Կարօ Փայլան՝ 6-7 Սեպտեմբերի եւ Մալաթիոյ եկեղեցւոյ մասին

6-7 Սեպ­տեմբեր 1955 թո­ւին Պոլ­սոյ եւ Թուրքիոյ այլ քա­ղաք­նե­րուն մէջ գլխա­ւորա­բար ­յոյն, հայ եւ հրեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ուղղեալ յար­ձա­կումնե­րը ան­գամ մը եւս նշո­ւեցան դէպ­քե­րու 66-րդ տա­րեդար­ձի առ­թիւ։ Բազ­մա­թիւ հե­ռուստա­կայան­ներ իրենց հա­ղոր­դումնե­րով խնդի­րը օրա­կար­գի բե­րին։ Տե­ղի ու­նե­ցան բազ­մա­թիւ քննար­կումներ, որոնց ըն­թացքին զա­նազան ատե­նախօս­ներ երկրի խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն ուղղեալ այդ դա­ւադ­րութիւննե­րը հա­մարե­ցին մարդկու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծութիւն։ Տրո­ւած ըլ­լա­լով որ պատ­ժա­կան օրէն­քը կը մեր­ժէ մարդկու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու պա­րագա­յին դա­տական հար­ցաքննու­թեան հա­մար ժամ­կէ­տի հե­տապնդու­մը, պա­հան­ջե­ցին որ դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւնով հար­ցաքննո­ւին կա­տարո­ւած վայ­րա­գու­թիւննե­րը։ Նոյն բո­վանդկու­թեամբ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Տի­յար­պե­քիրի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան ալ խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն առա­ջար­կեց 6-7 Սեպ­տեմբե­րի պա­տահար­նե­րու հար­ցաքննու­մը խորհրդա­րանի եր­դի­կին տակ։ «Ես նա­խորդ տա­րինե­րուն ալ 6-7 Սեպ­տեմբե­րին բե­րած եմ նոյն առա­ջար­կը որ ընդմիշտ մեր­ժուած է Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում ու Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թիւննե­րու պատ­գա­մաւոր­նե­րու ձայ­նե­րով»։

Փայ­լա ն նոյն ամ­պիոնէն օրա­կար­գի բե­րաւ նաեւ Մա­լաթիոյ Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ խնդի­րը, հարցնե­լով թէ տեղ­ւոյն իշ­խա­նու­թիւննե­րը ին­չո՞ւ հա­մար եկե­ղեցին չեն փո­խան­ցած իր բուն տի­րոջ եւ գո­հացած են տա­րին մէկ ան­գամ միայն պաշ­տա­մունք կա­տարե­լու ար­տօ­նու­թիւնով։ Փայ­լան այս մա­սին կա­տարած դի­մու­մին մէջ յստա­կօրէն պա­հան­ջած է այս պատ­մա­կան տա­ճարի սե­փակա­նու­թիւնը եւ առար­կած է կա­տարո­ւած­նե­րուն դէմ։

Այստեղ հարկ է նշել թէ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը Արամ Արք. Աթէ­շեանի փո­խանոր­դութեան շրջա­նին բազ­միցս ար­տա­յայ­տած է այն կար­ծի­քը ըստ որու ներ­կայ պայ­մաննե­րուն մէջ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը ի վի­ճակի չէ գա­ւառի մէջ իրեն պատ­կա­նող որե­ւէ կա­լուա­ծի պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը ստանձնե­լու։ Արամ Արք. Այս ըսե­լու պա­հուն կը շեշ­տէր այդ տա­րածքնե­րու մէջ եկե­ղեցիէն օգ­տո­ւելիք հայ հա­մայնքի մը բա­ցակա­յութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ