Լիբանանահայ հրատարակչատուները այսօր

ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ

(Տարբերակ21)

Լի­բանա­­նահայ գրե­­թէ բո­­լոր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն նման, հայ­­կա­­­կան հրա­­տարակ­­չա­­­տուն-տպա­­րան­­նե­­­րը կ՚ապ­­րին տագ­­նա­­­պալի օրեր, որոնք ոչ միայն կա­­պուած են վեր­­ջին եր­­կու տա­­րինե­­րու տնտե­­սական եւ առող­­ջա­­­պահա­­կան ցնցումնե­­րուն, այ­­լեւ բա­­ւական ետ եր­­թա­­­լով՝ ընդհան­­րա­­­պէս նա­­հան­­ջի նշան­­ներ սկսած են ցոյց տալ 90-ական թո­­ւական­­նե­­­րէն սկսեալ, բա­­ցի Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսու­­թեան հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նէն, որ կը շա­­րու­­նա­­­կէ գրե­­թէ բնա­­կանոն գոր­­ծել։

Կար ժա­­մանակ, երբ Լի­­բանա­­նի մէջ կը գոր­­ծէին բազ­­մա­­­տաս­­նեակ հայ հրա­­տարակ­­չա­­­տուն-տպա­­րան­­ներ, որոնց մեծ մա­­սը այ­­սօր դադ­­րած է գոր­­ծե­­­լէ։ Այ­­սօր մա­­տի վրայ կը հա­­շուըուին հայ­­կա­­­կան տպա­­րան­­նե­­­րը, որոնց իրա­­վիճա­­կին եւ դի­­մագ­­րա­­­ւած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն մա­­սին է մեր հե­­տաքննա­­կան այս յօ­­դուա­­ծը։ Վստա­­հաբար, կը գոր­­ծեն նաեւ հայ­­կա­­­կան այլ տպա­­րան­­ներ կամ հաս­­տա­­­տու­­թիւններ, որոնք տպագ­­րա­­­կան գոր­­ծեր կը ստանձնեն, բայց այս գրու­­թեան նպա­­տակը չէ գոր­­ծող բո­­լոր տպա­­րան­­նե­­­րուն անուննե­­րը նշել, այլ որոշ պատ­­կեր մը փո­­խան­­ցել այս մար­­զին մէջ տի­­րող պայ­­մաննե­­րուն մա­­սին։

Առ այդ, տե­­սակ­­ցութիւններ ու­­նե­­­ցանք Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսու­­թեան հրա­­տարակ­­չա­­­տան, Շի­­րակ հրա­­տարակ­­չա­­­տուն-տպա­­րանին, Հա­­մազ­­գա­­­յինի «Վա­­հէ Սէ­­թեան» տպա­­րան-հրա­­տարակ­­չա­­­տան եւ Կ. Տօ­­նիկեան եւ Որ­­դիք հրա­­տարակ­­չա­­­տան հետ, որոնք ապ­­րած են լի­­բանա­­նահայ գիր­­քի փառ­­քի օրե­­րը եւ այս կամ այն ձե­­ւով կը շա­­րու­­նա­­­կեն գո­­յատե­­ւել ու յա­­րատե­­ւել։

Հայ տպա­­րան, հայ գիրք եւ հայ ըն­­թերցող եռեակը սեր­­տօ­­­րէն առնչո­­ւած են իրա­­րու եւ տպա­­րան-հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րու նո­­ւիրո­­ւած քննա­­կան այս ակ­­նարկին ընդմէ­­ջէն պի­­տի նկա­­տենք, թէ որ­­քա՛ն նա­­հան­­ջի մէջ է հայ ըն­­թերցո­­ղին թի­­ւը, եւ շու­­կա­­­յական հաս­­կա­­­ցողու­­թեամբ, այդ նո­­ւազու­­մին հե­­տեւան­­քով է որ մեր հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րը կա­­մաց-կա­­մաց կը վե­­րածո­­ւին սոսկ առեւտրա­­կան տպա­­րան­­նե­­­րու՝ առանց անհրա­­ժեշ­­տօ­­­րէն ան­­շուշտ հայ պի­­տակը կրե­­լու։ «Նախ ըն­­թերցող­­ներ գրե­­թէ չկան Լի­­բանա­­նի մէջ։ Սու­­րիոյ պա­­տերազ­­մը պատ­­ճառ եղաւ, որ հոն ալ շու­­կան լման կե­­նայ։ Ի տես այս բո­­լորին, որո­­շեցինք դադ­­րեցնել մեր հրա­­տարակ­­չա­­­կան բա­­ժինը եւ շա­­րու­­նա­­­կել միայն իբ­­րեւ տպա­­րան եւ գրա­­խանութ», ըսաւ Կ. Տօ­­նիկեան եւ Որ­­դիք հրա­­տարակ­­չա­­­տան սե­­փակա­­նատէր Կի­­րակոս Տօ­­նիկեան՝ խտաց­­նե­­­լով տագ­­նա­­­պին էու­­թիւնը։

80-ական­­նե­­­րէն ետք

Հա­­մազ­­գա­­­յինի տպա­­րանը 1931-էն ի վեր կը ծա­­ռայէ հայ գի­­րին եւ դպրու­­թեան։ Նոյնն է պա­­րագան Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսու­­թեան տպա­­րանին, որ 1932- էն ի վեր դար­­ձած է փա­­րոս մը հայ գիր­­քին եւ գրա­­կանու­­թեան։ Ի դէպ, գաղտնիք չէ որ 90-ական թո­­ւական­­նե­­­րը կը նկա­­տուին ան­­կիւնա­­դարձ մը լի­­բանա­­նահայ տպագ­­րութեան պատ­­մութեան մէջ՝ զու­­գա­­­հեռա­­բար ար­­հեստա­­գիտու­­թեան զար­­գացման եւ, այսպէս ասած, ըն­­թերցա­­սիրու­­թեան նա­­հան­­ջին։

«1952-ին, երբ հայրս իր սե­­փական տպա­­րանը հիմ­­նած է՝ սկսած է տպել եր­­գա­­­րան­­ներ, բա­­ռարան­­ներ եւ հե­­տագա­­յին գիր­­քեր։ Այդ օրե­­րուն մար­­դիկ կը կար­­դա­­­յին։ Տպա­­րանը միայն հա­­յերէն կը տպէր», ըսաւ Շի­­րակ հրա­­տարակ­­չա­­­տուն-տպա­­րանին տնօ­­րէնը՝ Վի­­գէն Հան­­նէ­­­սեան։ Հրա­­տարակ­­չա­­­կան այս աշ­­խա­­­տան­­քը կը շա­­րու­­նա­­­կուի մին­­չեւ քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մին սկիզ­­բը եւ ան­­կէ ետք, բայց ոչ նոյն թա­­փով։ 86-ին, Շի­­րակ տպա­­րանը կ՚այ­­րի թա­­ղային կռիւ­­նե­­­րու պատ­­ճա­­­ռով։ «Քա­­նի մը տա­­րի գոց մնաց։ 91-ին, երբ խա­­ղաղու­­թիւն հաս­­տա­­­տուե­­ցաւ, հայրս փա­­փաքե­­ցաւ, որ իր գոր­­ծը շա­­րու­­նա­­­կեմ, բայց տրո­­ւած ըլ­­լա­­­լով, որ թէ՛ գա­­ղու­­թը, թէ ալ աշ­­խարհը փո­­խուած էր, միայն գիրք տպե­­լը, հրա­­տարակ­­չա­­­կան գործ ընե­­լը չէր կրնար տպա­­րանը կան­­գուն պա­­հել։ Երբ վե­­րաբա­­ցինք, իմ ծրա­­գիրս եղաւ առեւտրա­­կան տպագ­­րութեան ուժ տալ եւ առաջ­­նա­­­հերթ նկա­­տել զայն։ Առաջ ալ առեւտրա­­կան տպագ­­րութիւններ կ’ընէինք, միայն 20%-ով, մնա­­ցեալը հայ գիրք, եր­­գա­­­րան, պար­­բե­­­րաթերթ, միու­­թիւննե­­րու յայ­­տա­­­գիր­­ներ կը տպէինք։ Ճիշդ հա­­կառակ հա­­մեմա­­տու­­թեամբ կ՚աշ­­խա­­­տինք հի­­մա», բա­­ցատ­­րեց Հան­­նէ­­­սեան։

Թէեւ առեւտրա­­կան թե­­քու­­մով, Շի­­րակ կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր հրա­­տարակ­­չա­­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րը։ 1992-էն սկսեալ կը վե­­րահ­­րա­­­տար­­կէ այն գիր­­քե­­­րը, որոնք այ­­րած էին հրդե­­հին։ Շի­­րակ եր­­գա­­­րան­­նե­­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կեն լոյս տես­­նել։ Սա­­կայն կը դադ­­րի նա­­խաձեռ­­նող ըլ­­լա­­­լէ եւ հայ գիր­­քեր կը տպէ միայն պա­­տուէր­­նե­­­րով՝ ան­­հատ հե­­ղինակ­­նե­­­րէ եւ հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րէ։ (Շի­­րակ հրա­­տարակ­­չա­­­տուն-տպա­­րանէն 1992-էն մին­­չեւ այ­­սօր լոյս տե­­սած հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու ցան­­կը տես­­նել յօ­­դուա­­ծին յա­­ւելո­­ւածին մէջ)։

«Ես 1924-էն ի վեր գոր­­ծող այս հաս­­տա­­­տու­­թեան միացայ 1986-ին, երբ տա­­կաւին հա­­մալ­­սա­­­րանի ու­­սա­­­նող էի։ 1986-87-88 տա­­րինե­­րը շատ լաւ էին։ Բա­­ւական գոր­­ծեր վե­­րահ­­րա­­­տարա­­կեցինք։ 3000-5000 տպա­­քանա­­կով գոր­­ծեր կը տպէինք, կը սպա­­ռէին, նո­­րէն կը տպէինք. օրի­­նակ, Անդրա­­նիկ Ծա­­ռու­­կեանի գոր­­ծե­­­րը, ինչպէս՝ «Ման­­կութիւն Չու­­նե­­­ցող Մար­­դիկ»ը, կրնամ ըսել մեր best seller նե­­րէն է 40.000 օրի­­նակով», ըսաւ Կ. Տօ­­նիկեան եւ Որ­­դիք հրա­­տարակ­­չա­­­տան սե­­փակա­­նատէր Կի­­րակոս Տօ­­նիկեան՝ աւելցնե­­լով. «90-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն երբ վա­­ճառ­­քը սկսաւ տկա­­րանալ եւ մեր մթե­­րանոց­­նե­­­րը սկսան լե­­ցուիլ, տե­­սանք որ լու­­ծումը քա­­նակ­­նե­­­րու նո­­ւազու­­մին մէջն է, եւ իջանք 1000-ի։ 95-էն յե­­տոյ աւե­­լի կա­­ղալու սկսանք։ Միայն բա­­ռարան­­նե­­­րուն թի­­ւը նոյ­­նը պա­­հեցինք, բայց գրա­­կան­­նե­­­րուն վրայ պա­­հանջ չկար։ Հի­­մա չա­­փազանց տկար է»։

Միայն գրա­­կան գիր­­քե­­­րու վա­­ճառ­­քը չէ որ ան­­կում կ’ար­­ձա­­­նագ­­րէ, այլ մտա­­հոգիչ է նաեւ դա­­սագիր­­քե­­­րու պա­­րագան, ինչպէս բա­­ցատ­­րեց Հա­­մազ­­գա­­­յինի «Վա­­հէ Սէ­­թեան» տպա­­րանի տնօ­­րէն Յա­­կոբ Հա­­ւաթեան. «դա­­սագիր­­քե­­­րու պա­­րագա­­յին, դժբախ­­տա­­­բար մեր հիմ­­նա­­­կան եկա­­մուտնե­­րէն մէկն է, բայց այ­­սօր մեր եւ արեւմտեան աշ­­խարհի դպրոց­­նե­­­րու հա­­յերէ­­նագի­­տական մա­­կար­­դակնե­­րուն մի­­ջեւ հսկա­­յական տար­­բե­­­րու­­թիւն կայ։ Մեր գիր­­քե­­­րը շատ հա­­զուա­­գիւտ դպրոց­­նե­­­րու մէջ կը կի­­րար­­կո­­­ւին։ Անոնք իրենց կա­­րիք­­նե­­­րէն մեկ­­նե­­­լով պատ­­շա­­­ճեցումներ կ՚ընեն եւ իրենց դա­­սագիր­­քե­­­րը կը պատ­­րաստեն։ Օրի­­նակ, «Փոք­­րիկ Անին» դա­­սագիր­­քը, որ եթէ 70-ական թո­ւական­­նե­­­րուն կը սպա­­ռէր տա­­րեկան 5000 օրի­­նակով, 80-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն՝ 3500 տպա­­քանա­­կով, 90-ական­­նե­­­րուն իջաւ 1500-ի, 2000-ական՝ 1000-ի, հի­­մա ար­­դէն 500-ի սահ­­մաննե­­րուն մէջ է»։

Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսու­­թեան հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը, տպա­­րանը 90-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն կ’ապ­­րի ար­­հեստա­­գիտա­­կան զար­­գա­­­ցում մը, երբ ար­­հեստա­­գիտու­­թեան ըն­­ձե­­­ռած դիւ­­րութիւննե­­րը շատ աւե­­լի մատ­­չե­­­լի կը դարձնեն գիր­­քի մը հրա­­տարա­­կու­­թիւնը, սրբագ­­րութիւ­­նը եւ վե­­րասրբագ­­րութիւ­­նը։ «90-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն, սա­­կայն, սկսաւ տպա­­քանա­­կը պակ­­սիլ։ 80-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն, երբ հա­­տոր մը 1000-2000 օրի­­նակով կը տպո­­ւէր, հի­­մա այ­­լեւս չենք հա­­մար­­ձա­­­կիր 1000 օրի­­նակով գիրք տպել։ Հի­­մա 500-700 օրի­­նակ կը տպենք, եւ կա­­րեւոր մաս մը կը տրո­­ւի հե­­ղինակ­­նե­­­րուն։ Գիր­­քե­­­րու թի­­ւը պակ­­սե­­­ցաւ եւ տպա­­քանա­­կը պակ­­սե­­­ցաւ, սա­­կայն ֆոն­­տե­­­րը կ՚աշ­­խա­­­տին նոյն թա­­փով», ըսաւ Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսա­­րանի դի­­ւանա­­պետը՝ Խա­­չիկ Տէ­­տէեան։

«Պէտք է ըն­­դունիլ, որ այ­­սօ­­­րուան աշ­­խարհին մէջ, նոյ­­նիսկ արեւ­­մուտքի մէջ, կա­­րելի է գործ մը լոյս ըն­­ծա­­­յել որե­­ւէ տպա­­րանի մէջ։ Ամե­­րիկա նստած հայ գրող մը այ­­լեւս պէտք չու­­նի իր գիր­­քը ան­­պայման Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսա­­րանին մէջ տպե­­լու։ Նոյ­­նը որե­­ւէ եւ­­րո­­­պական քա­­ղաքի մէջ, կրնայ ինքն իր տպա­­րանը գտնել։ Միակ առա­­ւելու­­թիւնը այն է, որ երբ Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսու­­թեան հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նէն լոյս կը տես­­նէ, իսկ եթէ առա­­ւել՝ ֆոն­­տով մը կը հրա­­տարա­­կուի, ատի­­կա ըսել է որ իր գոր­­ծը աւե­­լի բծախնդիր (վե­­րասրբագ­­րո­­­ւած, վե­­րըն­­թերցո­­ւած) հրա­­տարա­­կու­­թիւն է, որ խո­­ցելի չէ։ Նաեւ գրա­­տարա­­ծու­­թեան կը նպաս­­տէ», նշեց Տէ­­տէեան։

Հրա­­տարակ­­չա­­­կան
նա­­խաձեռ­­նութիւններ

Թէեւ իբ­­րեւ թիւ ու տպա­­քանակ, հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը ան­­կում կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րեն լի­­բանա­­նահայ իրա­­կանու­­թեան մէջ, սա­­կայն ան­­հա­­­տական պա­­տուէր­­ներ եւ հիմ­­նադրամ­­նե­­­րու նա­­խաձե­­ռու­­թիւննե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կուին որոշ թա­­փով՝ մաս­­նա­­­ւորա­­բար Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսա­­րանի տպա­­րանին պա­­րագա­­յին։ «90–ական թո­­ւական­­նե­­­րէն վերջ եւ մա­­նաւանդ Արամ Ա. կա­­թողի­­կոսի գա­­հակա­­լու­­թեան շրջա­­նին, գրա­­կան հիմ­­նադրամ­­նե­­­րուն թի­­ւը բարձրա­­ցաւ։ «Գէորգ Մե­­լիտի­­նեցի» գրա­­կան մրցա­­նակին միացաւ «Խա­­չիկ Պա­­պիկեան» հրա­­տարակ­­չա­­­կան հիմ­­նադրա­­մը, որ կը մի­­տէր վե­­հափա­­ռին իսկ մտա­­ծու­­մով եւ ծրագ­­րումով հայ քա­­ղաքա­­կան մտքի, հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան, սփիւռքա­­գիտու­­թեան եւ ցե­­ղաս­­պա­­­նագի­­տու­­թեան եւ ներ­­կայ ժա­­մանակ­­նե­­­րու Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­կան հո­­լովոյ­­թին նո­­ւիրո­­ւած գիր­­քե­­­րու հրա­­տարա­­կու­­թեան եւ ու­­նի իր առան­­ձին յանձնա­­խումբը, ինչպէս որ «Մե­­լիտի­­նեցի»ն ու­­նի։ Ապա աւել­­ցաւ «Ռիթ­­չըրտ եւ Թի­­նա Գա­­րոլայն» հրա­­տարակ­­չա­­­կան հիմ­­նադրա­­նը, որ կը մի­­տէր աւե­­լի երի­­տասարդ գրող­­նե­­­րու ներգրաւ­­ման», յայտնեց Տէ­­տէեան։ Այս ֆոն­­տե­­­րը մե­­ծապէս կը նպաս­­տեն, որ սփիւռքեան առու­­մով եւ ի մաս­­նա­­­ւորի արեւմտա­­հայե­­րէնով գրուած եւ դա­­սական ուղղագ­­րութեամբ գոր­­ծեր լոյս տես­­նեն Կա­­թողի­­կոսա­­րանի տպա­­րանէն։ «Ֆոն­­տե­­­րը կան, սա­­կայն հե­­ղինակ ու որա­­կաւոր գոր­­ծեր կը պակ­­սին։ Մե­­զի շատ գոր­­ծեր կը ներ­­կա­­­յացո­­ւին տա­­րեկան դրու­­թեամբ, որոնք ոչ բո­­լորն ալ հրա­­տարա­­կու­­թեան կ՚ար­­ժա­­­նանան», աւել­­ցուց ան։

Հա­­մազ­­գա­­­յինի տպա­­րանին պա­­րագա­­յին, Հա­­ւաթեան ամէ­­նէն աշ­­խուժ մար­­զը կը նկա­­տէ ման­­կա­­­կան հրա­­տարա­­կու­­թիւններն ու խա­­ղերը. «ման­­կա­­­կան գիր­­քե­­­րու, ման­­կա­­­կան խա­­ղերու պա­­հանջ կայ հոս եւ դուրսը։ Պա­­հան­­ջը մեծ է, որով­­հե­­­տեւ դուրսը հայ­­կա­­­կան դպրոց գա­­ցող չկայ։ Ծնող­­ներ միշտ կը փոր­­ձեն, յատ­­կա­­­պէս Լի­­բանա­­նի հետ տա­­կաւին առնչակ­­ցութիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րը, տան մէջ հա­­յերէն գիրք պա­­հել, բայց գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան, ու­­սումնա­­սիրա­­կան, ակա­­դէմա­­կան հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու պա­­րագա­­յին, նոյ­­նը չէ։ Մենք կ՚ապա­­հովենք կնքա­­հայ­­րը, բայց նման գոր­­ծեր գրե­­թէ հա­­տավա­­ճառ չու­­նին։ Մաս մը կը յանձնո­­ւի հե­­ղինակ­­նե­­­րուն, իսկ մնա­­ցեալը կ՚ու­­ղարկո­­ւի նա­­խօրօք ճշդո­­ւած հաս­­ցէ­­­ներու», ըսաւ ան։

Ինչ կը վե­­րաբե­­րի Շի­­րակ տպա­­րանին, Հան­­նէ­­­սեան ըսաւ. «հրա­­տարակ­­չա­­­կան բաժ­­նով միայն մեր գիր­­քե­­­րը կը տպենք, որոնց ծախ­­սե­­­րը մենք կը հո­­գանք եւ ցրւու­­մը մեր մի­­ջոցով կ’ըլ­­լայ։ Մնա­­ցեալը միայն պա­­տուէ­­րով կ՚աշ­­խա­­­տինք»։

Գրա­­տարա­­ծու­­մը
մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րու դի­­մաց

Հայ գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թեան չափ եւ աւե­­լիով մար­­տահրա­­ւէր­­ներ կը դի­­մագ­­րա­­­ւէ գրա­­տարա­­ծու­­թեան մար­­զը՝ ծա­­նօթաց­­ման, տա­­րած­­ման եւ ցրւու­­մի մա­­կար­­դակնե­­րուն վրայ։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար այս մար­­զին մէջ զգա­­լի գոր­­ծակցու­­թիւն մը կը նշմա­­րուի լի­­բանա­­նահայ տպա­­րան­­նե­­­րուն մի­­ջեւ։ «Մենք մեր հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու ար­­տա­­­ծումնե­­րը Հա­­մազ­­գա­­­յինի ճամ­­բով կ՚ընենք, որ գրա­­տարած ու­­նի։ Մեր հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը, բա­­ռարան­­նե­­­րը, ման­­կա­­­կան գիր­­քե­­­րը, եր­­գա­­­րան­­նե­­­րը Հա­­մազ­­գա­­­յինի գրա­­տարա­­ծին մի­­ջոցով Ամե­­րիկա, Եւ­­րո­­­պա, Գա­­նատա կը ղրկենք։ Կը գոր­­ծակցինք», դի­­տել տո­­ւաւ Հան­­նէ­­­սեան։ «Մենք գրա­­տարած ենք, այո՛, մենք բո­­լորին հետ կ՚աշ­­խա­­­տինք։ Մենք այն քիչ հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րէն ենք, որ նաեւ stand ու­­նինք Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ», հաս­­տա­­­տեց Հա­­ւաթեան։

Հա­­մաս­­փիւռքեան առու­­մով, տա­­կաւին Լի­­բանա­­նը կը մնայ ամ­­բողջա­­կան իմաս­­տով հրա­­տարակ­­չա­­­կան կեդ­­րոն մը։ Հայ գիր­­քի վա­­ճառ­­քը սա­­կայն ընդհան­­րա­­­պէս վայ­­րէջք կ՚ապ­­րի եւ իբ­­րեւ փաստ կը նշո­­ւի գրա­­խանութնե­­րու նօս­­րացման երե­­ւոյ­­թը, սա­­կայն գրա­­տարած­­ման ճի­­գերը կը շա­­րու­­նա­­­կուին։ «Այ­­սօր մա­­տի վրայ կը հա­­շուըուին գրա­­խանութնե­­րը», ըսաւ Հա­­ւաթեան եւ աւել­­ցուց. «երկրորդ ձեւ մը կար, որ Հա­­մազ­­գա­­­յինի բջիջ­­նե­­­րը իրենք գրա­­տարած­­ման յանձնա­­խումբեր ըրած էին։ Լաւ էր ատեն մը, բայց այդ ալ ար­­դիւնք չի տար։ Մենք որո­­շեցինք ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ ճշդել իբ­­րեւ գործ, պա­­հես­­տա­­­ւոր­­ման թէ ցրւու­­մի հա­­մար, այս ձեւն ալ յա­­ջողու­­թիւն չու­­նե­­­ցաւ։ Դպրոց­­նե­­­րու շուրջ կը փոր­­ձենք դա­­սագիր­­քե­­­րէն ան­­կախ մթնո­­լորտ մը ստեղ­­ծել, նո­­րէն բան չ՚ստա­­ցուիր»։ (Հա­­մազ­­գա­­­յինի «Վա­­հէ Սէ­­թեան» տպա­­րանի 1990-էն աս­­դին հրա­­տարա­­կու­­թեանց թո­­ւային պատ­­կե­­­րը տես­­նել յօ­­դուա­­ծին յա­­ւելո­­ւածին մէջ)։

Գրա­­տարա­­ծու­­թեան ամէ­­նէն յա­­ջող լծա­­կը, լի­­բանա­­նահայ կեան­­քին մէջ, ցարդ հան­­դի­­­սացած է Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսա­­րանին կազ­­մա­­­կեր­­պած տա­­րեկան ցու­­ցա­­­հան­­դէս- վա­­ճառ­­քը, մաս­­նակցու­­թեամբ Լի­­բանա­­նի մէջ գոր­­ծող բո­­լոր հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րուն եւ գրա­­տու­­նե­­­րուն։ «Մեր տա­­րեկան վա­­ճառ­­քին մէջ կա­­րեւոր տեղ ու­­նէր մեր տա­­րեկան ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը, եւ մենք կ՚ու­­զէինք ամէն գնով այդ մէ­­կը յա­­ջողցնել, եւ ատի­­կա առիթ կ’ըլ­­լար, որ մօ­­տաւո­­րապէս տա­­սը հա­­զար գիրք սպա­­ռէր Լի­­բանա­­նի շու­­կա­­­յին մէջ՝ բո­­լոր հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րը միասին, որուն մէջ Կա­­թողի­­կոսա­­րանը ու­­նէր առիւ­­ծի բա­­ժինը՝ 3-4 հա­­զարով։ Ան­­շուշտ ման­­կա­­­պատա­­նեկան­­նե­­­րը կա­­րեւոր թիւ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէին վա­­ճառ­­քին մէջ, նաեւ՝ կրօ­­նագի­­տական նիւ­­թե­­­րը՝ աւե­­տարան­­ներ, կիպ­­րիանոս­­ներ։ Դժբախ­­տա­­­բար, վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակին, զգա­­լի դար­­ձած էր, որ գրա­­կան գիր­­քե­­­րու վա­­ճառ­­քը սկսած էր նո­­ւազիլ՝ ի հե­­ճուկս ման­­կա­­­պատա­­նեկան խտա­­ցուած գիր­­քե­­­րուն, բայց կրօ­­նագի­­տական գիր­­քե­­­րը միշտ ի պա­­տուի են», ըսաւ Տէ­­տէեան։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը, սա­­կայն, երկրին մէջ տի­­րող պայ­­մաննե­­րուն պատ­­ճա­­­ռով եր­­կու տա­­րիէ ի վեր տե­­ղի չ՚ու­­նե­­­նար։

«Մեր կա­­ցու­­թիւնը Կա­­թողի­­կոսա­­րանին մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը կը փրկէր։ Պատ­­կե­­­րացու­­ցէք որ 80-ական թո­ւական­­նե­­­րուն 40-50 արկղ գիր­­քե­­­րով կը մաս­­նակցէինք Կա­­թողի­­կոսա­­րանի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին։ Կը պակ­­սէր՝ նո­­րէն կը բե­­րէինք։ Այդ 3-4 օրե­­րը պատ­­մա­­­կան օրեր էին», վկա­­յակո­­չեց Տօ­­նիկեան։

Դէ­­պի առ­­ցա՞նց

Սփիւռքի այ­­լա­­­սերող եւ օտա­­րաց­­նող մթնո­­լոր­­տէն ան­­դին, ըն­­թերցա­­սիրու­­թեան տագ­­նա­­­պին պա­­ճառ­­նե­­­րէն կը նկա­­տուի հա­­մացան­­ցի օգ­­տա­­­գոր­­ծումը տե­­ղեկու­­թեան, խա­­ղերու կամ այլ զբա­­ղումնե­­րու հա­­մար։ Հոս կը ծա­­գի ար­­հեստա­­գիտու­­թեան հետ քայլ պա­­հելու անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը։ «Բնա­­կան է՝ այ­­սօ­­­րուան պայ­­մաննե­­րուն մէջ, առ­­ցանց դրու­­թեան հետ սկսած է շատ աւե­­լի առաջ եր­­թալ առ­­ցանց ըն­­թերցու­­մը, այ­­սինքն մենք ու­­նինք Կա­­թողի­­կոսա­­րանին Cilicia Bookstore կայ­­քին մէջ pdf տար­­բե­­­րակ­­ներ գնե­­լու կա­­րելիու­­թիւնը։ Եւ պի­­տի զար­­մա­­­նաք, երբ եր­­կու տա­­րի առաջ սկսանք եւ ար­­դէն մօ­­տաւո­­րապէս 100-125 հա­­տոր pdf տար­­բե­­­րակ­­ներ դրած ենք մէ­­ջը, որոնք կա­­րելի է գնել որե­­ւէ ժա­­մանակ եւ ներբռնել զա­­նոնք։ Այդ ալ հի­­մա զար­­գացման ըն­­թացքի մէջ է, բայց որ­­քա­­­նով պի­­տի կա­­րենանք մեր բո­­լոր հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը pdfի վե­­րածել, եր­­կար ժա­­մանակ կ՚ու­­զէ», նշեց Տէ­­տէեան։

««Գա­­լուստ Կիւլպէն­­կեան» հիմ­­նարկու­­թեան հո­­վանա­­ւորու­­թեամբ, մեր բո­­լոր հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը սկսած ենք յա­­տուկ appի վրայ զե­­տեղել եւ մին­­չեւ Մա­­յիս 2022, մեր հին ու նոր հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը կա­­րելի պի­­տի ըլ­­լայ բջի­­ջային­­նե­­­րու վրայ կար­­դալ՝ մատ­­չե­­­լի մի­­ջոց­­նե­­­րով։ Ասի­­կա չի փո­­խարի­­ներ տպո­­ւածը. մենք հա­­մոզո­­ւած ենք, որ պէտք է մնայ թուղթը», ըսաւ Հա­­ւաթեան։

Ըն­­թերցա­­սիրու­­թեա՞ն կամ
շու­­կա­­­յացու­­մի տագ­նապ

«Երբ կը ճամ­բորդես, օտար եր­կիրնե­րու մէջ կը տես­նես, որ տա­կաւին ըն­թերցա­նու­թիւն կայ. մեթ­րո­յին մէջ, պա­սին մէջ, հան­րա­յին պար­տէ­զին մէջ կը տես­նես որ մար­դիկ գիրք կը կար­դան, կը ցա­ւիս որ քովդ ին­չու սկսած է նա­հան­ջել։ Մեր պա­րագա­յին, մեր դպրոց­նե­րուն եւ տու­նե­րուն մէջ քա­ջալե­րանքն է որ կը պակ­սի։ Ծնող­քին կող­մէ գիրք գնե­լու եւ գիր­քը սիրցնե­լու, մատ­չե­լի դարձնե­լու հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը պակ­սած են։ Այս ուղղու­թեամբ պէտք է աշ­խատցո­ւի թե­րեւս», ըսաւ Տէ­տէեան եւ եզ­րա­փակեց. «ես կը կար­ծեմ, որ հիմ­նա­կան թե­րու­թիւնը կը կա­յանայ շու­կա­յացու­մին (marketing) մէջ։ Մենք քա­րոզ­չութիւն չենք գի­տեր ընել։ Քա­րոզ­չա­կան մե­քենան շատ յա­ռաջա­ցած է արեւմտեան աշ­խարհին մէջ եւ մենք հոս է որ կը թե­րանանք։ Հայ վար­ժա­րանը, հայ ու­սուցի­չը ինք պէտք է քա­ջալե­րէ իր աշա­կերտնե­րը, որ մնա­յուն կեր­պով կար­դան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ