Հրանդ Տինքի անուան 13-րդ մրցանակաբաշխում

Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակը ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն այս տա­րի ալ իր դափ­նե­կիրը կը գտնէ «Ակօս»ի հտմնա­դիր Հրանդ Տին­քի ծննդեան օրը՝ 15 Սեպ­տեմբե­րին։ Առա­ջին ան­գամ ան­ցեալ տա­րի մրցա­նակա­տուու­չութիւն կա­յացած էր առ­ցանց դրու­թեամբ, որը կա­րելի էր յա­ջողած հա­մարել շնոր­հիւ աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րէն բազ­մա­թիւ հե­տեւող­նե­րու։

Այս տա­րի դար­ձեալ մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը կը կա­յանայ առ­ցանց դրու­թեամբ եւ կը յայ­տա­րարո­ւին 2021 թո­ւակա­նի դափ­նե­կիր­նե­րը։ Ինչպէս ծա­նօթ է, մի­ջազ­գա­յին դա­տակազ­մը կ՚ու­սումնա­սիրէ տա­րուայ ըն­թացքին առա­ջար­կո­ւած անուննե­րը հե­տապնդե­լով անոնց մար­դա­սիրա­կան առա­քելու­թիւնը։ Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի մէ­կը Թուրքիայէն, իսկ միւսը աշ­խարհի որե­ւէ մէկ ան­կիւնէն ան­հատ մը կամ կազ­մա­կեր­պութիւն մը կը ներ­կա­յացո­ւին իբ­րեւ տո­ւեալ տա­րուայ յաղ­թո­ղը։ Թեկ­նա­ծու­նե­րու պա­րագա­յին նա­խապա­տուու­թիւն կը տրո­ւի մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան խնդրին մէջ զա­նազան վտանգներ յանձն առ­նե­լով պայ­քա­րող եւ այդ պայ­քարնե­րու ըն­թացքին իր սե­փական կեան­քը վտան­գե­լու մէջ ան­վա­րան կամք դրսե­ւորող գոր­ծիչնե­րը։

15 Սեպ­տեմբե­րին երե­կոյեան ժա­մը 20.00 մեկ­նարկող մի­ջոցառ­ման կա­րելի է հե­տեւիլ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի YouTube, Facebook, twitter, instegram հա­շիւ­նե­րէն կամ հիմ­նարկի կայ­քէջէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ