Վերայայտնութիւն Եղիա Մ. Տնտեսեանի

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հայ երաժշտու­թեան ձօ­նուած ու­սումնա­սիրու­թիւննե­­րը վեր­­ջերս շատ կա­­րեւոր պա­­րապու­­թիւն մը կը լրաց­­նեն Թուրքիոյ երաժշտա­­կան գրա­­կանու­­թեան պա­­շարին մէջ։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այս երե­­ւոյ­­թը սահ­­մա­­­նուած չէ միայն երաժշտու­­թիւնով։ Յատ­­կա­­­պէս «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան հայ գրա­­կանու­­թիւնը եւ առ­­հա­­­սարակ արուես­­տը թարգմա­­նու­­թիւննե­­րու ճամ­­բով թրքե­­րէն ըն­­թերցո­­ղի մա­­տու­­ցե­­­լէն ետք ալ աւե­­լի զգա­­լի դար­­ձաւ այս երե­­ւոյ­­թը։ Թուրքիոյ հա­­սարա­­կու­­թիւնը թարգմա­­նու­­թիւննե­­րու շնոր­­հիւ ծա­­նօթա­­ցաւ Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետի, Յա­­կոբ Պա­­րոնեանի, Յա­­կոբ Մնձու­­րիի նման անուննե­­րու հետ։ Հան­­րա­­­յայտ դար­­ձան Գառ­­նիկ Կար­­մի­­­րեան, Սարգիս Սու­­ճիեանի նման եր­­գա­­­հան­­ներ։ Ու­­շագրաւ էր «Փրկիչ» հրա­­տարակ­­չա­­­տան Տի­­րան Լոք­­մա­­­կէօզեանի խմբագ­­րութեամբ հրատա­­րակած «Կո­­միտա­­սի Գեր­­մա­­­ներէն Եր­­գե­­­րը» հա­­տորը, որ իր կար­­գին ակա­­դեմա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու առար­­կայ դար­­ձաւ։ Այժմ այդ շար­­քը ճո­­խաց­­նե­­­լու կու գայ Եղիա Տնտե­­սեան։

Վեր­­ջերս Տոց. Տոքթ. Սա­­մի Տու­­րալ, Տոքթ. Էր­­տալ Քը­­լըչ եւ Սե­­միհ Էօզ­­տե­­­միրի հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու իբ­­րեւ ար­­դիւնք լոյս տե­­սաւ Եղիա Մ. Տնտե­­սեանի «Տա­­րերք Երաժշտու­­թեան» հա­­տորի վեր­­ծա­­­նուած թարգմա­­նու­­թիւնը եւ բնագ­­րի վե­­րատ­­պութիւ­­նը։

Տնտե­­սեան 1933-ին լոյս տե­­սած այս աշ­­խա­­­տու­­թեան մէջ կը մեկ­­նա­­­բանէ Համ­­բարձում Լի­­մոն­­ճիեանի հե­­ղինա­­կած ձայ­­նագրու­­թեան նրբե­­րանգնե­­րը։ Ինչպէս կը յայտնեն նաեւ գրքի հե­­ղինակ­­նե­­­րը, Համ­­բարձում Լի­­մոն­­ճիեանի աւան­­դա­­­կան խա­­զի ձայ­­նագրու­­թե­­­նէն մեկ­­նե­­­լով պատ­­րաստած նոր դրու­­թիւնը պատ­­ճառ դար­­ձաւ բազ­­մա­­­թիւ շա­­րական­­նե­­­րու կող­­քին թրքե­­րէն դա­­սական երաժշտու­­թեան նմոյշնե­­րուն ալ գրառ­­ման։ Այսպէ­­սով երաժշտա­­կան հսկայ պա­­շար մը փրկո­­ւած եղաւ մո­­ռացու­­թեան վտան­­գէն։ Հա­­տորին մէջ տեղ գտած են Համ­­բարձու­­մի ձայ­­նագրու­­թեան եւ արեւմտեան նօ­­թագ­­րութեան բաղ­­դա­­­տու­­թեան մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ եւս։ Նոյնպէս գիր­­քին մէջ տե­­ղադ­­րո­­­ւած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րով վե­­րահա­­սու կը դառ­­նանք Եղիա Մ. Տնտե­­սեանի (29 Մարտ 1834- 23 Ապ­­րիլ 1881) կեն­­սագրա­­կան տո­­ւեալ­­նե­­­րուն։ Այսպէս Տնտե­­սեան ծնած է Պոլ­­սոյ Օր­­թա­­­գիւղ թա­­ղը, ուր ստա­­ցած է նաեւ իր կրթու­­թիւնը։ Տնտե­­սեանի ապ­­րած տա­­րինե­­րը կը զու­­գա­­­դիպին նաեւ Օս­­մա­­­նեան երկրէ ներս բա­­րեփո­­խումնե­­րու շրջա­­նին։ Այդ շրջա­­նին մէջ հա­­սակ կ՚առ­­նեն ուսման, գի­­տու­­թեան, գրա­­կանու­­թեան եւ քա­­ղաքա­­կան նոր զար­­գա­­­ցումներ։ Տնտե­­սեան ալ նման կեն­­սունակ մթնո­­լոր­­տի մէջ յա­­ջողած է թէ նոր սրբու­­թիւննե­­րու եւ թէ աւան­­դա­­­կանին թա­­փան­­ցել։ Հե­­տեւած է թա­­ղի Սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին եկե­­ղեց­­ւոյ եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րուն, որու շնոր­­հիւ իւ­­րա­­­ցու­­ցած է երաժշտա­­կան բա­­զում գի­­տելիք­­ներ։ Ան աւե­­լի ետք մաս­­նա­­­գիտա­­ցած է տպա­­րանա­­գիտու­­թեան մէջ եւ հրա­­տարա­­կած բազ­­մա­­­թիւ գիր­­քեր։ Աւար­­տին բե­­րած է Համ­­բարձում Լի­­մոն­­ճիեանի յան­­կարծա­­կան մա­­հով կի­­սատ մնա­­ցած աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը։ Տնտե­­սեան երի­­տասար­­դա­­­կան տա­­րինե­­րուն ազ­­դո­­­ւած էր զո­­ւիցե­­րիացի ու­­սումնա­­գէտ Փես­­տա­­­լոզ­­զիի զար­­գա­­­ցու­­ցած մե­­թոտա­­բանու­­թե­­­նէ, որուն պատ­­ճա­­­ռաւ աւե­­լի ուշ տա­­րինե­­րուն բո­­լորո­­վին նո­ւիրուեցաւ ու­­սուցչա­­կան աս­­պա­­­րէզին։

Դար­­ձեալ գիր­­քի նա­­խաբա­­նէն տե­­ղեակ կը դառ­­նանք թէ, ին­­չպէս յա­­ճախ կը պա­­տահի Սա­­մի Տու­­րալ, Էր­­տալ Քը­­լըչ եւ Սե­­միհ Էօզ­­տե­­­միրի Եղիա Մ. Տնտե­­սեանի հետ ծա­­նօթա­­նալը պա­­տահա­­կանու­­թեան մը հե­­տեւանքն է։ Զրոյ­­ցի մը ըն­­թացքին Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի հիմ­­նա­­­դիրի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Կար­­պիս Պալ­­մումճու անդրա­­դար­­ձած է Տնտե­­սեանի անու­­նին ու վաս­­տա­­­կին եւ տես­­նե­­­լով խօ­­սակից­­նե­­­րու ու­­շադրու­­թիւնը իրենց տրա­­մադ­­րած է վե­­րոն­­շեալ 1933-ի տպագ­­րութեան մէկ օրի­­նակը։

Այսպէս կը սկսո­­ւի ոդի­­սական մը, ուր նոյն դպրո­­ցի մէջ փոխ տնօ­­րէնի պաշ­­տօն վա­­րած Էր­­տալ Քը­­լըչ կը ստանձնէ թարգմա­­նոթեան պա­­տաս­­խա­­­նատու պաշ­­տօ­­­նը։ Եռեակի «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­տուն այ­­ցե­­­լու­­թիւն կա­­տարած պա­­հուն Էր­­տալ Քը­­լըչ ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ փո­­խան­­ցեց հա­­յերէ­­նի իմա­­ցու­­թեան մա­­սին իր ան­­ցած ճա­­նապար­­հէն։ «Սկիզբնե­­րը դպրո­­ցէ ներս բա­­րեւ կամ բա­­րի լոյ­­սի նման պարզ բա­­ռերով սկսող իմ հե­­տաքրքրու­­թիւնը շնոր­­հիւ հա­­յերէ­­նի վաս­­տա­­­կաւոր ու­­սուցչու­­հի Շո­­ղեր Չա­­փարեանի հետզհե­­տէ զար­­գա­­­ցաւ եւ հա­­սաւ թարգմա­­նու­­թիւններ ընե­­լու աս­­տի­­­ճանի»։

Ինչպէս վե­­րեւ ալ նշած էինք Եղիա Տնտե­­սեանի ու­­սումնա­­սիրու­­թեան թրքե­­րէն թարգմա­­նու­­թիւնը նոր հո­­րիզոն­­ներ պի­­տի բա­­նայ յատ­­կա­­­պէս երաժշտա­­գէտ նոր սե­­րունդի մը հա­­մար։ Ու­­րեմն գիր­­քը շա­­հեկան է ոչ թէ հա­­սարակ ըն­­թերցո­­ղի, այլ նիւ­­թին տե­­ղեակ գի­­տաշ­­խա­­­տող­­նե­­­րու հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ