Նուրճան Քայայի համար 7,5 տարուայ ազատազրկում կը պահանջուի

Իրաւա­բան, գրող եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Նուրճան Քա­­յա կը դա­­տուի ան­­ցեալին սոց­­ցանցե­­րու մէջ տեղ գտած 19 գրա­­ռումնե­­րուն հա­­մար։ Դա­­տախա­­զու­­թիւնը զինք կը մե­­ղադ­­րէ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ի նպաստ քա­­րոզ­­չութիւն ընե­­լու պնդումով։ 9 Յու­­նի­­­սի նիս­­տին դա­­տախա­­զը այդ մե­­ղադ­­րանքնե­­րու ծի­­րէն ներս 7,5 տա­­րուայ ազա­­տազրկում կը պա­­հան­­ջէր։ Քա­­յայի 2014 թո­­ւին Իս­­լամ Պե­­տու­­թեան ահա­­բեկիչ­­նե­­­րուն Քո­­պանէի ուղղեալ յար­­ձա­­­կումնե­­րու ըն­­թացքին տե­­ղադ­­րած «Քո­­պանէի մէջ ոչ միայն քիւրտե­­րը, այլ այդ քա­­ղաքի բնա­­կիչ բո­­լոր ժո­­ղովուրդնե­­րը միաս­­նա­­­բար կը դի­­մադ­­րեն։ Կը դի­­մադ­­րեն նաեւ ժո­­ղովրդա­­վար արաբ­­նե­­­րը, ափ­­սոս որ նա­­հատակ­­ներ կ՚ու­­նե­­­նան» գրա­­ռու­­մը, որ­­պէս յան­­ցա­­­գոր­­ծութեան փաստ ներ­­կա­­­յացուց։

27 Սեպ­­տեմբե­­րին կա­­յանա­­լիք դա­­տական նիս­­տը հա­­ւանա­­բար վճռա­­կան նիստ պի­­տի ըլ­­լայ նաեւ։

Մե­­տիայի եւ Իրա­­ւագի­­տու­­թեան Հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու Միու­­թեան (MLSA) հա­­մավա­­րիչ փաս­­տա­­­բան Վէյ­­սել Օք ստանձնած է Քայայի պաշտպա­­նութիւնը։ Միու­­թեան գրա­­սենեակը 27 Սեպ­­տեմբեր 2021 թո­­ւին ժա­­մը 10.00-ին Տի­­յար­­պե­­­քիրի 9-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանի մէջ կա­­յանա­­լիք նիս­­տի ըն­­դա­­­ռաջ զօ­­րակ­­ցութեան կոչ կ՚ուղղէ մար­­դու իրա­­ւունքի եւ խօս­­քի ազա­­տու­­թեան պաշտպան­­նե­­­րուն։

Նուրճան Քա­­յա ծա­­նօթ է Թուրքիոյ քրիս­­տո­­­նեայ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու դպրոցական կեան­­քի դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու մասին ուսումնասիրութիւններով։ Ան այս նիւ­­թի շուրջ հե­­ղինա­­կած էր երեք հա­­տոր­­ներ, որոնց մէջ ման­­րա­­­մաս­­նօ­­­րէն կը ծա­­նօթա­­ցուէին կրթա­­կան հա­­մակար­­գի մէջ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու պատ­­կա­­­նող դպրոց­­նե­­­րու պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալը եւ այ­­սօր դէմ առ դէմ գտնո­­ւած պե­­տական ճնշումնե­­րը։ Քա­­յա այդ ու­­սումնա­սիրու­թեան մէջ բա­ցի եղե­լու­թիւնը պար­զե­լէ կը ներ­կա­յաց­նէր նաեւ լուծման առա­ջարկնե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ