Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը մեղաւոր գտնուեցաւ

«Ակօս»ի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք սպա­նուած էր 19 Յու­նո­ւար 2007 թո­ւակա­նին։ Տինք ըն­տա­նիքը այս ոճ­րի գոր­ծադրման մէջ ծա­ռայո­ղական թե­րացում ու­նե­նալու մե­ղադ­րանքով հա­տու­ցում պա­հան­ջած էր Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թե­նէն։

Իս­թանպու­լի Վե­ցերորդ Վար­չա­կան Ատեանը նկա­տի ու­նե­նալով Հրանդ Տին­քին իր կարգ մը յօ­դուած­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ բա­ցայայ­տօ­րէն վտան­գո­ւած ըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնը, պատ­շաճ կան­խա­միջոց­նե­րու դի­մած չ՚ըլ­լա­լով մա­հափոր­ձին տե­ղի տա­լու մե­ղադ­րանք բեռ­ցուցած էր նա­խարա­րու­թեան։ Դա­տարա­նը վճռած էր 466 հա­զար 781 Լի­րա նիւ­թա­կան եւ 600 հազար Լի­րա ալ բա­րոյա­կան հա­տուցման։

«Սա­պահ» թեր­թի թղթա­կից Իլ­քեր Թու­րա­քի լրա­տուու­թեան հա­մաձայն նա­խարա­րու­թիւնը վճի­ռին առար­կե­լով դի­մած է Խորհրդակ­ցա­կան Ատեան։ Իսկ այս ատեանն ալ տե­ղին գտած է դա­տարա­նին վճի­ռը եւ մեր­ժած է նա­խարա­րու­թեան առար­կութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ