ Առա­ջին ան­գամ 20 Նո­յեմ­բեր 1805 թո­ւակա­նին Վի­յէն քա­ղաքի թատ­րո­նին մէջ բե­մադ­րո­ւած «Ֆի­տելիօ»ն աւե­լի վերջ զա­նազան փո­փոխու­թիւննե­րու են­թարկուած ըլ­լա­լով ընդհան­րա­պէս այս փո­խուած վեր­ջին տա­րազով կը ներ­կա­յանայ հան­դի­սատե­սին։

Թուրքիոյ Պե­տական Օփե­րան այս գոր­ծը առա­ջին ան­գամ բե­մադ­րած է 1942 թո­ւին Ան­գա­րայի մէջ։

Ստե­փան Ֆոն Պրոյ­նիք եւ Ճորճ Ֆրե­տերիք Թրիչ­քէի հե­ղինա­կած լիպ­րեթթոն նիւթ կ՚ու­նե­նայ Ֆրանսա­կան յե­ղափո­խու­թեան շրջա­նին բանտ ին­կած ամու­սի­նը ազա­տելու աշ­խա­տող կնոջ մը պայ­քա­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ