Ատելութեան պատգամի վերջին հասցէն Քոնիան է

Առաջին ան­գամ սոց­ցանցե­րուն է, որ բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ստեղ­ծեց Քո­նիա քա­ղաքի որ­մազդե­րը, ուր ատե­լու­թեան պատ­գամներ կը փո­խան­ցո­ւէին քրիս­տո­նեանե­րու եւ հրեանե­րու հան­դէպ։ «Անա­տոլիայի Երի­տասար­դաց Միու­թիւն» անուն կազ­մա­կեր­պութեան մը նա­խաձեռ­նութեամբ պատ­րաստո­ւած որ­մազդե­րու վրայ գրո­ւած էր հե­տեւեալը. «Բա­րեկա­մու­թիւն մի հաս­տա­տէք հրեանե­րու եւ քրիս­տո­նեանե­րու հետ, վասն զի անոնք իրա­րու բա­րեկամ­ներ են եւ անոնց հետ բա­րեկա­մացողն ալ անոնցմէ կը հա­մարո­ւի»։

Այս գրա­ռումնե­րը տե­ղադ­րո­ւած էին քա­ղաքի հան­րա­շարժնե­րու կա­յան­նե­րուն, որուն դէմ լայ­նա­ծաւալ բո­ղոք կա­յացաւ, որ­մէ ետք քա­ղաքա­պետա­րանը հա­ւաքել տո­ւաւ բա­նավէ­ճի նիւթ դար­ձած որ­մազդե­րը։

Այս մա­սին ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Տիար­պէ­քիր պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան ալ հար­ցա­գիր ուղղեց Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան, հարց տա­լով, թէ նա­խարա­րու­թիւնը ինչպէ՞ս կը մեկ­նա­բանէ կա­տարո­ւածը եւ ի՞նչ պատ­ժա­միջոց­ներ կը նա­խատե­սէ կա­տարո­ւած ատե­լու­թեան յան­ցանքի դէմ։

Միւս կող­մէ մար­դու իրա­ւունքնե­րու միու­թեան հա­մանա­խագահ Էրեն Քես­քին եւս բո­ղոքեց կա­տարո­ւածին դէմ ու յայտնեց, թէ այս գրա­ռու­մի դէմ դա­տարա­նին պի­տի դի­մեն պա­տիժ պա­հան­ջելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ