Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան վախճանեցաւ

Իսթանպու­լի Պատ­րիար­քա­րանի բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական­նե­րէն Տ. Թա­թուլ Ծ. Վար­դա­պետ Անու­շեան 14 Նո­յեմ­բեր Կի­րակի երե­կոյ վախ­ճա­նեցաւ Ս. Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի մէջ, ուր կը դար­մա­նուէր մի­ջոցէ մը ի վեր։ Անու­շեան Վար­դա­պետի մա­հը մեծ ցաւ պատ­ճա­ռեց պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան մօտ։ Պե­տական աւա­գանին ալ գլխա­ւորու­թեամբ նա­խագահ Էր­տո­ղանի եւ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լույի իրենց ցա­ւակ­ցութիւննե­րը յայտնե­ցին վար­դա­պետի հա­րազատ­նե­րուն, Պատ­րիար­քա­րանին եւ Իս­թանպու­լի հայ հա­սարա­կու­թեան։ Պատ­րիար­քա­րանը յայ­տա­րարեց թէ վախ­ճա­նեալ վար­դա­պետի վեր­ջին օծու­մը եւ յու­ղարկա­ւորու­թիւնը պի­տի կա­տարուի 18 Նո­յեմ­բեր հինգշաբ­թի Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեցին, ուրկէ պի­տի փո­խադ­րո­ւի Շիշ­լիի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատու­նը։

Տ. Թա­թուլ Ծ. Վար­դա­պետ Անու­շեանի կեն­սագրու­թե­նէն հատուած­ներ

Հայր Թա­թուլ Վրդ. Անու­շեանի հո­գեւոր կեան­քի ճա­նապար­հին վրայ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցաւ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քը, որ յա­տուկ ու­շադրու­թիւն կը սե­ւեռէր երի­տասար­դութեան հան­դէպ։ Անու­շեան վար­դա­պետ կարգ մը, այլ հո­գեւո­րական­նե­րու, սար­կա­ւագ­նե­րու կամ դպիր­նե­րու հետ միասին այդ սե­րունդի ամե­նակար­կա­ռուն դէմ­քե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանար հան­րութեան։ Այս առ­թիւ ու­զե­ցինք իր կեն­սագրու­թեան հա­կիրճ մէկ նկա­րագ­րա­կանը բաժ­նել ըն­թերցող­նե­րուն հետ, աւե­լի յստակ պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար Պոլ­սա­հայ եկե­ղեց­ւոյ կո­րուստը։

Աւա­զանի անու­նով Արէտ, ծնած է 25 Յու­լիս 1966-ին Իս­թանպուլ, Նառ­լը­գաբու։ Որ­դին է Արա­մի եւ Արաք­սի Ավ­րուզի։

Կ՚ու­սա­նի Պո­մոն­թիի Մխի­թարեան, միջ­նա­կար­գի ու­սումը կը ստա­նայ Ֆէ­րիգիւ­ղի Մէ­րամէթ­ճեան, լի­սէի ու­սումը՝ Ս. Խաչ (Դպրե­վանք) վար­ժա­րան­նե­րը, իսկ բարձրա­գոյն ու­սումը՝ Իս­թանպուլ Հա­մալ­սա­րանի Գրա­կան Ֆա­քիւլթէի Անգլե­րէնի Լե­զուա­գիտու­թեան բաժ­նը։ Լի­սէի եւ հա­մալ­սա­րանի ու­սա­նողա­կան շրջա­նին կը պաշ­տօ­նավա­րէ որ­պէս հսկիչ Գնա­լը Կղզիի Կազ­դուրման Կա­յանը։ Մաս­նակցու­թիւն կը բե­րէ Ֆէ­րիգիւ­ղի Սա­նուց Միու­թեան Թա­տերա­կան խումբին, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ Դպրե­վան­քի ու Սա­նուց Միու­թեան երաժշտա­կան գոր­ծունէու­թեանց։

1977-ին կը սկսի յա­ճախել Ֆէ­րիգիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Եկե­ղեցի, ուր յե­տագա­յին կը տա­նի նաեւ պա­տուա­կալ լու­սա­րարի պաշ­տօ­նը։ Կը հե­տեւի Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վութհա­նի, Գրի­գոր Սրկ. Հա­բէլեանի եւ Շնորհք Քհնյ. Մու­րա­տեանի Հայ­կա­կան ձայ­նագրու­թեան ու շա­րակա­նագի­տու­թեան դա­սըն­թացքնե­րուն։ Հոկ­տեմբեր 1986ին պաշ­տօն կը ստանձնէ Կէ­տիկ­փա­շայի Ս. Յով­հաննէս Եկե­ղեց­ւոյ մէջ որ­պէս երա­ժիշտ։

Դպրու­թեան չորս աս­տի­ճան­ներ կը ստա­նայ 1992ին Գա­րեգին Բ. Պատ­րիար­քի ձե­ռամբ, Պա­քըր­գիւղի Ծնունդ Ս. Աս­տո­ւածած­նի Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը Դեկ­տեմբեր 2001-ին Կէ­տիկ­փա­շայի Ս. Յով­հաննէս Եկե­ղեց­ւոյ մէջ իրեն կը շնոր­հէ ու­րար կրե­լու ար­տօ­նու­թիւն, իսկ 28 Յու­լիս 2002-ին Գնա­լը Կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կը ձեռ­նադրէ Կի­սասար­կա­ւագ։ Այդ թո­ւակա­նէն սկսեալ մաս կը կազ­մէ Պատ­րիար­քա­րանի դի­ւանին, իբ­րեւ դի­ւանա­պետ ու ապա՝ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան անձնա­կան քար­տուղար։ Ան, 29 Դեկ­տեմբեր 2002-ին Սա­մաթիոյ Ս. Գէորգ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քէ կը ստա­նայ Սար­կա­ւագա­կան ձեռ­նադրու­թիւն, լծա­կից ու­նե­նալով Վա­ղար­շակ Սե­րով­բեանը (այժմ՝ Յո­վակիմ Աբղ.)։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը 1 Մարտ 2003-ին՝ Ղա­լաթիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ զինք կը ձեռ­նադրէ կու­սակրօն քա­հանայ։ Նոյն 2003-ի ամ­րան կը նշա­նակո­ւի Գնա­լը Կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւի պաշ­տօ­նին, որ կը վա­րէ մին­չեւ 2016։ Իսկ աշ­նան, կը մեկ­նի Լի­բանան՝ մաս­նակցե­լու հա­մար Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան Զա­րեհեան Դպրե­վան­քի մաս­նա­ւոր լսա­րանի եր­կա­մեայ դա­սըն­թացքնե­րուն։ Հե­տեւե­լով Սուրբ Գրա­կան, Ծի­սագի­տական, Շա­րակա­նագի­տական, Աս­տո­ւածա­բանա­կան, Եկե­ղեցա-պատ­մա­կան եւ Քա­րոզ­խօ­սական դա­սերուն, կը վկա­յուի 25 Յու­նիս 2005-ին։

2005-2006 տա­րեշրջա­նին կը շա­րու­նա­կէ իր կե­ցու­թիւնը Պիք­ֆա­յայի Զա­րեհեան Դպրե­վան­քի մէջ՝ կա­տարե­լով վար­դա­պետա­կան աւար­տա­ճառին հետ առնչո­ւած ու­սումնա­սիրու­թիւններ ու միաժա­մանակ ստանձնե­լով ու­սուցչա­կան պաշ­տօն այդ եր­դի­քին տակ։ Հոկ­տեմբեր 2006-ին կը նշա­նակո­ւի Ղա­լաթիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւի եւ Ֆէ­րիգիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ քա­րոզի­չի պաշ­տօննե­րուն։ 30 Սեպ­տեմբեր 2007-ին ամ­բողջաց­նե­լով «Քրիս­տո­նէու­թեան երկթե­ւեան մուտքը Հա­յաս­տան» աւար­տա­ճառը, 25 Հոկ­տեմբեր 2007-ին Ղա­լաթիոյ Ս. Գրի-գոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կը ստա­նայ վար­դա­պետա­կան գա­ւազա­նի իշ­խա­նու­թիւն Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քէ։ Կը պատ­րաստէ «Նի­կիոյ Ս. Ժո­ղովը եւ Հայ Եկե­ղեցին» թէ­զը եւ 18 Դեկ­տեմբեր 2007-ին Սկիւ­տա­րի Ս. Կա­րապետ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ Մես­րոպ Պատ­րիարք Հօր ձե­ռամբ կը ստա­նայ Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պետա­կան Գա­ւազան։

2010-ին Հո­գեւո­րակա­նաց Հա­մագու­մա­րէն կ՚ընտրո­ւի Կրօ­նական Ժո­ղովոյ ան­դա­մու­թեան։ Կ՚ու­սուցչա­գոր­ծէ քա­ղաքիս զա­նազան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ մէջ աւան­դե­լով կրօ­նագի­տու­թիւն։ Կը նշա­նակուի Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի Ծի­սական Յանձնա­խումբի ան­դա­մու­թեան։ Պատ­գա­մաւո­րական Ժո­ղովի կող­մէ կ՚ընտրուի Կրօ­նական Ժո­ղովի ան­դա­մու­թեան (11 Դեկ­տեմբեր 2019), անդրա­նիկ նիս­տին կ՚ընտրո­ւի ատե­նապետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ