Համաժողովը չստացուեց, բայց...

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի 18 եւ 19 Հոկ­տեմբեր թո­ւական­նե­րուն հա­մար ծրագ­րած մի­ջոցա­ռու­մը չէր կա­յացած Շիշ­լիի գա­ւառա­պետի մի­ջոցա­ռու­մէն ժա­մէր առաջ ու­ղարկած ար­գիլման լու­րին բեր­մամբ։ Եթէ ամէն ինչ բնա­կանոն ըն­դա­նար Կե­սարիոյ մշա­կոյ­թին ձօ­նուած մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին պի­տի կա­յանար նաեւ Կե­սարիոյ խո­հանո­ցին վե­րաբե­րեալ աշ­խա­տանոց մը։ Այդ աշ­խա­տանո­ցը ան­ջա­տօրէն գոր­ծադրո­ւեցաւ նա­խորդ շա­բաթ օր 26 Հոկ­տեմբե­րին հիմ­նարկի հա­ւաքա­տեղիին մէջ։

Տօ­նական մթնո­լորտ կը տի­րէր ամ­բողջ շէն­քէ ներս։ Հե­տաքրքա­սէր ժո­ղովուրդ մը փու­թա­ցած էր, թէ ելոյթներ լսե­լու եւ թէ ին­չու չէ ճա­շեր պատ­րաստե­լու հա­մար։ Օրո­ւայ գլխա­ւոր ճաշն էր Կե­սարիոյ ման­թըն, որ պատ­րաստո­ւեցաւ տար­բեր մի­ջուկնե­րով եւ տար­բեր չա­փերով։ Ման­թըի պատ­րաստութեան աւան­դութեան մա­սին խօսուեցան խիստ շա­հեկան զե­կոյցներ։ «Ակօս»ի սիւ­նա­կագիր Լե­ւոն Պա­ղըշի ժո­ղովա­վարու­թեամբ Եըլ­տըզ Հո­րաթա, Լէյ­լա Քը­լըչ, Թա­գու­հի Թով­մա­սեան եւ Սալ­փի Ղա­զարեան շատ հա­ճելի զրոյց մը ու­նե­ցան ման­թըի պատ­րաստման հա­մարեա ծի­սական աւան­դութիւննե­րու շուրջ։

Անա­րատ յղու­թիւն շէն­քի երեք յար­կե­րու վրայ ալ զգա­լի էր տօ­նական մթնո­լոր­տը, որուն կա­րեւոր ազ­դակնե­րէն մէկն ալ ան­չա­փահաս­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնն էր։ Այսպէս գրե­թէ բո­լոր տա­րիք­նե­րէ երա­խաներ իրենց հա­մար զո­ւար­ճա­լի ապ­րումներ վա­յելե­ցին մերթ խմոր թխե­լով, մերթ պար­տէ­զի նռննե­նի նկա­րելով եւ մերթ ալ պար­զա­պէս անա­ռակօ­րէն խա­ղալով։ Այս բո­լորը բնու­թագրե­լու հա­մար պահ մը կրնանք խոր­հիլ թէ երա­խանե­րու ճչո­ցին մէջ կրկին ան­գամ կը խայ­տար Հրան­դի հո­գին, տես­նե­լով ման­կա­կան այս ու­րա­խու­թիւնը։

Օրո­ւայ աւար­տին հա­մար պատ­րաստուած էր երաժշտա­կան խիստ շա­հեկան յայ­տա­գիր մը։ Նշենք որ յայ­տա­գիրի շա­հեկա­նու­թիւնը կու գար անոր յան­կարծա­բանա­կան մտեր­մութե­նէն։ Նա­խապէս իրար հետ չաշ­խա­տակ­ցած բազ­մա­թիւ երա­ժիշտներ, այս առ­թիւ կողք կող­քի եկած էին եւ մեծ ներ­դաշնա­կու­թեամբ ներ­կա­յացու­ցին Կե­սարիոյ շրջա­կայքին յա­տուկ զա­նազան ժո­ղովրդա­կան եր­գեր։ Այդ երա­ժիշտներն էին Սուրբ Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ վաս­տա­կաւոր դպիր Մու­րատ Իչ­լի­նալ­չա, որ իր եր­գե­րուն հետ նաեւ կը նո­ւագէր պաղ­լա­մա կամ լաւ­թա։ Անոր կող­քին էր դար­ձեալ մտեր­մութիւ­նով բո­լորին սրտին մէջ տեղ գտած՝ երգչու­հի Այ­շէ­նուր Քո­լիվար։ Այ­շէ­նուր կրնայ եր­գել Սեւ Ծո­վեայ տա­րած­քի բո­լոր լե­զու­նե­րով։ Բայց այս ան­գամ նկա­տի ու­նե­նալով Կե­սարիոյ մէջ չեր­քէզնե­րու բնակ­չութեան մեծ հա­մեմա­տու­թիւնը, նա­խընտրեց չեր­քէզնե­րէն երգ մը եր­գել։

Բե­մին վրայ էին նաեւ «Ոմանք» խումբէն Ռու­բէն Մել­քի­սեթօղ­լու քլար­նե­թով եւ Արի Հեր­կել կի­թառով։ Մուամմեր Քեթենճիօղլուի աքորտիոնի կողքին, հա­րուա­ծային գոր­ծիքնե­րով Պուրհան Հաս­տե­միր եկած էր այս կազ­մը ամ­բողջաց­նե­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ