Ոստիկանական բռնութիւն Մեծ Կղզիի մէջ

Մեծ Կղզիի պատ­մա­կան նա­ւամա­տոյ­ցի շէն­քի վեր­նա­յար­կը նա­խորդ քա­ղաքա­պետի շրջա­նին վար­ձու տրո­ւած էր վի­ճայա­րոյց Թուրք Երի­տասար­դա­կան Հիմ­նարկին (TÜGVA)։ Քա­ղաք­պե­տարա­նի մէջ կա­յացած իշ­խա­նափո­խու­թե­նէ ետք նոր քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լու դատ բա­ցած էր այդ վար­ձա­կալու­թեան դէմ։ Դա­տարա­նի վճի­ռով ալ կը պա­հան­ջէր տա­րած­քին վե­րադար­ձը։

Նշենք որ սոյն հիմ­նարկի վար­չութեան մէջ պաշ­տօն ստանձնած է նա­խագահ Էր­տո­ղանի որ­դին Պի­լալ Էր­տո­ղան։ Այդ կա­պակ­ցութիւ­նը գոր­ծեց իր ազ­դե­ցու­թիւնը եւ ոս­տի­կան­ներ բռնու­թեամբ ար­գելք եղան տա­րած­քին վե­րադար­ձո­ւելու գոր­ծընթա­ցին։ Այդ բռնու­թեան ըն­թացքին վի­րաւո­րուե­ցան ինը հո­գի, որոնցմէ չոր­սը քա­ղաքա­պետա­րանի պաշ­տօ­նեաներ էին։ Դէպ­քը հետզհե­տէ ապա­ցոյց կը դառ­նայ կա­ռավա­րու­թեան օրէնքնե­րը ան­տե­սող եւ իրա­ւունքնե­րը բռնու­թիւնով ճնշող քա­ղաքա­կանու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ