Թուրքիա նոր պայմաններ կ՚առաջադրէ

Հայստա­նի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Արա­­րատ Միր­­զո­­­յեան Ֆրան­­սա­­­կան «Լէ Ֆի­­կարօ» թեր­­թի տո­­ւած հար­­ցալրոյ­­ցին, կը յայտնէ թէ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման հա­­մար Թուրքիա նոր պայ­­մաններ կ՚առա­­ջադ­­րէ։ Միր­­զո­­­յեան նշե­­լով Ար­­ցա­­­խեան երկրորդ պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքին Թուրքիոյ Ատրպէյ­­ճա­­­նին ընդձե­­ռած քա­­ղաքա­­կան ու զի­­նուո­­րական աջակ­­ցութիւննե­­րով, վարձկան ահա­­բեկիչ­­ներ փո­­խադ­­րե­­­լով հան­­դէպ Հայաստան պատ­­րաստ է յա­­րաբե­­րու­­թիւնները բնա­­կանո­­նաց­­նե­­­լու։

Միր­­զո­­­յեան այս մա­­սին ըսաւ հե­­տեւեալը. «Թէեւ Թուրքիայէն ստա­­ցած ենք երկխօ­­սու­­թիւնը վե­­րահաս­­տա­­­տելու հա­­մար ազ­­դանշան­­ներ, բայց խնդի­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կէ բար­­դութիւններ պա­­րու­­նա­­­կել։ Ան­­գա­­­րա նոր պայ­­մաններ կ՚առա­­ջադ­­րէ։ Կը նշէ Ատրպէյ­­ճա­­­նը ու Նա­­խիջե­­վանը իրա­­րու կա­­պող մի­­ջանցք մը։ Այս նիւ­­թը մե­­զի հա­­մար խնդրոյ առար­­կայ չի կրնար ըլ­­լալ։ Պե­­տու­­թիւններ իրենց հո­­ղերուն վրայ գե­­րակշռու­­թիւնը պա­­հելով կրնան թրան­­սիթ ան­­ցե­­­րու առիթ ընդձե­­ռել։ Հա­­մոզո­­ւած ենք թէ տա­­րած­­քաշրջա­­նի բո­­լոր հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը պէտք է բաց ըլ­­լայ»։

Միր­­զո­­­յեան յա­­ւելեց ըսե­­լով թէ բա­­նակ­­ցութիւննե­­րը պէտք է ըն­­թա­­­նան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբա­­կի հա­­մանա­­խագահ­­նե­­­րու հո­­վանա­­ւորու­­թեան ներ­­քեւ։

Ան­­շուշտ որ օրա­­կար­­գի է տա­­րակար­­ծութեան վերջնա­­կան լու­­ծումը։ Սա­­կայն այս հանգրո­­ւանին ռազ­­մա­­­գերի­­ներու փո­­խանա­­կու­­մը եւ գլխա­­ւորու­­թեամբ ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ-ի, ոչնչաց­­ման եզ­­րին հա­­սած հայ պատ­­մամշա­­կու­­թեային ժա­­ռան­­գութեան հե­­տապնդման հա­­մար փոքր քայ­­լեր ապա­­հովե­­լու խնդրին մէջ հա­­մաձայ­­նած ենք։ Այս մա­­սին իբր օրի­­նակ կրնամ թո­­ւել Շու­­շիի Սուրբ Ամե­­նափրկիչ Եկե­­ղեցին, որ աւե­­րուած էր ԱԹՍ-նե­­րու ռմբա­­կոծու­­մով։ Ներ­­կա­­­յիս վտան­­գո­­­ւած է Ար­­ցա­­­խի 1500 մշա­­կու­­թա­­­յին կո­­թող եւ 19 հա­­զար թան­­գա­­­րանա­­յին նմոյշ։

Միւս կող­­մէ ՀՀ. Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թեան մամ­­լոյ բան­­բեր Վա­­հան Յու­­նա­­­նեան ալ յայտնեց թէ Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման միջ­­նորդու­­թիւն ընե­­լու հա­­մար դի­­մած են Մոս­­կո­­­ւային։ Յու­­նա­­­նեանի հա­­մաձայն նե­­րառեալ Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութիւ­­նը շարք մը եր­­կիրներ պատ­­րաստա­­կամու­­թիւն յայտնած են Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման միջ­­նորդե­­լու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ