Գինեձօն Զէքիեան Գերապայծառի նոր գիրքին համար

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Թուրքիոյ հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի պետ՝ Գե­րապայ­ծառ Լե­ւան արք. Զէ­քիեան հո­գեւոր ծա­ռայու­թեան կող­քին հայ եւ հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան մէջ ծա­նօթ է նաեւ իր մտա­ւորա­կանի դի­մագի­ծով։ Ար­դա­րեւ փրոֆ. Պօ­ղոս Լե­ւոն Զէ­քիեան նախ­քան Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­կան աթո­ռը ստանձնել Իտա­լիոյ մէջ կը դա­սաւան­դէր երեք հա­մալ­սա­րան­նե­րէ ներս։ Մեր այս ար­ժէ­քաւոր դա­սախօ­սը Վե­նետի­կի մէջ կը դա­սաւան­դէ հա­յերէն լե­զու եւ գրա­կանու­թիւն, Հռո­մի հա­մալ­սա­րանէ ներս աս­տո­ւածա­բանու­թիւն եւ Նա­փոլիի հա­մալ­սա­րանին մէջ ալ փի­լիսո­փայու­թիւն։ Այս բե­րուն աշ­խա­տան­քը հա­սարա­կու­թեան կը ներ­կա­յանայ իր հե­ղինա­կած գիր­քե­րով։ Սոյն գիր­քե­րու «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան մակ­նի­շով թրքե­րէն հրա­տարա­կու­թիւննե­րը զինք ծա­նօթ կը դարձնէ նաեւ Թուրքիոյ մտա­ւորա­կան շրջա­նակ­նե­րուն։ Այս ծի­րէն ներս «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յեց Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեանի «Կո­րու­սեալ քա­ղաքէն դէ­պի բա­րոյա­կան հայ­րե­նիք, հա­յոց պատ­մութեան ամ­բողջա­կան ակ­նարկ մը» խո­րագ­րեալ գոր­ծը։ Գիր­քը նա­խապէս հրա­տարա­կուած էր իտա­լերէ­նով եւ այդ բնա­գիրը Սե­մա Փոս­տա­ճըօղ­լո­ւի խնա­մեալ թարգմա­նու­թիւնով վե­րածո­ւեցաւ թրքե­րէնի։

Այս հրա­տարա­կու­թեան առ­թիւ հրա­տարակ­չա­տան նա­խաձեռ­նութեամբ Գա­րագիւղ Հայ կա­թողի­կէ Սուրբ Փրկիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­նեձօն։ Մի­ջոցառ­ման բա­ցու­մը կա­տարեց «Արաս» հրա­տարակ­չութեան գլխա­ւոր խմբա­գիր Ռո­պէր Քոփ­թաշ։ Ան հա­կիրճ տո­ղերով ծա­նօթա­ցուց օրո­ւայ զոյգ ատե­նախօս­նե­րը, ակա­դեմա­կան­ներ՝ տոքթ. Մու­րատ Ճան­գա­րա եւ տոքթ. Ֆա­թիհ Մեհ­մետ Ուսլուն։ Եր­կու անուններ, որոնք քա­ջաբար կը տի­րապե­տեն հա­յերէ­նի եւ կ՚ու­սումնա­սիրեն հա­յոց պատ­մութեան յատ­կա­պէս ԺԹ. դա­րու ան­ցուդար­ձե­րը, ի մաս­նա­ւորի ծան­րա­նալով հայ թատ­րո­նի վրայ։ Այսպէս նախ ելոյթ ու­նե­ցաւ Մու­րատ Ճան­գա­րա եւ հան­գա­մանօ­րէն ծա­նօթա­ցուց գիր­քի ամ­բողջու­թիւնը։ Ան­վե­րապահ հիացու­մով ար­տա­յայ­տո­ւեցաւ Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեանի մտա­յին մեծ կու­տա­կու­մին եւ ափ­սո­սանք յայտնեց, թէ ի տար­բե­րու­թիւն յա­ջորդ ատե­նախօս Ֆա­թիհ Մեհ­մետ Ուսլո­ւէ ինք չէ ար­ժա­նացած Զէ­քիեանի աշա­կեր­տած ըլ­լա­լու մե­նաշ­նորհին։

Ֆա­թիհ Մեհ­մետ Ուսլու իր ելոյ­թին մէջ կա­րեւո­րեց հայ գաղ­թա­կանու­թեան խնդի­րը, քա­նի որ այս կը վե­րաբե­րէր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող մեծ վե­րիվայ­րումնե­րու շրջա­նի մը։

Ներ­կա­ները մեծ ու­շադրու­թեամբ հե­տեւե­ցան այս խիստ կա­րեւոր բա­նախօ­սու­թիւննե­րուն, որոնց յա­ջոր­դեց անո­ւանի տու­տուկա­հար Էր­դան Թե­քինի նո­ւագը։ Էր­դան Թե­քին բա­ռին իս­կա­կան իմաս­տով նո­ւիրեալ մըն է հայ­կա­կան տու­տուկի հան­դէպ եւ ան­հա­ւատա­լի հա­րազա­տու­թեամբ թա­փան­ցած է այդ նո­ւագա­րանի պար­տադրած երաժշտա­կան ու­նա­կու­թեան։ Ու­րեմն ունկնդի­րը շատ յա­ճախ կը դժո­ւարա­նայ զա­նազա­նել, թէ իր լսա­ծը որ­քա­նով ծա­նօթ, նա­խապէս լսո­ւած մե­ղեդի մըն է եւ որ­քա­նով այդ պա­հուն յօ­րինո­ւած յան­կարծա­բանու­թիւն մը։

Մի­ջոցա­ռու­մը իր աւար­տին հա­սաւ Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեանի ար­տա­սանած սրտի խօս­քով, որ իր կար­գին շնոր­հա­կալու­թեան ար­տա­յայ­տութիւն մըն էր, թէ մի­ջոցա­ռու­մի կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն, թէ ատե­նախօս­նե­րուն կամ նո­ւագա­ծուին եւ թէ ներ­կայ հա­սարա­կու­թեան։ Աւար­տին եկե­ղեց­ւոյ փա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դունե­լու­թիւն, որու ըն­թացքին հե­ղինա­կը իր գիր­քէն օրի­նակ­ներ մակագրեց ցանկացողներուն համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ