Ոճրագործ մը կը փնտռուի

Ոճրագործ Օկիւն Սամասթ դատարան ներկայացաւ ոչ թէ ամբաստանեալի, այլ վկայի դիրքին մէջ հրապարակեց կարգ մը անուններ, որոնք եւս պիտի հաստատեն ոճիրի կազմակերպուածութիւնը, առանց ցոլացնելու այդ կազմակերպութեան խորքի ծալքերը։

Թուրքիոյ արդարադատութեան համայնապատկերին վրայ անարդարութեան վառ օրինակներէն մէկը ըլլալով կը ներկայանայ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը։ Դատարանը ընդմիշտ մերժած էր Տինք ընտանիքի փաստաբաններու պահանջած հարցաքննութիւնները, անպատժելիութեան պատեանի մը մէջ պահելով ոճիրին միջամուխ ըլլալու հաւանականութիւն ունեցած բոլոր պետական պաշտօնեաները։ Այս պայմաններու ներքեւ աւարտող դատավարութենէն ետք, նոյն ինքն դատակազմը անբաւարար գտած էր կատարուած աշխատութիւնը։ «Դէպքին մէջ կազմակերպութիւն մը կայ, բայց դատակազմս չէ կրցած յայտնաբերել այդ կազմակերպութիւնը» նախադասութիւնը ինքնին խոստովանութիւն մըն էր դատավարութեան թերացումին համար։ 

Եւ սակայն, ԵՄԻԱ-ի, Նախագահական քննիչ յանձնախումբի եւ Պետական քննիչ յանձնախումբի առարկութիւններուն հետեւանքով դատը վերստին բացուեցաւ։ Վրայ հասաւ Սահմանադրական ատեանի թելադրանքը, որմէ ետք դատախազին իրաւասութիւն տրուեցաւ պետական պաշտօնեաներն ալ հարցաքննելու։ Այս հանգրուանին ոճրագործ Օկիւն Սամասթ դատարան ներկայացաւ ոչ թէ ամբաստանեալի, այլ վկայի դիրքին մէջ հրապարակեց կարգ մը անուններ, որոնք եւս պիտի հաստատեն ոճիրի կազմակերպուածութիւնը, առանց ցոլացնելու այդ կազմակերպութեան խորքի ծալքերը։ Սամասթ կը հրապարակեր որոշ անուններ, որոնք ծանօթ են իբրեւ Կիւլենական։ Այսպէս «Ինծի նախապէս թելադրած էին որ դէպքի վայրէն փախչիլէ ետք մեկնիմ դէպի Սամսուն, ուր արդէն զիս պիտի բռնէին։ Եթէ Տրապիզոնի մէջ բռնուէի Ռամազան Աքեիւրէքի այս խնդիրին մէջ ունեցած դերակատարութիւնը յայտնի պիտի դառնար։ Եասին այս մասին յատուկ զգուշացուցած էր զիս» ըսաւ Օկիւն Սամասթ։

Իշխանամետ մամուլը դիւրաւ կը շահագործէ այս լրատուութիւնը որպէսզի ոճիրը ամբողջովին բեռցնէ Ֆէթուլլահ Կիւլէնի շարժումին։ Բայց Թուրքիոյ հասարակութիւնը արդէն գիտէ թէ այս ոճիրը կարելի չէ վերագրել միայն Կիւլէնի համայնքին, միայն գործող կառավարութեան կամ միայն թուրք ազգայնականութեան։ Հրանդ Տինքի ոճիրին մէջ բաժին ունին բոլորն ալ, այդ իմաստով ալ մենք այդ դաւադրութիւնը կը հասցէագրենք ոչ թէ այս կամ այն շարժումին, այլ՝ պետութեան։

Ոստիկանական շրջանակներ կը յայտնեն թէ արդէն հսկողութեան տակ առնուած է Սամասթի նշած Լրաքաղութեան Բաժնի պաշտօնեան, որու անունը ցարդ չէ հրապարակուած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ