ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ինչը՞, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս

Քաղաքականութեան կամ դիւանագիտութեան կարեւորագոյն յատկութիւնը պահի հրամայականը ճիշդ ընկալելն է։ Թուրքիա ձախողած է այդ ընկալումին մէջ եւ անելի մատնած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները։ Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք նորանկախ պետութեան անունով նախագահ Լեւն Տէր Պետրոսեան բարի դրացնութեան ակնկալութեամբ ձեռք մեկնած էր Թուրքիոյ։ Ափսոս որ այդ մերձեցումը չարժանացաւ համապատասխան արձագանգի։ Թուրքիա իսկոյն փորձեց առիթէն օգտուիլ ոչ թէ բարի դրացնութեան հեռանկարով, այլ պատմական թշնամութիւնը հրահրելու միտումով։ Արհեստական պահանջներ հնարեց ու դրաւ Հայաստանին առջեւ։ Անոնցմէ ոմանք յարմար եղանակով պատասխանուեցան Հայաստանի կողմէ, բայց Թուրքիա այդ պատասխանները լսելու անգամ մտադրութիւն չ՚ունեցաւ։ Օրինակի համար Թուրքիա կը պահանջէր, որ Հայաստան ճանչնայ իր երկրի հողային ամբողջութիւնը։ Լեւն Տէր Պետրոսեան, Ռոպէրթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան ամէն մէկը իր իշխանութեան շրջանին յայտարարեցին որ Հայաստան հողային պահանջ մը չունի Թուրքիոյ նկատմամբ։ Կարծես այս բոլորը բաւական չըլլար Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ օրս կը կրկնեն նոյն պահանջը հետզհետէ ձանձրոյթ պատճառելու հերթականութեամբ։ Իսկապէս լրջութենէ հեռու մերձեցում մըն է այս, բայց հայկական կողմը կը շարունակէ դիւանագիտութեան պահանջած համբերութեամբ որոշ մակարդակի վրայ պահել գոյութիւն չունեցող յարաբերութիւնը։

Սխալած չենք ըլլար եթէ ըսենք թէ իբրեւ պետութիւն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի լուրջ ու համոզիչ կեցուածք, որ յստակօրէն կը բացակայի իր խօսակցին մօտ։

Անշուշտ հասկնալի է այս երեւոյթին պատճառը, Հայաստան կ՚ուզէ քաղաքակիրթ պետութեան մը վայել ձեւով բարի դրացութեան յարաբերութիւն մշակել։ Իսկ միւս կողմէ Թուրքիա տարուած կ՚երեւի իր վաղեմի թուրանական երազներէն եւ կը խուսափի Հայաստանի հետ ոեւէ կապ ունենալէ։

Անշուշտ այստեղ Թուրքիա, որ կ՚ըեսնք պէտք է նկատի ունենալ երկրի մէջ տիրող քաղաքական միտքը, այլ ո՛չ թէ 90 միլիոնի մօտեցող եւ իր մէջ զանազանութիւններ պարունակող երկրի բնակչութիւնը։

Թուրքիոյ քաղաքական միտքը աւելի քան դար մըն է, որ անսայթաք կը շարունակէ չարիքի հիման վրայ։ Նման քաղաքական կեցուածքէն բնական է որ նախ եւ ամենաշատ կը տուժէ նոյնինքն երկրի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։ Ապա նաեւ այս քաղաքականութիւնը, որ ժառանգուած է հզօր կայսրութենէ մը, սպառնալիք է նաեւ համաշխարհային մարդկութեան համար։

Միւս կողմէ այդ նոյն չարամտութիւնը ամբողջովին ձեռնտու է արեւմտեան այն գերտէրութիւններուն, որոնք ընդմիշտ շոյելով այս մեծամիտ բարդոյթը, կ՚օգտուին երկրի թէ բնական պաշարներէն եւ թէ բազմամարդ սպառողական շուկայէն։ Եւրոպայի այդ բնոյթի քաղաքականութեան ամենավառ դերակատարը հանդիսացաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքել, որ մինչեւ վերջին պահը զօրակցեցաւ Էրտողանի իշխանութեան։ Շատ դիւրին է ամէն ինչ բացատրել անմիջականօրէն պարզուածին նայելով։ Սակայն խնդիրներու էութեան թափանցելու համար պարտաւոր ենք առաջին ակնարկով անտեսանելի դարձած, քօղարկուած իրողութիւնն ալ տեսնելու։ Հազիւ այն ատեն է, որ պիտի յաջողինք անդրադառնալ եղածին ու չեղածին պատճառին ու պահճառաբանութեան։ Այդ առումով յայտնի է որ տակաւին բաւական դաս ունինք սերտելու։

pakrates@yahoo.com