Նախկին գլխաւոր դատախազը ձերբակալուած

ՅՔԾ-էն յայտնած են, որ ՀՀ յա­տուկ քննչա­կան ծա­ռայու­թեան կող­­մէ քննո­­ւող քրէական գոր­­ծի վե­­րաբե­­րեալ ձեռք բե­­րուած բա­­ւարար ապա­­ցոյցնե­­րու հա­­մակ­­ցութեամբ հիմ­­նա­­­ւորո­­ւած է, որ Աղո­­ւան Յով­­սէ­­­փեանը, 2004 թո­­ւակա­­նի 18 Մար­­տէն մին­­չեւ 2013 թո­­ւակա­­նի 13 Սեպ­­տեմբե­­րը զբաղցնե­­լով ՀՀ գլխա­­ւոր դա­­տախա­­զի, իսկ 2014 թո­­ւակա­­նի 18 Յու­­լի­­­սէն մին­­չեւ 2018 թո­­ւակա­­նի 11 Յու­­նի­­­սը՝ ՀՀ քննչա­­կան կո­­միտէի նա­­խագա­­հի պաշ­­տօննե­­րը, յի­­շեալ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին փաս­­տա­­­ցի մաս­­նակցած է ձեռ­­նարկա­­տիրա­­կան գոր­­ծունէու­­թիւն իրա­­կանաց­­նող շարք մը ՍՊ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու կա­­ռավար­­ման, բա­­ցի այդ ստա­­ցած է առանձնա­­պէս խո­­շոր չա­­փերով՝ 190.000.000 ՀՀ դրամ կա­­շառք եւ խար­­դա­­­խու­­թեան եղա­­նակով կա­­տարած է առանձնա­­պէս խո­­շոր չա­­փերով՝ 800.000.000 ՀՀ դրամ գոյ­­քի յափշտա­­կու­­թիւն։

Ա. Յով­­սէ­­­փեանին մե­­ղադ­­րանք առա­­ջադ­­րո­­­ւած է նաեւ յան­­ցա­­­ւոր ճա­­նապար­­հով ստա­­ցուած առանձնա­­պէս խո­­շոր չա­­փերով՝ ընդհա­­նուր 1.299.404.414 ՀՀ դրամ գոյ­­քը (փո­­ղերու լո­­ւացում) օրի­­նակա­­նաց­­նե­­­լու հա­­մար։

Վե­­րը նշո­­ւած յան­­ցա­­­ւոր արարքնե­­րու կա­­տար­­ման հա­­մար Աղո­­ւան Յով­­սէ­­­փեանին մե­­ղադ­­րանք առա­­ջադ­­րո­­­ւած է ՀՀ քրէական օրէնսգիր­­քի 310-րդ յօ­­դուա­­ծով, 311-րդ յօ­­դուա­­ծի 4-րդ մա­­սի 2-րդ կէ­­տով, 178-րդ յօ­­դուա­­ծի 3-րդ մա­­սի 1-ին կէ­­տով եւ 190-րդ յօ­­դուա­­ծի 3-րդ մա­­սի 1-ին կէ­­տով (3 դրո­­ւագ)։ 07.09.2021 թո­­ւակա­­նին Ա. Յով­­սէ­­­փեանը ձեր­­բա­­­կալո­­ւած է։

Քրէական գոր­­ծի շա­­հերէն ել­­լե­­­լով՝ առա­­ւել ման­­րա­­­մասն տե­­ղեկա­­տուու­­թիւն լրա­­ցու­­ցիչ կը հրա­­պարա­­կուի նա­­խաքննու­­թեան ըն­­թացքին։

Երե­­ւանի ընդհա­­նուր իրա­­ւասու­­թեան դա­­տարա­­նի դա­­տաւոր Մնա­­ցական Մար­­տի­­­րոսեանը բա­­ւարա­­րած է ՅՔԾ քննի­­չի միջ­­նորդու­­թիւնը ու ՀՀ նախ­­կին գլխա­­ւոր դա­­տախազ, ՔԿ նախ­­կին նա­­խագահ Աղո­­ւան Յով­­սէ­­­փեանը կա­­լանա­­ւորե­­լու որո­­շում կա­­յացու­­ցած։ Այս մա­­սին «Փաս­­տինֆոե-ի հետ զրոյ­­ցի ժա­­մանակ յայտնած է փաս­­տա­­­բան Սա­­սուն Ռա­­ֆայէ­­լեանը՝ նշե­­լով, որ դա­­տարա­­նի որո­­շումն ստա­­նալէ ետք, պի­­տի ներ­­կա­­­յացո­­ւի վե­­րաքննիչ բո­­ղոք։

Աղո­­ւան Յով­­սէ­­­փեանը ձեր­­բա­­­կալո­­ւած է 7 Սեպ­­տեմբե­­րի առա­­ւօտեան՝ 1,5 տա­­րի առաջ յա­­րու­­ցո­­­ւած քրէական գոր­­ծի շրջա­­նակէն ներս։

Ըստ Յա­­տուկ Քննչա­­կան ծա­­ռայու­­թեան՝ 68-ամեայ Յով­­սէ­­­փեանը, որ 2004-էն մին­­չեւ 2018 թո­­ւական­­նե­­­րու ըն­­թացքին զբաղ­­ցուցած է նախ գլխա­­ւոր դա­­տախա­­զի, ապա Քննչա­­կան կո­­միտէի նա­­խագա­­հի պաշ­­տօննե­­րը, օրի­­նակա­­նացու­­ցած է աւե­­լի քան 1 մի­­լիառ 300 մի­­լիոն դրամ, մաս­­նակցած է ձեռ­­նարկա­­տիրա­­կան գոր­­ծունէու­­թիւն իրա­­կանաց­­նող շարք մը ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու կա­­ռավար­­ման, ստա­­ցած է առանձնա­­պէս խո­­շոր չա­­փերով՝ 190 մի­­լիոն դրամ կա­­շառք եւ խար­­դա­­­խու­­թեամբ յափշտա­­կած է 800 մի­­լիոն դրամ գոյք։ Յով­­սէ­­­փեանին մե­­ղադ­­րանք առա­­ջադ­­րո­­­ւած է ՀՀ ՔՕ 310-րդ յօ­­դուա­­ծով, 311-րդ յօ­­դուա­­ծի 4-րդ մա­­սի 2-րդ կէ­­տով, 178-րդ յօ­­դուա­­ծի 3-րդ մա­­սի 1-ին կէ­­տով եւ 190-րդ յօ­­դուա­­ծի 3-րդ մա­­սի 1-ին կէ­­տով (3 դրո­­ւագ)։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ