Ատրպէյճան դարձեալ կը յարձակի Հայաստանին

16Նոյեմ­բե­րի, ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն, Ատրպէյ­ճա­նի բա­նակը բուռն կեր­պով յար­ձա­կեցաւ Հա­յաս­տա­նի արե­ւելեան սահ­մա­նին տե­ղակա­յուած հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը յայ­տա­րարու­թիւննե­րով պար­զեց թէ հայ­կա­կան կող­մը պա­տաս­խա­նած է այս յար­ձա­կումնե­րուն, որու հե­տեւան­քով ատրպէյ­ճանցի­ները ու­նե­ցած են եօթը զո­հեր եւ տասը վիրաւորներ։ Յա­յատա­րարու­թեան մէջ կը նշո­ւի թէ Հա­յաս­տա­նի բա­նակն ալ ու­նե­ցած է զոհ մը՝ 1991-ի ծնունդ շար­քա­յին Մե­րու­ժան Ար­թուրի Յա­րու­թիւնեանը։ Կան նաեւ վի­րաւոր­ներ, որոնց թի­ւի մա­սին տե­ղեկու­թիւն չէ տրո­ւած։ Թշնա­մին գե­րեվա­րած է նաեւ 13 զի­նուոր­ներ։

Զի­նեալ բա­խումնե­րը դադ­րած են երե­կոյեան ժա­մերուն։ «Այս վեր­ջին յար­ձա­կու­մը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տա­րածքներ բռնագ­րա­ւելու՝ ատրպէյ­ճա­նական կող­մի հե­տեւո­ղական քա­ղաքա­կանու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է, որը սկիզբ է դրո­ւել այս տա­րուայ Մա­յիսի 12-ից՝ Սիւ­նի­քի եւ Գե­ղար­քունի­քի մար­զեր ատրպէյ­ճա­նական զի­նուած ու­ժե­րի ներ­թա­փանցմամբ։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով Ատրպէյ­ճա­նը խախ­տում է նաեւ Նո­յեմ­բե­րի 9-ի եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թիւնը, քա­նի որ ատրպէյ­ճա­նական կող­մը յար­ձա­կումներ է գոր­ծում Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան դէմ այն տա­րածքնե­րից, որն ատրպէյ­ճա­նական կող­մին է ան­ցել այդ յայ­տա­րարու­թեան իրա­կանաց­ման ար­դիւնքում։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը, ՄԱԿ-ի Կա­նոնադ­րութեան հա­մաձայն, իրա­ւասու է բո­լոր մի­ջոց­նե­րով ետ մղել իր տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան եւ ինքնիշ­խա­նու­թեան դէմ ու­ժի կի­րառու­մը։ Կոչ ենք անում մի­ջազ­գա­յին հան­րութեանը եւ մեր մի­ջազ­գա­յին գոր­ծընկեր­նե­րին՝ ՌԴ-ին, ՀԱՊԿ-ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի հա­մանա­խագա­հու­թեանը եւ հա­մանա­խագա­հող երկրնե­րին, յստա­կօրէն եւ հաս­ցէական ար­ձա­գան­գել տա­րածաշրջա­նային խա­ղաղու­թիւնը եւ անվտան­գութիւ­նը լրջօ­րէն վտան­գող ատրպէյ­ճա­նական կող­մի այս գոր­ծո­ղու­թիւննե­րին եւ գոր­ծուն քայ­լեր ձեռ­նարկել դրանց կան­խարգել­ման, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տա­րած­քից Ատրպէյ­ճա­նի զի­նուած ու­ժե­րի ան­վե­րապահ եւ ամ­բողջա­կան դուրսբեր­ման ուղղու­թեամբ», իր կար­գին շեշ­տեց Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը։

Հա­յաս­տա­նի Անվտան­գութեան խոր­հուրդի քար­տուղար Ար­մէն Գրի­գորեան աւե­լի կա­նուխ յայ­տա­րարած էր, որ որով­հե­տեւ յար­ձա­կու­մը եղած է Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խան տա­րած­քին վրայ, «մենք դի­մում ենք Ռու­սաստա­նին՝ ՀՀ եւ ՌԴ մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող 1997 թո­ւակա­նի պայ­մա­նագ­րի շրջա­նակ­նե­րում ՀՀ տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թիւնը պաշտպա­նելու կո­չով եւ հա­մաձայ­նագրի շրջա­նակ­նե­րում փո­խադարձ պար­տա­կանու­թիւննե­րը իրա­գոր­ծե­լու տրա­մաբա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րում» նշո­ւած է ռազ­մա­կան գե­րատես­չութեան կող­մէ։

Իր կար­գին, Ռու­սիոյ պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րը Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի իր պաշ­տօ­նակից­նե­րուն կոչ ուղղեց՝ դադ­րեցնե­լու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը, որոնք պատ­ճառ կը դառ­նան իրա­վիճա­կի սրու­մին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ