Եթէ եկեղեցին ժողովուրդ է հապա այս ի՞նչ է

Եղեղեցին ժողովուրրդ է, համատարած հաստատում մըն է այս, որ յաճախ կ՚ընդգծուի հոգեւորականաց դասու կողմէ։ Մեր ժամանակներու դժբախտ իրողութիւնը ժողովուրդազուրկ եկեղեցիները եղան։ Այս ընթացքին մէջ իր բացասական դերը ունեցաւ պսակաձեւ ժահրի համավարակը։ Այդ պատճառաւ գեղարուեսատական կամ մշակութային բոլոր ներկայացումներու կողքին հաւաքական պաշտամունքն ալ դատապարտուեցաւ առցանց պայմաններու։ Յիշելով Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ վերանորոգութենէ ետք կատարուած անդրանիկ պատարագի ոգեւորութիւնը, կ՚ափսոսանք 2021-ի Սուրբ Խաչի տաղաւարի կանխահաս պատարագի պարզած նկարը տեսնելով։ Հոգեւորականաց դասու մատուցած պատարագին հետեւողներն են քաղաքի կուսակալը, գաւառապետը, ոստիկանապետը եւ զինեալ ուժերու շրջանային հրամանատարը։ Կարճ խօսքով Վան քաղաքի պետական աւագանին։ Ցաւալի է որ այդ քանի մը անձերէ բացի քաղաքի բնակչութիւնը ներկայացնող հասարակական կազմակերպութիւններէ ոչ ոք ներկայ էր։ Արարողակարգի իմաստով անթերի այս կազմակերպութիւնը, որուն մանրամասնութիւնները կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրով, դատապարտուած մնաց անպէտք ձեւակերպութեան մը։

Ինչպէս կ՚ընդգծուի Պատրիրաքական տեղեկագրի աւարտին, մենք ալ պիտի ցանկանանք եւ պիտի յուսանք յառաջիկայ տարիներուն այս պատմական տաճարի կամարներուն տակ ժողովուրդի ներկայութեամբ կատարուած պատարագներուն իրականացումը։

Աւան­­դա­­­կան դար­­ձած Աղ­­թա­­­մարի ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնն ու Ս. Պա­­տարա­­գը կա­­տարո­­ւեցաւ ան­­ցեալ շա­­բաթա­­վեր­­ջին՝ 5 Սեպ­­տեմբեր 2021, Կի­­րակի առա­­ւօտ։

Ան­­ցեալ Ուրբաթ, 3 Սեպ­­տեմբեր 2021, վաղ առա­­ւօտուն սկսաւ սոյն ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը, հո­­վանա­­ւորու­­թեամբ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հօր։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան ան­­հանգստու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաւ, այս տա­­րուան ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը գլխա­­ւորեց Պատ­­կա­­­ռելի Կրօ­­նական Ժո­­ղովոյ Ատե­­նապետ Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան։

3Սեպ­­տեմբեր 2021, Ուրբաթ

Ժա­­մը 09.10-ի թռիչ­­քով, Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան, ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ Դի­­ւանա­­պետի օգ­­նա­­­կան Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեանի, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօ­­նիկեանի, մէկ­­նե­­­ցաւ Վան։

Խումբին մաս կը կազ­­մէին նաեւ Աթո­­ռոյս ժա­­ռան­­գա­­­ւոր սա­­ներ, սար­­կա­­­ւագ­­ներ, կի­­սասար­­կա­­­ւագ­­ներ, ինչպէս նաեւ Ար­­մաշ Դպրաց Խումբի ան­­դամներ։

Եր­­կու ժա­­մուան ու­­ղե­­­ւորու­­թե­­­նէ մը ետք, խումբը ժա­­մը 11.10-ին հա­­սաւ Վա­­նի Ֆէ­­րիտ Մէ­­լէն օդա­­կայա­­նը, ուրկէ ուղղա­­կի մէկ­­նե­­­ցաւ Աղ­­թա­­­մար Կղզի։

Նոյն ժա­­մերուն ցա­­մաքի ճամ­­բով Վան հա­­սան եւ խումբին միացան Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ու­­զունեան, Արժ. Տ. Շա­­հէն Քհնյ. Օհա­­նեան։

Նա­­խապատ­­րաստա­­կան աշ­­խա­­­տանքներ

Խումբը, մի­­ջօրէին հա­­սաւ Աղ­­թա­­­մար Կղզի, ուր կա­­տարեց անհրա­­ժեշտ քննու­­թիւններն ու պատ­­րաստու­­թիւննե­­րը, փո­­խադ­­րո­­­ւեցան նաեւ եկե­­ղեցա­­կան գոյ­­քերն ու զգեստնե­­րը։

4Սեպ­­տեմբեր 2021, Շա­­բաթ

Կու­­սա­­­կալին պաշ­­տօ­­­նական այց

Պատ­­կա­­­ռելի Կրօ­­նական Ժո­­ղովոյ Ատե­­նապետ Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան, ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ Դի­­ւանա­­պետի օգ­­նա­­­կան Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեանի, ժա­­մը 11.00-ին իր պաշ­­տօ­­­նարա­­նին մէջ քա­­ղաքա­­վարա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն մը տո­­ւաւ Վա­­նի Կու­­սա­­­կալ՝ Մէհ­­մէտ Էմին Պիլ­­մէ­­­զին։

Մե­­ծայարգ Կու­­սա­­­կալը բա­­րի գա­­լուստ մաղ­­թեց Հայր Սուրբե­­րուն եւ կա­­րողու­­թիւն՝ կի­­րակ­­նօ­­­րեայ պար­­տա­­­կանու­­թեանց հա­­մար։ Ան, ու­­րա­­­խու­­թիւնը յայտնեց, որ այս տա­­րի ան­­գամ մը եւս առի­­թը կը ներ­­կա­­­յանայ Աղ­­թա­­­մարի Ս. Խաչ Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Ս. Պա­­տարագ մա­­տու­­ցա­­­նելու եւ մէկ­­տե­­­ղուե­­լու Վա­­նի մէջ։

Ան իր ող­­ջոյններն ու արագ ապա­­գին­­ման մաղ­­թանքնե­­րը յղեց Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան եւ յի­­շեց իր նա­­խորդ այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րուն ըն­­թացքին ար­­տա­­­սանած խօս­­քե­­­րը, որոնցմէ տպա­­ւորո­­ւած էր։

Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. նախ փո­­խան­­ցեց մեր Հո­­գեւոր Պե­­տին ող­­ջոյննե­­րը, ապա ըսաւ որ սոյն ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան առի­­թով պար­­տա­­­կանու­­թիւն հա­­մարած է յա­­նուն Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ, նա­­հան­­գի պե­­տական բարձրա­­գոյն ներ­­կա­­­յացու­­ցի­­­չին քա­­ղաքա­­վարա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն տալ։ Հայր Սուրբը շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց թէ ըն­­ծա­­­յուած ըն­­դունե­­լու­­թեան, եւ թէ արա­­րողու­­թեան կա­­տար­­ման կա­­պակ­­ցութեամբ ըն­­ձե­­­ռուած դիւ­­րութեանց հա­­մար։ Իբր յի­­շատակ այս այ­­ցե­­­լու­­թեան, Կու­­սա­­­կալին նո­­ւիրեց Օս­­մա­­­նեան շրջա­­նի Հայ նկա­­րիչ­­նե­­­րու մա­­սին Կա­­րօ Քիւրքմա­­նի եր­­կը հա­­տոր աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը։

Իսկ Վա­­նի Կու­­սա­­­կալը նո­­ւիրեց Աղ­­թա­­­մարի յախ­­ճա­­­պակեայ նկար մը։

Այց՝ Վա­­նի Մու­­րա­­­տիյէ ջրվէ­­ժը

Ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու խումբը կէ­­սօրին Վա­­նի մէջ միաս­­նա­­­բար ճա­­շելէ ետք, մէկ­­նե­­­ցան տեղ­­ւոյն տե­­սար­­ժան վայ­­րե­­­րէն Մու­­րա­­­տիյէ ջրվէ­­ժը, ուր կարճ այ­­ցե­­­լու­­թիւն մը տո­­ւին։

5Սեպ­­տեմբեր 2021, Կի­­րակի

Առա­­ւօտեան ժա­­մը 08.00-ին հո­­գեւոր հայ­­րերն ու սպա­­սար­­կողնե­­րու խումբը, Վա­­նի Նա­­հան­­գա­­­պետա­­րանի տրա­­մադ­­րած նա­­ւով ուղղո­­ւեցաւ դէ­­պի Աղ­­թա­­­մար Կղզի։

Սուրբ Պա­­տարագ

Ժա­­մը 11.00-ին կազ­­մո­­­ւած թա­­փորը Տա­­ճարի մօ­­տակայ կի­­սաւեր մա­­տու­­ռէն Ս. Խաչ եր­­բեմնի հայ­­րա­­­պետա­­նիստ Տա­­ճար առաջ­­նորդեց պա­­տարա­­գիչ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօ­­նիկեանը։

Ներ­­կայ էին Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան, Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ու­­զունեան, Արժ. Տ. Շա­­հէն Քհնյ. Օհա­­նեան։

Կը սպա­­սար­­կէին Բրշ. Հրա­­չեայ Սրկ. Սու­­րէն, Բրկ. կի­­սասար­­կա­­­ւագ­­ներ՝ Ղա­­զար Սա­­պունճեան, Ար­­տա Փնար­­ճեան, Էր­­քան Գրի­­գոր Կա­­րապե­­տեան եւ Բրկ. Պար­­գեւ Դպ. Օհա­­նեան։

Եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը կա­­տարո­­ւեցան Ար­­մաշ Դպրաց Խումբին կող­­մէ, առաջ­­նորդու­­թեամբ Բրշ. Յա­­րու­­թիւն Էտո­­ւին Սրկ. Կա­­լիպեանի։

Ս. Պա­­տարա­­գին ներ­­կայ եղան Վա­­նի Կու­­սա­­­կալ Մէհ­­մէտ Էմին Պիլ­­մէզ, Վա­­նի Ապա­­հովու­­թեան Տնօ­­րէն Աթա­­նուր Այ­­տըն, Վա­­նի Զի­­նուո­­րական Հրա­­մանա­­տար Հիւ­­սէ­­­յին Պէք­­մէզ, Կէ­­վաշի Գա­­ւառա­­պետ Հա­­միտ Կէնճ եւ այլ պաշ­­տօ­­­նական ան­­ձեր։

Քա­­րոզ

Տէ­­րու­­նա­­­կան Աղօթ­­քէն առաջ Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. քա­­րոզեց, բնա­­բան ու­­նե­­­նալով «Լոյ­­սը աշ­­խարհ եկաւ, սա­­կայն մար­­դիկ խա­­ւարը աւե­­լի սի­­րեցին» (Յովհ. Գ.19)։

Քա­­րոզին մէջ Հայր Սուրբը անդրա­­դար­­ձաւ լոյ­­սի խոր­­հուրդին, Քրիս­­տո­­­սի աշ­­խարհի լոյ­­սը ըլ­­լա­­­լուն եւ լու­­սա­­­ւորո­­ւած մար­­դու յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րուն։

Քրիս­­տո­­­սի լոյ­­սին հե­­տեւիլ կը հար­­դէ հա­­ւատա­­ցեալին հա­­մար լու­­սա­­­ւոր ճա­­նապարհ այս աշ­­խարհի վրայ։ Քրիս­­տո­­­սի լոյ­­սը ճշմա­­րիտ է եւ եր­­բեք խա­­ւար չկայ անոր մէջ եւ կը լեց­­նէ իր ներ­­կա­­­յու­­թեամբ մեր կեան­­քը։

Ան շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց նաեւ տեղ­­ւոյն աւա­­գանիին, որ բա­­րի եղած է գոր­­ծակցիլ Աթո­­ռոյս, որ­­պէսզի յա­­ջողու­­թեամբ ի կա­­տար ածո­­ւի այլ եւս աւան­­դա­­­կան դար­­ձած սոյն ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը։

Խոս­­տո­­­վանանք եւ Ս. Հա­­ղոր­­դութիւն

Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով հա­­մավա­­րակի պայ­­մաննե­­րը, այս տա­­րի կա­­րելի չե­­ղաւ տա­­ճարին մէջ ըն­­դունիլ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րը։ Ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու փոք­­րիկ խումբ մը ժա­­մատու­­նէն հե­­տեւե­­ցաւ արա­­րողու­­թեանց։ Այլ ներ­­կա­­­ներ կրցան մաս­­նակցիլ միայն բա­­ցօդեայ ան­­դաստա­­նին։

Իսկ Ս. Հա­­ղոր­­դութե­­նէն առաջ, հա­­ւաքա­­կան խոս­­տո­­­վանանք կա­­տարեց Արժ. Տ. Շա­­հէն Քհնյ. Օհա­­նեան։ Ապա Պա­­տարա­­գիչ Հայր Սուրբը հա­­ղոր­­դութիւն տո­­ւաւ հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րուն եւ ժա­­մատան մէջ գտնո­­ւող հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն։

Հո­­գեհան­­գիստ

Յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի կա­­տարո­­ւեցաւ կարգ ի հան­­գիստ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ եւ ի մաս­­նա­­­ւորի Աղ­­թա­­­մարայ եր­­բեմնի Կա­­թողի­­կոսու­­թեան հան­­գուցեալ սպա­­սաւոր­­նե­­­րու հոգ­­ւոցն։ Յի­­շատա­­կուե­­ցան Ս. Խաչ Հայ­­րա­­­պետա­­նիստ Տա­­ճարի կա­­ռուցման բա­­րերար Գա­­գիկ Արծրու­­նի Թա­­գաւո­­րը, Տա­­ճարի ճար­­տա­­­րապետ Մա­­նուէլ Վար­­դա­­­պետը, Աղ­­թա­­­մար գա­­հակա­­լող Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոս­­նե­­­րը, Մե­­ծի Տանն Աղ­­թա­­­մարայ կա­­թողի­­կոս­­նե­­­րը եւ հա­­մայն միաբան­­նե­­­րը Աղ­­թա­­­մարի Աթո­­ռոյն, Վա­­նի եր­­բեմնի թե­­մի եւ ի Քրիս­­տոս հան­­գուցեալ հա­­մայն հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րը։

Ան­­դաստան

Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ կա­­տարո­­ւած հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րէն յե­­տոյ, Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեանի գլխա­­ւորու­­թեամբ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու թա­­փորը առաջ­­նորդո­­ւեցաւ փակ, ուր, հա­­մավա­­րակի սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ կո­­կիկ թի­­ւով հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րու եւ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու ներ­­կա­­­յու­­թեամբ, «Ամէն, ալէ­­լուիա»նե­­րով կա­­տարո­­ւեցաւ հան­­դի­­­սաւոր ան­­դաստան։ Հո­­գեպա­­րար էր այն պա­­հը, երբ թա­­փորը կը դառ­­նար եւ կ՚օրհնո­­ւէին աշ­­խարհի չորս ծա­­գերը, Հա­­յոց հայ­­րա­­­պետու­­թիւնը, քրիս­­տո­­­նեայ թա­­գաւո­­րու­­թիւններն ու իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը, եր­­կիրն ու ան­­դաստան­­նե­­­րը, տար­­ւոյն պտղա­­բերու­­թիւնը, վան­­քերն ու անա­­պատ­­նե­­­րը, քա­­ղաք­­ներն ու գիւ­­ղե­­­րը եւ անոնց բնա­­կիչ­­նե­­­րը։

Ապա հան­­դի­­­սադիր Հայր Սուրբի տո­­ւած օրհնու­­թեամբ իր աւար­­տին հա­­սաւ պատ­­մա­­­կան արա­­րողու­­թիւնը, ուխտա­­ւոր­­նե­­­րուն եւ հա­­մացան­­ցա­­­յին ճամ­­բով նոյն պա­­հուն հե­­տեւող հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն ոգե­­ւոր պա­­հեր ու հո­­գեկան ան­­հուն գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռելով։

Այստեղ Հայր Սուրբն ու Վա­­նի Կու­­սա­­­կալ Մէհ­­մէտ Էմին Պիլ­­մէզ միաս­­նա­­­բար յայ­­տա­­­րարու­­թիւն տո­­ւին մամ­­լոյ աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րուն եւ իրենց ու­­րա­­­խու­­թիւնը յայտնե­­ցին քա­­նի մը վայրկեան առաջ աւար­­տած Ս. Պա­­տարա­­գին հա­­մար եւ յոյս յայտնե­­ցին, որ յա­­ռաջի­­կայյ տա­­րի կ՚աւար­­տի թա­­գաժահ­­րի հա­­մավա­­րակը եւ նա­­խորդ տա­­րինե­­րու նման ոգե­­ւորու­­թեամբ կը կա­­տարո­­ւի աւան­­դա­­­կան դար­­ձած սոյն արա­­րողու­­թիւնն ու ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը։

Սի­­րոյ սե­­ղան

Յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի, հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րու եւ սպա­­սար­­կողնե­­րու խումբը Վա­­նայ լճի ափին հա­­ւաքո­­ւեցաւ սի­­րոյ սե­­ղանի մը շուրջ։

Վե­­րադարձ

Այսպէ­­սով իր աւար­­տին հա­­սաւ ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը եւ սկսաւ վե­­րադար­­ձի ճամ­­բորդու­­թիւնը։ Հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րու եւ սպա­­սար­­կողնե­­րու խումբը նոյն իրի­­կուն վե­­րադար­­ձաւ Իս­­թանպուլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ