Կոմիտասը ապրիլ Պարոյր Սեւակով

Հազիւ շաբաթներ առաջ մեր մօտ կը տի­­րէր այն մտա­­վախու­­թիւնը, ըստ որու պոլ­­սա­­­հայերս պի­­տի թե­­րանանք Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետի ծննդեան 150 ամեակը պատ­­շաճ ձե­­ւով նշե­­լու։

Կը պար­­զո­­­ւի թէ լրջօ­­րէն սխա­­լած ենք նման մտա­­տան­­ջութեան մատ­­նո­­­ւելով։ Այժմ նոր մտա­­հոգու­­թիւն մը կը տի­­րէ. չըլ­­լայ որ նա­­խատե­­սուած մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու թո­ւական­­նե­­­րը խա­­չաձե­­ւուին։ Նման պա­­րագա­­յի բա­­ւական դժո­­ւար պի­­տի ըլ­­լայ նա­­խընտրու­­թիւն ընել ամէն մէ­­կը իրար­­մէ հե­­տաքրքրա­­կան ծրա­­գիր­­նե­­­րու միջեւ։

Խմբագ­­րա­­­տու­­նէ ներս վա­­յելե­­լով Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանի հիմ­­նարկու­­թեան 175-ամեակի յի­­շատակ­­ման յանձնա­­խումբի նա­­խագահ օր. Հեր­­մի­­­նէ Պեն­­լիօղ­­լո­­­ւի եւ յանձնա­­խումբի ան­­դամնե­­րէն մեր սի­­րելի բա­­րեկամ եւ բազ­­մա­­­վաս­­տակ դե­­րասան Արամ Կոս­­տա­­­նեանի այ­­ցե­­­լու­­թիւնը, վե­­րահա­­սու եղանք անոնց ձեռ­­նարկած գրա­­կան- երաժշտա­­կան հան­­դի­­­սու­­թեան, ձօ­­նուած մեծն Կո­­միտա­­սի յո­­բելեանին։

Քա­­նի կը լսէինք նա­­խատե­­սուած մի­­ջոցառ­­ման բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնը եւ կարգ մը ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը, մեր մէջ ալ աւե­­լի կը բարձրա­­նար հրճո­­ւան­­քի զգա­­ցու­­մը։ Ար­­դա­­­րեւ տա­­տեան­­ցի­­­ներ որո­­շած են Կո­­միտա­­սը ոգե­­կոչել Պա­­րոյր Սե­­ւակի կո­­թողա­­յին գոր­­ծէն՝ «Անլռե­­լի Զան­­գա­­­կատուն»էն հա­­տուած­­նե­­­րով։ Այս բա­­ցառիկ բե­­մադ­­րութեան մէջ Արամ Կոս­­տա­­­նեանի կող­­քին բեմ պի­­տի ել­­լեն Լի­­տա Քէօսէօղ­­լու, Արի Պա­­րու­­թօղլու, Արալ Ճան Տու­­վարճը, Ագ­­սել Ճե­­րանօղ­­լու, Կա­­րէն Արսլան, Պու­­րակ Սիւ­­մեր։

Այսպէս Սա­­յաթ Նո­­վա երգչա­­խումբի, մեր մեծ վար­­դա­­­պետի մա­­հուան յիս­­նա­­­մեակին նո­­ւիրո­­ւած ներ­­կա­­­յացու­­մէն 34 տա­­րիներ ետք կրկին կը ղո­­ղան­­ջէ Սե­­ւակի Անլռե­­լի Զան­­գա­­­կատու­­նը՝ այս ան­­գամ Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանի Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ հան­­դի­­­սաս­­րա­­­հին մէջ, 4 Նո­­յեմ­­բեր 2019-ին նախ հա­­մայնքիս վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու աշա­­կեր­­տութեան հա­­մար ժա­­մը 13.30-ին եւ ապա արո­­ւես­­տա­­­սէր­­նե­­­րու հա­­մար ժա­­մը 21.00-ին։

Կ՚ար­­ժէ նշել թէ կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րը ապա­­հոված են նաեւ փո­­խադ­­րութեան սպա­­սար­­կութիւն, քա­­ղաքիս հա­­յաշատ թա­­ղերէն դէ­­պի Պա­­քըր­­գիւղ։

Հաս­­տատ հա­­մոզու­­մով կ՚երաշ­­խա­­­ւորենք թէ ար­­տա­­­կարգ վա­­յելք մը կը սպա­­սէ մեզ, եւ ափ­­սո­­­սանք պի­­տի ապ­­րին այդ վա­­յել­­քէն ան­­մասն մնա­­ցող­­նե­­­րը։

Շնոր­­հա­­­ւորու­­թիւն մտայ­­ղացման հա­­մար եւ յա­­ջողու­­թեան մաղ­­թանք տա­­տեանցիներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ