Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը

ՆՈՒՊԱՐ ՖԵՆԵՔԵԱՆ

Չորեք­շաբթի 6 Հոկ­տեմբեր 2021ի առա­ւօտեան 8-ին Ֆրան­չիսկոս Սրբա­զան Քա­հանա­յապե­տը նախ քան Պօ­ղոս Զ անո­ւան դահ­լի­ճին մէջ չո­րեք­շաբթի օրուայ հրա­պարա­կային ունկնդրու­թիւնը գլխա­ւորե­լը, Պօ­ղոս Զ.ի անո­ւան դահ­լի­ճի գրա­սենեակին մէջ, ունկնդրու­թիւն շնոր­հեց Գա­րեգին Բ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսին ու անոր ըն­կե­րացող պա­տուի­րակու­թեան։ Ան ապա հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Կ. Պոլ­սոյ Պատ­րիարք Գե­րեր­ջա­նիկ Սա­հակ Բ.ի հետ հուսկ ըն­դունեց Մոս­կո­ւայի Պատ­րիար­քութեան ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բա­ժան­մունքի նա­խագա­հը. Մետ­րո­պոլիտ Իլա­րիոն Ալ­ֆէ­յէվը։

Սրբա­զան Քա­հանա­յապե­տը փո­խադ­րո­ւեցաւ ապա Պօ­ղոս Զ.ի անո­ւան փոք­րիկ սրա­հը, ուր ունկնդրու­թիւն շնոր­հեց Մարդկա­յին Եղ­բայրու­թեան բարձրա­գոյն կո­միտէի «Զա­յըտ» մրցա­նակի դա­տակազ­մի ան­դամնե­րուն, որ­մէ ետք Պօ­ղոս Զ անո­ւան դահ­լի­ճին մէջ նա­խագա­հեց չո­րեք­շաբթի օրո­ւայ հրա­պարա­կային ունկնդրու­թեան։

«Եղ­բայր ժո­ղովուրդներ,
ապա­գայ եր­կիր. Կրօն­ներ եւ Մշա­կոյթներ երկխօ­սու­թեան մէջ»

Յայտնենք թէ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսը Հռոմ ժա­մանած է մաս­նակցե­լու հա­մար Սանդ Էճի­տիոյ հա­սարա­կու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ 6 եւ 7 հոկ­տեմբե­րին կազ­մա­կեր­պո­ւած «Եղ­բայր ժո­ղովուրդներ, ապա­գայ եր­կիր. Կրօն­ներ եւ Մշա­կոյթներ երկխօ­սու­թեան մէջ» բնա­բանով խա­ղաղու­թեան հա­մար աղօթ­քի մի­ջազ­գա­յին հան­դի­պու­մին որուն եզ­րա­փակիչ արա­րողու­թիւնը նա­խատե­սուած է 7 հոկ­տեմբե­րի յետ­մի­ջօրէին Հռո­մի աշ­խարհահռչակ «Քոլ­լո­սէում»ի ամ­փի­թատ­րո­նի տա­րած­քին վրայ, գլխա­ւորու­թեամբ Ֆրան­չիսկոս Սրբա­զան Քա­հանա­յապե­տին եւ որուն առ­թիւ օրուան խորհրդա­ծու­թիւնը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոս Գա­րեգին Բ.ը։

Յա­նուն խա­ղաղու­թեան. երկխօ­սու­թիւն այս 35-րդ մի­ջազ­գա­յին հա­ւաքը, մաս կը կազ­մէ «Աս­սի­զիի հո­գիին», որ սկիզբ առած է Աս­սի­զիի սրբա­վայ­րին մէջ. Սուրբ Յով­հաննէս Պօ­ղոս Բ. Քա­հանա­յապե­տի կամ­քով, 1986 ին կա­յացած խա­ղաղու­թեան հա­մար միջ կրօ­նական հան­դի­պու­մին առ­թիւ եւ որուն ղե­կը այժմ կը գտնո­ւի Սանդ Էճի­տիոյ հա­սարա­կու­թեան ձեռ­քե­րուն մէջ։

Այս տա­րուայ հա­ւաքը կը կանդրա­դառ­նայ Ֆրան­չիսկոս Քա­հանա­յապե­տին եր­կու կա­րեւոր շրջա­բերա­կան­նե­րու վրայ. Մարդկա­յին եղ­բայրու­թեան եւ ըն­կե­րային բա­րեկա­մու­թեան նո­ւիրո­ւած «Fratelli tutti»ին ու բնա­պահ­պա­նու­թեան նո­ւիրո­ւած «Գո­վեալ ըլ­լաս»ը։

Հա­մաժո­ղովին չորս
նիս­տե­րու նիւ­թե­րը

Միջ կրօ­նական, միջ մշա­կու­թա­յին սոյն հա­մաժո­ղովին բա­ցու­մը նա­խատե­սուած է 6 հոկ­տեմբե­րի երե­կոյեան Հռո­մի «La Nuvola» հա­մաժո­ղով­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ։ Բաց­ման արա­րողու­թեան ընդհա­նուր նիւթն է «Միասին վերսկսիլ»։ Հա­մաժո­ղովը ապա իր աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կէ կեդ­րո­նանա­լով չորս կա­րեւոր նիւ­թե­րու վրայ. «Վե­րայայտնա­բերել մեն­քը», «Հա­սարա­կաց տան խնամ­քը», «Խա­ղաղու­թիւնը կա­րելի՞ է» հուսկ «Ապա­գան զոր կը փա­փաքինք»։

Յայտնենք թէ առա­ջին նիս­տին «Վե­րայայտնա­բերել մեն­քը», բա­ցի Ամե­նայն հա­յոց Կա­թողի­կոսին ելոյ­թէն բա­նախօս­նե­րու շար­քին է նաեւ ամե­րիկա­հայ գիտ­նա­կան, «Moderna» ըն­կե­րու­թեան եւ «Աու­րորա» մրցա­նակի հա­մահիմ­նա­դիր Նու­պար Աֆէ­յանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ