Տերեւաթափ սփիւռքի դպրոցներուն համար

Բարեւ,

 

Մէկ շաբաթ չգրելու արտօնութիւն կ՚ուզեմ Մեր դպրոցը գոցելու լուրը ստացանք։ Այս շաբաթը սկսաւ տարօրինակ անցնիլ, կանոնաւոր դաս չկայ, աշակերտները լաց ու կոծի մէջ են, ծնողները ապշած եւ լարուած են, փոխանակ դասարան մտնելու՝ բողոքի ցոյցեր կ՚ընենք, հեռատեսիլ, մամուլ, բակի մէջ բազմութիւն, շրջանաւարտներ, մեծ հայրեր, մեծ մայրեր, մեր ապրած քաղաքի այլ հայկական վարժարաններու աշակերտներու եւ ուսուցիչներու զօրակցութեան այցելութիւններ, Հայաստանի նախագահին եւ Փաշինեանին նամակ գրելներ, յետոյ նորէն ցոյցեր... Այս փոշիի եւ խառնաշփոթութեան մէջ չուզեցի նստիլ եւ «Ակօս» գրել, հակառակ անոր, որ բառը որոշած էի. «ՓԱԿ»։

 

Գալ շաբաթ գրած կ՚ըլլամ,

Սիրով՝

Նորայր

Տարի­­ներու տե­­ւողու­­թեամբ «Ակօս»ի յա­­րատեւ սիւ­­նա­­­կը այս շա­­բաթ թա­­փուր է, քա­­նի որ մեր ար­­ժէ­­­քաւոր գոր­­ծընկեր Նո­­րայր Տա­­տու­­րեան մատ­­նո­­­ւած է շատ լուրջ իրա­­վիճա­­կի մը դի­­մաց եւ այս բաց­­թո­­­ղու­­մի առ­­թիւ նե­­րողու­­թիւն կը խնդրէ իր ըն­­թերցող­­նե­­­րէն։

Ժա­­մանակ­­նե­­­րու թե­­լադ­­րանքն է կար­­ծես, հայ­­կա­­­կան սփիւռքը հետզհե­­տէ մատ­­նո­­­ւած է նման բնոյ­­թէ ծա­­գած հո­­գերու։ Նո­­րայր Տա­­տու­­րեան նե­­րողու­­թիւն հայ­­ցող իր երկտո­­ղին կցած էր նաեւ Հայ բա­­րեգոր­­ծա­­­կան ընդհա­­նուր միու­­թեան Վա­­չէ եւ Թա­­մար Մա­­նու­­կեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը փա­­կելու որո­­շու­­մին մա­­սին ծնող­­նե­­­րուն ու­­ղարկած լու­­սա­­­բանու­­թիւնը։

Այսպէս մենք տե­­սանք թէ հայ դպրո­­ցի մատ­­նո­­­ւած ճգնա­­ժամը միայն ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րով է, որ կը զա­­նազա­­նուի մէ­­կը միւ­­սէն։ Ար­­դա­­­րեւ բա­­րեգոր­­ծա­­­կանը այս որո­­շու­­մը կը նկա­­րագ­­րէ գո­­յացած տնտե­­սական դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու իբր հե­­տեւանք։ Շատ ծա­­նօթ են այնտեղ ըսո­­ւած­­նե­­­րը։ «Տա­­րուէ տա­­րի կը նո­ւազի աշա­­կերտնե­­րու թի­­ւը։ Դպրո­­ցը հար­­կադրո­­ւած է իւ­­րա­­­քան­­չիւր աշա­­կերտի հա­­մար տա­­րեկան ծախ­­սել մօտ 20 հա­­զար տո­­լար եւ այդ գու­­մա­­­րի կէ­­սէն աւե­­լի քի­­չը կրնան գան­­ձել ծնող­­նե­­­րէ։ Այս պայ­­մաննե­­րու տակ անհրա­­ժեշ­­տութիւն եղած է դպրոց­­նե­­­րու շէն­­քե­­­րը միաց­­նել եւ այսպէս ուսման տա­­րեշրջա­­նի աւար­­տին Վա­­չէ եւ Թա­­մար Մա­­նու­­կեան երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րանը կը փա­­կէ իր դռնե­­րը եւ յա­­ռաջի­­կայ տա­­րի դպրո­­ցի սա­­ները իրենց ու­­սումը կը շա­­րու­­նա­­­կեն Մա­­նու­­կեան- Տե­­միր­­ճիեան դպրո­­ցի մէջ։ Գաղտնիք չէ, որ Պոլ­­սոյ մէջ եւս կը տի­­րէ նման մտադ­­րութիւն եւ ոմանք կ՚առա­­ջար­­կեն գոր­­ծող դպրոց­­նե­­­րը միաց­­նել իրա­­րու, որ­­պէսզի քիչ մը աւե­­լի կրճա­­տուի տա­­րեկան ծախ­­սե­­­րը։

Ան­­շուշտ բա­­րեգոր­­ծա­­­կանի օրի­­նակի հա­­մար ստի­­պուած ենք մտա­­ծելու այս հաս­­տա­­­տու­­թեան սփիւռքի վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րուն ուղղեալ նոր ռազ­­մա­­­վարու­­թեան մա­­սին եւս։ Յի­­շենք որ այդ ռազ­­մա­­­վարու­­թեան հե­­տեւան­­քով ան­­ցեալին դար­­ձեալ աղմկա­­յարոյց հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րու մէջ փա­­կուած էր Կիպ­­րո­­­սի Մել­­քո­­­նեանը։ Այդ շրջա­­նին Բա­­րեգոր­­ծա­­­կանը կտրուկ յայ­­տա­­­րարած էր, թէ պի­­տի խու­­սա­­­փի սփիւռքի դպրոց­­նե­­­րու բե­­ռը ստանձնե­­լէ եւ կը յայ­­տա­­­րարէր թէ յետ այ­­սու իր կա­­րողու­­թիւննե­­րը պի­­տի տրա­­մադ­­րէ Հա­­յաս­­տա­­­նի ուսման հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու զար­­գացման հա­­մար։ Մեր ժո­­ղովուրդը եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր իւրա­­ցու­­ցած է Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ սփիւռքի միաս­­նութիւ­­նը։ Մենք չենք կրնար մէ­­կը գե­­րադա­­սել միւ­­սի հան­­դէպ, քա­­նի որ եր­­կուքն ալ նոյն ժո­­ղովուրդի սե­­փակա­­նու­­թիւններ են։ Այդ ժո­­ղովուրդը պայ­­մաննե­­րու բեր­­մամբ կրնայ մնալ այս կամ այն երկրի սահ­­մաննե­­րուն մէջ, բայց ծա­­գու­­մով անհնար է անոնք իրար­­մէ ան­­ջա­­­տել։ Թէեւ ամե­­նադ­­ժո­­­ւար որո­­շումն է այս, բայց ըստ երե­­ւոյ­­թի Բա­­րեգոր­­ծա­­­կանը այնքան ալ չազ­­դո­­­ւիր այդ դժո­­ւարու­­թե­­­նէն եւ ռա­­տիքալ կեր­­պով կը կի­­րար­­կէ, այն ինչ որ իրեն ճիշդ կը թո­­ւայ։ Գա­­լով աշա­­կեր­­տի քա­­նակի նո­­ւազ­­ման, սփիւռքի պայ­­մաննե­­րու մէջ մե­­րօրեայ հա­­յը ու­­նի տո­­ւեալ երկրի պե­­տական դպրոց­­նե­­­րէն շատ աւե­­լի նո­­ւազ ծախ­­սով օգ­­տո­­­ւելու հնա­­րաւո­­րու­­թիւն։ Եւ երե­­ւելի իրո­­ղու­­թիւն է, թէ հայ ան­­հա­­­տը օր ըստ օրէ աւե­­լի կը մատ­­նո­­­ւի աղ­­քա­­­տու­­թեան։ Կը փո­­խուին ժա­­մանա­­կի պա­­հանջնե­­րը եւ հայ շի­­նարա­­րը կը դժո­­ւարա­­նայ այս փո­­փոխու­­թիւննե­­րուն իս­­կոյն յար­­մա­­­րուե­­լու։ Այն է, որ օր ըստ օրէ կը նո­­ւազի հայ երա­­խանե­­րու հայ­­կա­­­կան դպրոց յա­­ճախե­­լու բնա­­կան եւ սո­­վորա­­կան ըն­­թացքը։ Սա­­կայն, երբ խնդի­­րը հաս­­նի դպրոց փա­­կելու հանգրո­­ւանին ահա այդ պա­­հուն ալ նոյն ծնո­­ղը կը բե­­րէ իր առար­­կութիւ­­նը եւ կը փոր­­ձէ բո­­լոր մի­­ջոց­­նե­­­րով դի­­մադ­­րել դպրո­­ցի փա­­կուե­­լուն դէմ։

Միւս կող­­մէ բո­­լորս դար­­ձեալ շատ լաւ գի­­տենք, թէ այ­­սօր դիւ­­րաւ փա­­կելու որո­­շում առ­­նո­­­ւած այդ հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը ինչ պայ­­մաննե­­րու մէջ կեան­­քի կո­­չուած, ինչ ծանր զո­­հողու­­թիւննե­­րով սկսած են իրենք առա­­քելու­­թեան։

Ահա այս գի­­տակ­­ցութիւնն է, որ Վա­­չէ եւ Թա­­մար Մա­­նու­­կեան վար­­ժա­­­րանի ծնող­­նե­­­րը իրենց յոյ­­սը կա­­պած են Հա­­յաս­­տա­­­նի վար­­չա­­­պետին եւ կ՚ու­­զեն որ ան լու­­ծում մը գտնէ դպրո­­ցը բաց պա­­հելու հա­­մար։ Այս պա­­հուն կա­­րելի չէ են­­թադրել, թէ ո՞վ ինչքա­­նով ի՞նչ կը յա­­ջողի։ Ի՞նչ ար­­դիւնք ձեռք կը բե­­րէ։ Բայց հաս­­տատ գի­­տենք որ ու­­նե­­­ցածի ար­­ժէ­­­քը զայն կորսնցնե­­լով է, որ գի­­տակ­­ցութեան կու գայ։

Յայտնի է, որ երե­­ւոյ­­թը դա­­րերու ըն­­թացքին միշտ ալ սիրտ ճմլող եղեր է, քա­­նի որ մեր հսկա­­ները ժա­­ռան­­գեր են հե­­տեւեալ տո­­ղերը՝

Սիաման­­թօ. «Այժմ ձեր նող­­կանքէն փակ աչ­­քերս թող բա­­նամ, թող գրիչս լե­­տեղեմ եւ թող քնա­­րիս լա­­րերն համ­­բուրեմ։ Եւ առիւ­­ծա­­­դէմ կտրիճ­­նե­­­րուն, ան­­վե­­­հեր­­նե­­­րուն, առա­­քեալ­­նե­­­րուն, հայ­­րե­­­նիքիս զի­­նուոր­­նե­­­րուն մօ­­տենամ»։

Նա­­րեկ. «Աղ­­բիւր փա­­կեալ», «Մի փա­­կէր գթած», «Զիամաս­­տիցս դրունս փա­­կեալս»։

Ռնֆա­­յէլ Պատ­­կա­­­նեան. «Դուք, պա­­րոն­­ներ, շատ լաւ գի­­տէք փակ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րի մարդկա­­յին բարք աղ­­տե­­­ղող վնաս­­նե­­­րը»։

Պա­­րոյր Սե­­ւակ. «Ես կան­­չում եմ նաեւ նրանց՝

Ես այդ կի­­սատ-պռատ­­նե­­­րին,

Այդ ձե­­ռը փակ Ժլատ­­նե­­­րին։

Թող գան, մարդկանց շարք դասուեն»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ