Սեւան Տէյիրմենճեան պիտի պաշտօնավարէ Երուսաղէմ

Ուրախութեամբ վե­­րահա­­սու եղանք թէ թեր­­թիս աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րէն Սե­­ւան Տէ­­յիր­­մենճեան ըն­­դունե­­լով Երու­­սա­­­ղէմի Պատ­­րիար­­քա­­­րանէն եկած հրա­­ւէրը, շու­­տով կը ստանձնէ Երու­­սա­­­ղէմի Սուրբոց Թարգման­­չաց Վար­­ժա­­­րանի հա­­յերէ­­նի, գրա­­կանու­­թեան եւ պատ­­մութեան ու­­սուցչու­­թեան առա­­ջար­­կը եւ կը պատ­­րաստո­­ւի Երու­­սա­­­ղէմ մեկ­­նե­­­լու։

Ան այս առ­­թիւ ըն­­կե­­­րական շրջա­­նակ­­նե­­­րէ ներս իր գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւնը կը յայտնէ «Երա­­նի որ ու­­նի­­­ցի յի­­շատակ ի Սիոն» ըսե­­լով։

Յի­­շենք որ Սե­­ւան Տէ­­յիր­­մենճեան աւար­­տե­­­լով Երե­­ւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի բա­­նասի­­րական բա­­ժինը, խոս­­տումնա­­լից ու­­սուցիչ մը ըլ­­լա­­­լով վե­­րադար­­ձած էր Պո­­լիս։ Ընդհան­­րա­­­պէս նման բարձրա­­գոյն ու­­սումով օժ­­տո­­­ւած հա­­յերէ­­նի մաս­­նա­­­գէտ ու­­սուցի­­չի կա­­րիք զգա­­ցող Պոլ­­սոյ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րուն հա­­մար մեծ բա­­րեբախ­­տութիւն մըն էր Տէ­­յիր­­մենճեանի ու­­սուցչա­­գոր­­ծութիւ­­նը։ Ինք եւս տրա­­մադ­­րո­­­ւած էր այդ առա­­քելու­­թեան եւ շատ լաւ երկխօ­­սու­­թիւն մը ապա­­հոված աշա­­կեր­­տութեան հետ։ Սա­­կայն իր «Ակօս»ի մէջ գրած քննա­­դատա­­կան յօ­­դուած­­նե­­­րը պատ­­ճառ դար­­ձան որ չար միտ­­քեր շարժման անցնին եւ իր պաշ­­տօ­­­նավա­­րած դպրո­­ցի վար­­չութեան սպառ­­նա­­­լով պաշ­­տօ­­­նազրկեն խոս­­տումնա­­լից ու­­սուցի­­չը։

Սե­­ւան Տէ­­յիր­­մենճեան ու­­սուցչու­­թեան պաշ­­տօ­­­նէն հե­­ռանա­­լէն ետք աշ­­խա­­­տակ­­ցե­­­ցաւ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի իբ­­րեւ հա­­յերէն դա­­սերու ու­­սուցիչ եւ «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան իբ­­րեւ խմբա­­գիր։

Ան նաեւ ստանձնած էր Թուրքիոյ խորհրդա­­րանի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի խորհրդա­­տուի ծանր ու պա­­տաս­­խա­­­նատու պաշ­­տօ­­­նը։

Այժմ Երու­­սա­­­ղէմի Պատ­­րիար­­քարնի հրա­­ւէրով նոր ու­­ղի մը բա­­ցուած է մեր ըն­­կե­­­րոջ դի­­մաց եւ այս առ­­թիւ որ­­պէս «Ակօս»ի աշ­­խա­­­տակազմ յա­­ջողու­­թիւն կը մաղ­­թենք իրեն այս նոր առա­­քելու­­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ