Չաւուշօղլուէն անուղղակի յայտարարութիւններ

Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Մեվ­լիւթ Չա­ւու­շօղլու զա­նազան յայ­տա­գիր­նե­րու մաս­նակցե­լու հա­մար նա­խորդ շա­բաթ այ­ցե­լած էր Էս­քի­շեհիր։ Ան այստեղ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ ու­նե­ցած հան­դիպման ըն­թացքին ու­շագրաւ ար­տա­յայ­տութիւններ փո­խան­ցեց։ Չա­ւու­շօղլու պար­զեց թէ Թուրքիա ու­նի թէ զինո­ւորա­կան եւ թէ դի­ւանա­գիտա­կան ուժ։ Ակ­նարկե­լով Սու­րիոյ մէջ ԱՄՆ-ի քիւրտ ազա­տամար­տիկնե­րը զի­նելու երեւոյ­թին, ըսաւ որ զգու­շա­ցու­ցած են ամե­րիկա­ցինե­րուն, բայց անոնք Թուրքիոյ դի­տողու­թիւննե­րը նկա­տի չեն ու­նե­ցած։ «Դաշտ իջանք եւ սկսանք զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու։ Հինգ օր ետք ԱՄՆ-ի այդ օրո­ւայ պետ­քարտու­ղա­րը Թուրքիա եկաւ։ Բա­նակ­ցութեան սե­ղան կազ­մե­ցինք եւ խօ­սեցանք։ Այս իրո­ղու­թիւնը ու­րիշ օրի­նակ­նե­րով ալ ապ­րե­ցանք։ Ոչ միայն Սու­րիոյ, այլ Լի­պիոյ Արեւմտեան մի­ջերկրա­կանի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ ալ նոյ­նը կի­րակե­ցինք։ Դի­ւանա­գիտա­կան բա­նակ­ցութիւննե­րը 30 տա­րի ար­դիւնք չէին տո­ւած։ Ան­զօր մնա­ցած էր ՄԻՆՍԿ-եան եռեակը։ Յե­տոյ ի՞նչ եղաւ, Ատրպէյ­ճան 44 օրեայ պա­տերա­զով վե­րատի­րացաւ իր գրա­ւեալ տա­րածքնե­րուն։ Հի­մա դի­ւանա­գիտու­թեան հա­մար առիթ մը գո­յացած է։ Երկկող­մա­նի դրա­կան պատ­գամներ կը փո­խանա­կուին։ Ատրպէյ­ճան խա­ղաղու­թեան բա­նակ­ցութիւննե­րու հա­մար առա­ջարկ ներ­կա­յացուց։ Կը յու­սամ Հա­յաս­տա­նի նոր կա­ռավա­րու­թիւնն ալ դրա­կան կը պա­տաս­խա­նէ այդ առա­ջար­կին»։

Փայ­լա­նէն հար­ցումնա­գիր

Միւս կող­­մէ Թուրքիոյ խորհրդա­­րանի հա­­յազ­­գի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան նա­­խագա­­հի օգ­­նա­­­կան Ֆո­­ւաթ Օք­­թա­­­յի եւ Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Մեվ­­լիւթ Չա­­ւու­­շօղլո­­ւի ուղղեալ եր­­կու հար­­ցումնա­­գիր յանձնեց խորհրդա­­րանին։

Հար­­ցումնագ­­րի մէջ Փայ­­լան ուղղած էր հե­­տեւեալ հար­­ցումնե­­րը.

ա) Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւնները բնա­­կանո­­նաց­­նե­­­լու հա­­մար ինչպի­­սի՞ ճա­­նապարհ մը պի­­տի որ­­դեգրէք։

բ) Փակ սահ­­մա­­­նադու­­ռը ե՞րբ պի­­տի բա­­ցուի։

գ) Ե՞րբ պի­­տի մեկ­­նարկել դի­­ւանա­­գիտա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը։

դ) Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ վստա­­հու­­թիւն ապա­­հովե­­լու հա­­մար ի՞նչ քայ­­լե­­­րու պի­­տի դի­­մէք։

ե) Եր­­կաթ գծի եւ ցա­­մաքա­­յին անցքե­­րու հա­­մար Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ շփումնե­­րու սկսա՞ծ էք։

զ) Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ օդա­­յին եր­­թե­­­ւեկու­­թեան հա­­մար նա­­խապատ­­րաստու­­թիւն մը ու­­նի՞ք։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ