Առարկութեան պահանջը կը շարունակուի

Ներքին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան ղրկած կա­նոնա­գիրով ար­գի­լուած էր ար­տերկրի եպիս­կո­պոս­նե­րու պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րուն մաս­նակցի­լը։ Երբ հա­մացան­ցի, յատ­կա­պէս ալ «Դի­մատետր»ի եւ «Թո­ւիթըր»ի վրայ կը շրջին հա­սարա­կական նա­խաձեռ­նութեան գրա­ռումնե­րը, նա­խորդ թո­ւին մէջ անդրա­դար­ձած էինք հա­ւանա­կան թեկ­նա­ծու Խա­ժակ եւ Վի­գէն սրբա­զան­նե­րու գո­յացած անօ­րէն իրա­վիճա­կին դէմ առար­կութեան։ Այս ան­գամ ալ Պեք­ճեան եւ Չուլճեան սրբա­զան­նե­րը կը մեր­ժեն իրա­վիճա­կը եւ կը պա­հան­ջեն, որ տե­ղապա­հը եւ Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մի­նը պատ­շաճ կեր­պով եւ վե­րատե­սու­թեան պա­հան­ջով իշ­խա­նու­թեան փո­խան­ցեն հայ եկե­ղեց­ւոյ առար­կութիւ­նը։ Ստո­րեւ մեր ըն­թերցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նենք Գա­րեգին արք. Պեք­ճեանի 20 Հոկ­տեմբեր 2019 թո­ւակիր նա­մակի բնա­գիրը։ Իսկ Սե­պուհ արք. Չուլճեանի նա­մակը տես­նել հա­յերէն Դ էջի վրայ։

*

Գերշ. Տ. Սա­հակ Եպս. Մա­շալեան

Պատ­րիար­քա­կան Տե­ղապահ

Իս­թանպուլ, Թուրքիա

Գե­րաշ­նորհ Սրբա­­զան Եղ­­բայր,

 

Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն կը յայտնեմ ին­­ծի ուղղեալ ձեր 9 Հոկ­­տեմբեր 2019 թո­ւակիր նա­­մակին հա­­մար, որով կ՚ու­­զէք գիտ­­նալ թէ ար­­դեօք պատ­­րիար­­քա­­­կան թեկ­­նա­­­ծու պի­­տի ներ­­կա­­­յանա՞մ կամ ոչ։

Ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րու ներ­­քոյ, երբ խախ­­տո­­­ւած են շուրջ 10 սրբա­­զան եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րու իրա­­ւունքնե­­րը եւ ջնջո­­ւած են անոնց թեկ­­նա­­­ծու ներ­­կա­­­յանա­­լու հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը, ես յար­­մար կը նկա­­տեմ առ ի զօ­­րակ­­ցութիւն անոնց նոյնպէս թեկ­­նա­­­ծու չներ­­կա­­­յանալ։ Ու­­ղե­­­ցոյ­­ցի սահ­­մա­­­նափա­­կու­­մը՝ ապա­­գայի հա­­մար Պատ­­րիար­­քա­­­րանին վտանգ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ։

Կոչ եւ խնդրանք կ՚ուղղեմ միւս եր­­կու հնա­­րաւոր թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րուն՝ յա­­նուն հա­­ւասա­­րու­­թեան եւ ար­­դա­­­րու­­թեան նոյնպէս թեկ­­նա­­­ծու­­թիւն չներ­­կա­­­յաց­­նել։

Եղ­­բայրա­­կան սի­­րով ի Քրիս­­տոս՝

Գա­­րեգին Արք. Պեք­ճեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ