ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Հանրային տարածքներու բացակայութեան, մանկապատանեկան օրերուս թաղիս հետ յարաբերութիւնս կը սահմանափակուէր դրացիներուս բարեւով, պատշգամէ-պատշգամ խօսակցութիւններով, թաղէն աղմուկ բարձրացած պահուն բոլոր պատշգամներէն ցցուած աչքերով եւ խանութպաններէն գնումի ժամանակ կողմնակի կատակներով ու բամբասանքներով։ Թաղը ինքնին իբրեւ տարածք գործուն ներկայութիւն կ՚ունենար, երբ մէկ թաղ վար՝ Նոր Մարաշ, անցնիլս պէտք ըլլար, որովհետեւ հարկ էր ուշադրութեամբ հատէի եռուզեռով լեցուն պողոտան։ Եւ քանի որ ոստիկանն ու ազդալոյսերը գոյութիւն չունէին հոն, ինքնաշարժները ընդհանրապէս աւելորդ ուշադրութիւն չէին դարձներ անցորդներուն։ Այդ պատճառներէն մէկն էր, որ ծնողքս չէր արտօներ առանց չափահասի ընկերակցութեամբ անցնիլս այդ պողոտան։
Ամրան տաք յետմիջօրէի մը, հայրս ինձմէ ապսպրեց «մէկ քիլօ նուշ» բերել մեր թաղէն եւ Նոր Մարաշ անցնիլ միայն հոնկէ չգտնելուս պարագային։ Այդ օր փափաքս իրականացաւ եւ առջեւս առիթ բացուեցաւ առանձինս կտրելու 9 տարեկան փոքր հասակիս համար այլապէս արգիլուած պողոտան։ Խանդավառութեամբ մտայ առաջին խանութը եւ, նկատելով, որ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր վաճառորդին հետ, պարզապէս ըսի՝ «Պատտի քիլօ նուշ» (արաբերէն՝ մէկ քիլօ նուշ կ՚ուզեմ)՝ առանց գիտնալու նուշին արաբերէն չըլլալը։ Խանութպանը, ոչ իսկ քմծիծաղը զսպել փորձելու, ցոյց տուաւ մայթին կէսը գրաւած խսիրէ տոպրակները եւ հարցուց՝ «ո՞ր մէկը», իսկ ես՝ նոյնիսկ նուշին ինչ ըլլալը չգիտցած, կը կրկնէի՝ «նուշ, նուշ»՝ յուսալով, որ քանի մը անգամ ըսելս յանկարծ լուսաբանէր ուզուածը։ Ի վերջոյ, մեր խօսակցութեան լսողաց յաճախորդուհի մը, նոյնպէս քահ-քահը չթաքցնելով, ըսաւ՝ «լոզ, պատտա լոզ» (ուզածը նուշ է) եւ պարկէն նուշ մը վերցնելով՝ գրեթէ չունեցած ակռաներով կտրեց հատիկը ու լափեց։
Մէկ հատիկ նուշին այդ կոկորդէն իջնելուն նման ես ալ անցայ գետնին տակ։ Ինքնզինքս գտայ միջավայրի մը մէջ, ուր խանութպանին ծիծաղը խանգարեց էութիւնս։ Այս դէպքէն ետք, այդ մեծ պողոտան կտրելը կորսնցուց իր հմայքը։ Ինքզինքս օտար զգացի այդ վայրին մէջ՝ նոյնիսկ արագ-արագ անցնելով այդ խանութին առջեւէն, որպէսզի յանկարծ խանութպանը չյիշէր զիս եւ պատահարը։ Վայրին յառաջացուցած ամօթի զգացումը դարձաւ մարմինիս ու ինքնազգացողութեանս վերահսկողութեան միջոց, այլ խօսքով, տարածքը իր իշխանութիւնը պարտադրեց մարմինիս վրայ։ Մէկ քիլօ նուշի պարզ գնումը դարձաւ կեանքիս այն անկիւնադարձը, որ ինքնութեանս հասկացողութիւնը առաջին անգամ տարածքի ընդմէջէն դրսեւորեց։ Ան բացայայտեց, որ ինքնութիւնը ոչ միայն մեր ո՛վ, այլեւ՝ ուր ըլլալն է։
Տարիներ անց, այդ պողոտան փոխարինուեցաւ կամուրջով մը, որ պատճառ դարձաւ կարգ մը շէնքերու փլուզման կամ կիսաքանդումին։ Շատ մը ընտանիքներ եւ վաճարականներ տեղահան եղան իրենց տուներէն կամ խանութներէն։ Փոխուեցաւ շրջանին դիմագիծը, մոռացութեան ենթարկուեցան նաեւ շուրջի թաղամասերու հայկական անուանումները։ Օրինակ, կամուրջին շինութեան հետեւանքով քայքայուեցաւ «Պօղոս Արիս» շրջանը. Պօղոս Արիս կաթոլիկ կղերական հայր Պօղոս ծ. վրդ. Արիսն է, որ մեծ աշխատանք տարած է հայ որբերու հաւաքին եւ ոչ միայն։ Մինչ ես, կը շարունակեմ թաղերս կոչել իրենց հայկական անուններով եւ գնումներս կատարել հայերէն լեզուով,-- թէկուզ, որ դիմացինս հայերէնի չի տիրապետեր, -- տարածքը կը շարունակէ մարմինիս վրայ պարտադրել իր իշխանութիւնը, որ կը ստիպէ ինծի բանակցութեան մէջ մտնել թաղս հետս կիսողներուն հետ։

