Փաշինեան եւ Փութին Արցախի մասին

ՀՀՎար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան եւ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան Նա­խագահ Վլա­տիմիր Փու­թին հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Մոս­կո­ւայի մէջ։ Փու­թին իր հիւ­րը դի­մաւո­րելու պա­հուն ընդգծեց ան­հա­տական հան­դի­պումնե­րու խնդիր­նե­րու լուծման ուղղեալ դրա­կան ար­դիւնքնե­րուն։ «Թէ պաշ­տօ­նական եւ թէ ան­պաշտօն մի­ջավայ­րի մէջ պի­տի զրու­ցենք։ Միասին պի­տի ընթրենք եւ այժմու խնդիր­նե­րը պի­տի քննար­կենք։ Պի­տի իմա­նանք իրա­րու ակնկա­լու­թիւննե­րը։ Մօտ ապա­գային պի­տի կա­յանայ Ան­կախ Պե­տու­թիւննե­րու գա­գաթ­նա­ժողո­վը։ Թէ այդ նիւ­թի եւ թէ տա­րած­քաշրջա­նի խնդիր­նե­րուն մա­սին գոր­ծակցիլ կ՚ու­զենք։ Ու­րախ եմ ձեզ տես­նե­լով եւ բա­րի գա­լուստ կը մաղ­թեմ»։ Փու­թի­նի այս խօս­քե­րուն պա­տաս­խա­նելով Փա­շինեան ալ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց հրա­ւէրին հա­մար եւ ընդգծեց որ այս տա­րուայ ըն­թացքին չոր­րորդ հանդնպումն է որ կ՚իրա­կանա­նայ։ «Ըստ ինձ այս տե­սակի յա­ճախա­կի հան­դի­պումնե­րը ապա­ցոյցն են մեր ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան։ Ան­շուշտ որ թէ մեր տա­րած­քաշրջա­նի մէջ եւ թէ աշ­խարհի տար­բեր ան­կիւննե­րուն հրա­տապ զար­գա­ցումներ կ՚ար­ձա­նագ­րո­ւին։ Այս պայ­մաննե­րու տակ կա­րեւոր են հա­մագոր­ծակցող կող­մե­րու երկխօ­սու­թիւնը։ Ափ­սոս որ մեր տա­րած­քաշրջա­նին վրայ իրա­վիճա­կը կա­յու­նութիւն չէ ստա­ցած։ Ինչպէս դուք ալ նկա­տած էք Ար­ցա­խի խնդի­րը լու­ծում չէ գտած։ ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբա­կի հա­մանա­խագահ եր­կիր որ­պէս խնդիր­նե­րու լուծման եւ տա­րած­քաշրջա­նի անվտան­գութեան առու­մով Ռու­սիան կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նի» ըսաւ Վար­չա­պետ Փա­շինեան։

Հան­դի­պու­մէն ետք Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը «թո­ւիթըր»եան գրա­ռու­մով մը յայտնեց թէ Փու­թի­նի հետ հան­դի­պու­մը ար­դիւնա­ւէտ եղած է։ «Թէ երկկողմ եւ թէ տա­րած­քաշրջա­նի առու­մով զրու­ցե­ցինք։ Մեր հա­մաձայ­նած նիւ­թե­րը գործնա­կանի վե­րածե­լու հա­մար պի­տի շա­րու­նա­կենք այս տե­սակի շփումնե­րը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ