«Ատէն»՝ ողջունելի առաջին գործ մը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Գրա­­կանու­­թիւն կո­­չուած հսկայ դաշ­­տին կա­­րեւո­­­րագոյն հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը կը կազ­­­մէ ման­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թիւնը։ Հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս պա­­­շարուած են զա­­­նազան պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւննե­­­րով։ Պար­­­տա­­­­­­­ւոր են լե­­­զուն ճիշդ գոր­­­ծա­­­­­­­ծելու։ Պի­­­տի յար­­­գեն քե­­­րակա­­­նու­­­թեան կա­­­նոնննե­­­րը։ Որ կար­­­ծիքն ալ ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեն, պի­­­տի ու­­­զեն հա­­­մոզիչ ըլ­­­լալ իրենց ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն դի­­­մաց։

Ման­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թեան պա­­­րագա­­­յին, այս ընդհա­­­նուր պայ­­­մաննե­­­րուն վրայ կու գայ աւել­­­նա­­­­­­­լու մի այլ գոր­­­ծօն, որն է դաս­­­տիարա­­­կիչ ըլ­­­լալ։ Տրո­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լով թէ հսկա­­­յական տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն մը կայ չա­­­փահա­­­սի եւ ան­­­չա­­­­­­­փահա­­­սի ըն­­­կալման եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն մի­­­ջեւ, ման­­­կա­­­­­­­կան պա­­­տումներ գրող­­­նե­­­­­­­րը ինքնա­­­բերա­­­բար պի­­­տի ստանձնեն նաեւ ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժի դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւնը։

Մե­­­ծագոյն վտան­­­գը կը ծա­­­գի երբ գրո­­­ղը փո­­­խանակ մա­­­նուկ ըն­­­թերցո­­­ղի հա­­­մար հե­­­տաքրքրա­­­կան ու զո­­­ւար­­­ճա­­­­­­­լի տե­­­սարան մը բնու­­­թագրե­­­լու, կը տա­­­րուի ձանձրա­­­ցու­­­ցիչ խրա­­­տատո­­­ւի մը դիր­­­քին։

Երի­­­տասարդ գրող Սա­­­րին Պայ­­­րամ իր հե­­­ղինա­­­կած «Ատէն» անուն գիր­­­քին մէջ յա­­­ջողած է այդ ծու­­­ղա­­­­­­­կին առանց մատ­­­նո­­­­­­­ւելու, հա­­­ճելի պա­­­տումներ հա­­­մադ­­­րել իր նո­­­րահ­­­րատ գրքին մէջ։ Ատէն եօթ­­­նա­­­­­­­մեայ աղջնակ մըն է, որ ման­­­կա­­­­­­­կան դա­­­տողու­­­թիւննե­­­րով կը փոր­­­ձէ կեան­­­քը ըն­­­կա­­­­­­­լել։ Կ՚ու­­­զէ կա­­­տուի մը տի­­­րանալ։ Ծնող­­­քը զինք կը հա­­­մոզեն փո­­­խանակ կեն­­­դա­­­­­­­նի կա­­­տուի մը, այլ խա­­­ղալիք կա­­­տուով մը գո­­­հանա­­­լու։ Նախ կը փոր­­­ձէ հա­­­մակեր­­­պիլ այս փոքր ձեռքբե­­­րու­­­մին, բայց ապա շու­­­տով կը գու­­­շա­­­­­­­կէ խա­­­ղալի­­­քի եւ կեն­­­դա­­­­­­­նի էակի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Ու­­­շագրաւ էր յատ­­­կա­­­­­­­պէս այն հա­­­տուա­­­ծը, ուր Ատէն կը մեր­­­ժէ կրթա­­­կան հա­­­մակար­­­գի թե­­­լադ­­­րած մրցակ­­­ցութիւ­­­նը եւ դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով լռու­­­թիւն կը պա­­­հէ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը իրեն ծա­­­նօթ հար­­­ցումին դի­­­մաց։ Չու­­­զէր ամե­­­նամօտ ըն­­­կե­­­­­­­րոջ՝ Արա­­­սի պար­­­տութիւ­­­նով յաղ­­­թա­­­­­­­նակ տա­­­նիլ։

Հրշէ­­­ջը իր աչ­­­քա­­­­­­­ռու կար­­­միր զգես­­­տով եւ յա­­­տուկ սու­­­լո­­­­­­­ցով օժ­­­տո­­­­­­­ւած ինքնա­­­շար­­­ժով հմա­­­յիչ է բո­­­լոր մա­­­նուկնե­­­րուն հա­­­մար։ Բայց ահա յան­­­կարծ նոր կա­­­ղապա­­­րուած կան­­­խա­­­­­­­կար­­­ծիք մը։ «Աղ­­­ջիկնե­­­րը հրշէջ չեն ըլ­­­լար»։ Հա­­­մակեր­­­պի՞լ այդ կարծրա­­­տիպին, թէ ոչ յա­­­մառիլ նա­­­խասի­­­րու­­­թեան մէջ։ Հոս եւս Ատէն ճիշդ կողմնո­­­րոշու­­­մով կը ներ­­­կա­­­­­­­յանայ ու դպրո­­­ցական հան­­­դէ­­­­­­­սին հրշէ­­­ջի տա­­­րազով մաս­­­նակցե­­­լով կը տա­­­պալէ կան­­­խա­­­­­­­կար­­­ծի­­­­­­­քը։

Բաւ է որ եր­­­կար տա­­­րիներ փա­­­ռաբա­­­նեցինք հնա­­­զան­­­դութիւ­­­նը։ Այժմ յոյ­­­սը պի­­­տի կա­­­պենք այն սե­­­րունդին, որ փո­­­խանակ հնա­­­զան­­­դե­­­­­­­լու, պի­­­տի պա­­­հան­­­ջէ հասկնալ ու գի­­­տակ­­­ցիլ։ Պի­­­տի ոտ­­­նա­­­­­­­կոխէ սե­­­ռային խտրա­­­կանու­­­թե­­­­­­­նէ բխած կարծրա­­­տիպե­­­րը եւ այդ ոգիով պի­­­տի կեր­­­տէ սե­­­փական ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թիւնը։

Սա­­­րին Պայ­­­րա­­­­­­­մի կեր­­­տած Ատէ­­­նի կեր­­­պա­­­­­­­րը այս յատ­­­կութիւննե­­­րով կու գայ նոր ու ար­­­դի ըն­­­կա­­­­­­­լումնե­­­րու ճամ­­­բայ բա­­­նալու։

Դաս­­­տիարակ­­­չա­­­­­­­կան մտադ­­­րութեամբ գրո­­­ւած ման­­­կա­­­­­­­կան հէ­­­քիաթ­­­նե­­­­­­­րու կա­­­րեւոր խնդիր­­­նե­­­­­­­րէն մէկն ալ կը գո­­­յանայ գրա­­­կան լե­­­զուի մար­­­մա­­­­­­­ջէն։ Եթէ հիմ­­­նա­­­­­­­կան նպա­­­տակը ըն­­­թերցո­­­ղին մատ­­­չե­­­­­­­լի ըլ­­­լալն է, պար­­­տինք նա­­­խընտրել առտնի խօ­­­սակ­­­ցա­­­­­­­կան պարզ լե­­­զուն, փո­­­խանակ ան­­­հասկնա­­­լի բա­­­ռամ­­­թերքով պա­­­տանի ըն­­­թերցո­­­ղի ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մը դժո­­­ւարաց­­­նե­­­­­­­լէ։ «Ատէն» այս առու­­­մով ալ յա­­­ջող օրի­­­նակ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով կը ներ­­­կա­­­­­­­յանայ։

Ման­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­կանու­­­թեան ան­­­մի­­­­­­­ջական լրա­­­ցու­­­ցիչն է նկա­­­րազար­­­դումը։ Վոլ­­­քան Վահ­­­րամ Եարը­­­ճը ար­­­ժա­­­­­­­նի կեր­­­պով գլուխ հա­­­նած է այր առա­­­քելու­­­թիւնը։ Գրքի բո­­­լոր էջե­­­րը զար­­­դա­­­­­­­րուած են պա­­­տու­­­մին հա­­­մապա­­­տաս­­­խան նկար­­­նե­­­­­­­րով, ալ աւե­­­լի գրա­­­ւիչ դարձնե­­­լով այս հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնը։

Ու­­­սուցչաց Հիմ­­­նարկի մե­­­կենա­­­սու­­­թեամբ հրա­­­տարա­­­կուած «Ատէն» ձրիաբար տրա­­­մադ­­­րո­­­­­­­ւած է հա­­­մապա­­­տախան տա­­­րիքի երա­­­խանե­­­րու ըն­­­թերցման, հա­­­մայնքա­­­յին դպրոց­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջոցաւ։

Ող­­­ջունե­­­լու ար­­­ժա­­­­­­­նի առա­­­ջին գործ մը կայ մեր դի­­­մաց, որուն հա­­­մար շնոր­­­հա­­­­­­­ւորու­­­թեան ար­­­ժա­­­­­­­նի են Սա­­­րին Պայ­­­րա­­­­­­­մը, Վոլ­­­քան Վահ­­­րամ Եարը­­­ճըն եւ Ու­­­սուցչաց Հիմ­­­նարկը։

Այս հանգրո­­­ւանին պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւն կը վի­­­ճակի հայ դպրոց­­­նե­­­­­­­րու ման­­­կա­­­­­­­վարժնե­­­րուն եւ ծնո­­­ղաց, այս ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնը իր ըն­­­թերցո­­­ղին մա­­­տու­­­ցե­­­­­­­լու գոր­­­ծին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ