«Մանթըի Աշխատանոց» Հրանդ Տինք Հիմնարկի մէջ

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կազ­մա­կեր­պած եւ Շիշ­լիի գա­ւառա­պետի որո­շու­մով ջնջո­ւած Կե­սարիոյ բա­նախօ­սու­թեան բա­ղադ­րիչնե­րէն մէկն ալ տա­րածաշրջա­նի խո­հանո­ցին յա­տուկ կա­րեւո­րագոյն սննդե­ղէնի՝ ման­թըի պատ­րաստու­թիւնն էր։ Որ­քան ալ չի­րակա­նացաւ բա­նախօ­սու­թիւնը, գո­նէ ար­գելք մը չէր դրո­ւած «Ման­թըի Աշ­խա­տանոց»ը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Այսպէս 26 Հոկ­տեմբեր շա­բաթ օր, 11.00-18.00-ի մի­ջեւ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի դահ­լի­ճին մէջ պի­տի կա­յանայ ման­թըի պատ­րաստու­թեան ձօ­նուած աշ­խա­տանո­ցը։

Հիմ­նարկը կը տե­ղեկաց­նէ, թէ մի­ջոցա­ռու­մը նա­խատե­սուած է ինչպէս ան­չա­փահաս­նե­րու նաեւ չա­փահաս­նե­րու հա­մար։ Այս հե­տաքրքրա­կան մի­ջոցառ­ման մաս­նակցիլ փա­փաքող­ներ կրնան դի­մել Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կայ­քին եւ ար­ձա­նագ­րո­ւիլ։

Այդ օրո­ւայ հա­մար նա­խատե­սուած է «ման­թը» ընդհա­նուր խո­րագ­րի ներ­քեւ յի­շուած մօտ 36 տե­սակ մանթըներ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ