«Սար». Լերան մէջէն, լեռին դէմ եւ կողքին
Վերջապէս առիթը ունեցայ դիտելու «Սար» ներկայացումը, որ տասնամեակէ մը ի վեր բեմի վրայ է։ Քոլէքթիվէն Արազ Գոճայեանը, Սեսիլ Արթուչը եւ Թամար Կիւրճեանը հոկտեմբեր 2023-ին ներկայացման մասին յօդուած մը գրած էին Բարռեսիաբարին համար։ Տարիներու վրայ, Սարօ Ուստան եւ Միհրան Թովմասեանը «Սար»-ին բեմականացումը փոփոխած եւ զարգացուցած են՝ իրենք ալ փոխուելով եւ մեծնալով՝ թատրերգութեան զիրենք այլափոխելէն։ Անոնք մերթ լեռ, մերթ աղբակոյտ եւ մերթ աղբին մէջ գանձ փնտռողներ դարձած են։
Բաւական ուշ տեսայ փիէսը, այսուհանդերձ պարզուեցաւ, որ անիկա թատրոն մըն էր, որ ամէն օր կը դիտէի, կը խաղայի։ Դիտած ատենս կեանքս ամբողջութեամբ աչքիս առջեւ երեւցաւ։ Հաւանաբար քանդումի եւ ինքնաջնջումի պատում մը աւելի լաւ չէր կրնար բեմականացուիլ։
Յետ ներկայացման քննարկումին պահուն հանդիսատեսներուն հարցումները առաւելաբար կեդրոնացան պարագրութեան մէջ օգտագործուած տարրերուն մասին։ Հիմնական տարրը թուղթն էր։ Թուղթը ներկայացուց թէ՛ լեռը թէ՛ աղբակոյտը։ Ի՛նչ բանը աւելի լաւ պիտի նկարագրէր գիրի եւ տպագրութեան այդքան հարուստ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ մը, քան թուղթը։ Տարրի վերաբերեալ հարցումներուն զգալի մասը, բացի քանի մը հատէն, անդրադարձաւ թուղթի՝ օգտագործման պատճառին, տեսակին, արտադրած տարբեր ձեւերուն եւ ձայներուն, կոթողական տեսողական ազդեցութեան եւ թէ ինչպէ՛ս կարողացաւ պահպանել իր ներուժը՝ թէկուզ աղբի վերածուած։ Հարցումներուն տակը հանդիսատեսին մօտ աւելի խորունկ հետաքրքրութիւն մը կար՝ ի՞նչ կը ներկայացնէ տարրը ըստ էութեան։ Իբրեւ հանդիսատեսներ, մենք հասկցանք ինչ որ կ՚ուզէինք հասկնալ, բայց արուեստագէտները իրենք ի՞նչ կը փորձէին ըսել։ Ի՞նչ կը փոխանցէր մեզի արուեստագէտին մէկ ժամնոց հոյակապ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ պայքարը թուղթին հետ։

Մեր առջեւ կանգնած թուղթը, որ Վեհափառ լեռէ կը վերածուի թղթակոյտի եւ վերջապէս՝ աղբակոյտի, կարելի է մեկնաբանել նաեւ իբրեւ դռները դէպի գաղութատիրական աշխարհ բանալու աքտ։ Լերան ներսէն դուրս եկող, անոր դէմ պայքարող, գագաթը բարձրացող, վրան նստող, տիրացող. եւ այն վայրկեանին, երբ անհատը կը տիրանայ անոր՝ աղբի կը վերածէ զայն։ Այս կարելի է մեկնաբանել իբրեւ արտախլման ամբողջական պատում մը։
Այս իմաստով, թուղթը կրնայ ներկայացնել թէ գաղութատէրը եւ թէ բնիկը։ Լերան տիրապետելու, զայն աղբի վերածելու եւ անկէ արտախլած բեկորները որպէս գանձ վաճառելու մտածելակերպը գաղութատիրական է՝ առաջնահերթութիւն ունենալով արտախլումը։ Միաժամանակ, լեռէն ժայթքող բնիկը, բախելով լերան գոյութեան ու անոր յիշեցուցած կշիռին եւ սարսափին, կրնայ վերածուիլ անձի մը, որ յուսահատօրէն կը փորձէ ձերբազատիլ այդ վիթխարի ներկայութենէն, քանդել, աղբի վերածել։ Քանի՜ հայկական վարժարաններ, քանի՜ հայ ընտանիքներ իրենց գրադարանը կրակի տուին, գիրքերը ջրհորը նետեցին, եռացող կաթսաներու մէջ ոչնչացուցին իրենց հաւաքածոները։ Քանի՞ հայեր այդ պահերուն ձեւով մը թեթեւ զգացին՝ միաժամանակ ճնշուած ըլլալով մեղանչած ըլլալու զգացումով։ Անոնց ստեղծած արժէքները պահպանելու անկարողութիւնը պատմական ժառանգութիւն մըն է, որ յաճախ երբէք չի ճանչցուիր։
«Սար»-ը այս բոլոր բաներուն մասին ինծի մտածել տուաւ։ Բայց աւելի կարեւոր էր այն ինչ որ ինծի զգացնել տուածը։ Երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մէկ ժամնոց ներկայացումէն դուրս եկայ հետս շալկելով բարդ եւ հանգուցուած զգացումներով։ Եւրոպայի մէջ, հայկական ժառանգութեան նիւթը արծարծող գեղարուեստագիտական գործեր, ինչպէս՝ վէպ, ֆիլմ, թատրոն, մեծաւ մասամբ յորդորական են՝ կառուցուած սպիտակներու գերակայութեան տեսանկիւնէն, եւ կը պարունակեն բաւականին իմացաբանական բռնութիւն։ Գրեթէ անխուսափելի են նման գործերու վրայ ժամանակ տրամադրելուն համար ափսոսալն ու զայրանալը։ Սակայն «Սար»-ը, ինծի զգացնել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդ մը կը շարունակէ իր գոյապայքարը՝ հակառակ իր շալկած ծանր բեռին, եւ թէ ինչպէ՛ս, կը պահէ իր յոյսը՝ թէկուզ ստիպուած ըլլալով ընդմիշտ ինքզինքէն հրաժարելու, ինքզինք ժխտելու, նոյնիսկ՝ ինքզինք աղբի վերածելու, յոյսը, որ օր մը, այլ ժամանակի ընթացքին, ուրիշ մարդկութիւն մը կրնայ հասկնալ այս պայքարը եւ ուղղութիւն առնէ ատկէ։
Թարգմանեց Արազ Գոճայեան

