«Ակօս»ի օրակարգը

Էջ 118
Հայազգի երեսփոխա՞ն թէ համայնքի ներկայացուցիչ
Հայազգի երեսփոխա՞ն թէ համայնքի ներկայացուցիչ
Հայ ժո­ղովուրդի փի­լիսո­փայա­կան աւան­դութեան մէջ շատ ուշ զար­գա­ցած երե­ւոյթ մըն է ար­դի քա­ղաքա­կանու­թիւնը, մա­նաւանդ ալ կու­սակցա­կան հա­մակար­գը։ Ան­շուշտ որ ու­նե­ցած ենք կու­սակցու­թիւններ, սա­կայն անոնք իշ­խա­նու­թիւն ձեռք բե­րելու հա­մար մրցակ­ցե­լու են­թա­հող մը չու­նե­նալով, վերածուած են գա­ղափա­րախօ­սական ակումբնե­րու։ Շատ կարճ տե­ւած է հայ­կա­կան աւան­դա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու իրաւ քա­ղաքա­կան գոր­ծունէու­թիւնը։ Վրայ հա­սած է 1915-ը եւ հայ քա­ղաքա­կան միտ­քը հար­կադրո­ւած է այ­լա­սերու­մի կամ ու­ծա­ցու­մի վտան­գին դի­մաց հա­յապահ­պանման աշ­խա­տու­թիւն ծա­ւալե­լու։ Եթէ այս երե­ւոյ­թը կը վե­րաբե­րի ընդհան­րա­պէս սփիւռքա­հայութեան, Հա­յաս­տան եր­կիրն ալ խորհրդա­յին կար­գե­րու որ­դեգրած «պրո­լետար­նե­րու բռնա­տիրու­թիւն» սկզբունքին հե­տեւան­քով, չէ ու­նե­ցած մրցու­նա­կու­թիւն թե­լադ­րող կու­սակցու­թիւններ։
29 Յունուար 2016
Պիսմարքէն Հիթլեր գերմանական հայատեացութիւն
Պիսմարքէն Հիթլեր գերմանական հայատեացութիւն
Որքան ալ պաշ­­տօ­­­նակա­­նացած տե­­սու­­թիւն մը չըլ­­լայ, կարգ մը պատ­­մա­­­բան­­ներ կը պնդեն թէ Բ. Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­­մի ըն­­­թացքին Նա­­­ցինե­­­րու հրէից դէմ կի­­­րար­­­կած Հո­­­լոքոս­­­թը առնչուած է 1915-ի Հա­­­յոց ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան հետ։ Այս տե­­­սու­­­թիւնը կը կա­­­յանայ Օսմանեան իշխանութիւններու այդ ժա­­­մանա­­­կուայ Գեր­­­մա­­նիոյ վար­­­չա­­­­­­­պետ Օթ­­­թօ Ֆօն Պիս­­­մարքի հետ ու­­­նե­­­­­­­ցած յա­­­րաբե­­­րու­­­թեան վրայ։ Գեր­­­մա­­­­­­­նացի պատ­­­մա­­­­­­­բան Շթէ­­­ֆըն Իհ­­­րիկ, Հար­­­վըրտ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մա­­­տենա­­­շարէն հրա­­­տարա­­­կուած «Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը օրի­­­նականաց­­­նել» անուն գիր­­­քին մէջ Պիս­­­մարքէն սկսե­­­լով մին­­­չեւ Հիթ­­­լե­­­­­­­րի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը, կ՚ու­­­սումնա­­­սիրէ հա­­­յոց նկատ­­­մամբ Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մը։ Իհ­­­րի­­­­­­­կի հետ զրու­­­ցե­­­­­­­ցինք Պիս­­­մարքի ու Հիթ­­­լե­­­­­­­րի ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան եւ նոր հրա­­տարա­­կուած գիր­­քին մա­­սին։
13 Յունուար 2016