Տպաւորութիւններ արեւահամ համերգէ մը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Ես իմ անուշ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի արե­­­ւահամ բառն եմ սի­­­րում»։ Եղի­­­շէ Չա­­­րենց եթէ զի­­­նուած չըլ­­­լար բա­­­նաս­­­տեղծի յա­­­տուկ գերզգայ­­­նութեամբ, դիւ­­­րաւ պի­­­տի ըսեր «Ես իմ անուշ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ծի­­­րանն եմ սի­­­րում», քա­­­նի որ հաս­­­տատ կրնանք հա­­­մոզո­­­ւիլ թէ ակ­­­նարկա­­­ծը ծի­­­րանն էր։ Ան­­­շուշտ որ բո­­­լոր միր­­­գե­­­­­­­րը, բոյ­­­սե­­­­­­­րը, խո­­­տերը կամ ծա­­­ռերը չեն աճիր առանց արե­­­ւի շո­­­ղին ու ջեր­­­մութեան։ Բայց այդ բո­­­լորի մէջ միայն ծի­­­րանին կը վե­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւի արե­­­ւահամ կո­­­չու­­­մը։ Գո­­­նէ մեզ՝ հա­­­յերուս հա­­­մար։ Չէ որ մեր եռա­­­գոյ­­­նի բնո­­­րոշիչ երանգն ալ ծի­­­րանա­­­գոյնն է։

28 Հոկ­­­տեմբե­­­րի երե­­­կոյեան, Շիշ­­­լիի «Քենթ» մշա­­­կոյ­­­թի կեդ­­­րո­­­­­­­նին մէջ Սա­­­հակեան եւ Մխի­­­թարեան սա­­­նուց միու­­­թիւննե­­­րու հա­­­մատեղ ձեռ­­­նարկով կա­­­յացած հա­­­մերգն ալ անո­­­ւանո­­­ւած էր «Ծի­­­րան»։ Այս անո­­­ւանու­­­մը շու­­­տով ար­­­դա­­­­­­­րացաւ, քա­­­նի որ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նեան շունչով հնչող երաժշտու­­­թիւնն ալ, սկսե­­­լով առա­­­ջին կա­­­տարումնե­­­րէն,արե­­­ւահամ էր։

Բե­­­մին վրայ կի­­­թառով Ժան Վար­­­դան, բամբ կի­­­թառով Սու­­­րիկ Զար­­­գա­­­­­­­րեան, սինթսայզրով Կա­­­րիկ Սա­­­րիբե­­­կեան եւ պա­­­թէրիով Նա­­­րեկ Խե­­­չու­­­մեան ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցե­­­­­­­ցան եր­­­կու գե­­­ղաձայն երգչու­­­հի­­­­­­­ներու՝ Մա­­­րինէ Յա­­­կոբեանի եւ Լեյ­­­լա Սա­­­րիբե­­­կեանի։

Հա­­­մեր­­­գը պա­­­տուած էին Շիշ­­­լիի քա­­­ղաքա­­­պետ Մո­­­ւամ­­­մեր Քես­­­կին, Հայ կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքի վի­­­ճակա­­­ւոր Լե­­­ւոն Արք. Զե­­­քիեան, Կրօ­­­նական ժո­­­ղովի ատե­­­նապետ Արամ Արք. Աթե­­­շեան եւ այլ հո­­­գեւո­­­րական­­­ներ։

Երգչու­­­հի Մա­­­րինէ Յա­­­կոբեան հա­­­ճելի յայտնու­­­թիւն մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով փայ­­­լե­­­­­­­ցաւ ամ­­­բողջ հա­­­մեր­­­գի տե­­­ւողու­­­թեան։ Ան ոգե­­­ւորու­­­թիւն ստեղ­­­ծեց բե­­­մին վրայ եւ իրե­­­րայա­­­ջորդ կեր­­­պով ներ­­­կա­­­­­­­յացուց Գ. Սա­­­րիբե­­­կեանէ, Ռ. Ամիր­­­խա­­­­­­­նեանէ, Կ. Օր­­­պե­­­­­­­լեանէ ընտրո­­­ւած գոր­­­ծեր, բո­­­լորն ալ ճազ երաժշտու­­­թեան ոճի մէջ։

Ապա բեմ ելաւ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ երաժշտա­­­սէր­­­նե­­­­­­­րու ծա­­­նօթ ու հա­­­րազատ երգչու­­­հին, հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին համ­­­բա­­­­­­­ւի տէր Լեյ­­­լա Սա­­­րիբե­­­կեան։ Ան իր հզոր ձայ­­­նով ներ­­­կա­­­­­­­յացուց Աւե­­­տիք Իսա­­­հակեանի, Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանի, Կո­­­միտաս վար­­­դա­­­­­­­պետի. Լու­­­տո­­­­­­­ւիկ Դու­­­րեանի խօս­­­քե­­­­­­­րուն վրայ իր յօ­­­րինումնե­­­րը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այս ալ իր կար­­­գին յայտնու­­­թիւն մըն էր, քա­­­նի որ բա­­­ցի երգչու­­­հի Սա­­­րիբե­­­կեանէ, այս ան­­­գամ կը հա­­­ղոր­­­դո­­­­­­­ւէինք եր­­­գա­­­­­­­հան Սա­­­րիբե­­­կեանի հետ։

Հա­­­մեր­­­գի միջ­­­նա­­­­­­­րարին եր­­­կու միու­­­թիւննե­­­րու ատե­­­նապե­­­տերը յու­­­շա­­­­­­­նուէր­­­ներ յանձնե­­­ցին մի­­­ջոցառ­­­ման գլխա­­­ւոր կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պիչ Տիգ­­­րան Ալ­­­թունի եւ Շիշ­­­լիի քա­­­ղաքա­­­պետ Մո­­­ւամ­­­մեր Քես­­­կի­­­­­­­նի։

Հա­­­մեր­­­գի երկրորդ բա­­­ժինը բա­­­ցուե­­­ցաւ դար­­­ձեալ Մա­­­րինէ Յա­­­կոբեանի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած անգլե­­­րէն եր­­­գե­­­­­­­րու շա­­­րանով։ Այս հա­­­տուա­­­ծի մէջ երգչու­­­հին ալ աւե­­­լի հան­­­գիստ կ՚երե­­­ւեր եւ ճազ երաժշտու­­­թեան յա­­­տուկ յան­­­կարծա­­­բանու­­­թիւննե­­­րով կը հաս­­­ներ իր արո­­­ւես­­­տի կա­­­տար­­­նե­­­­­­­րուն։

Յայ­­­տա­­­­­­­գիրը իր աւար­­­տին հա­­­սաւ Լեյ­­­լա Սա­­­րիբե­­­կեանի հինգ յօ­­­րինումնե­­­րով, որոնց վեր­­­ջինն էր Սեր­­­կեյ Յա­­­րու­­­թիւնեանի խօս­­­քե­­­­­­­րով «Միաս­­­նութեան շուրջպար»ը։ Հա­­­մեր­­­գի աւար­­­տը խան­­­դա­­­­­­­վառու­­­թեան ալ գա­­­գաթ­­­նա­­­­­­­կէտին հա­­­սած պահն էր, քա­­­նի որ երգչու­­­հիի կան­­­չին ձայ­­­նակցած էր ամ­­­բողջ դահ­­­լի­­­­­­­ճը եւ իս­­­կա­­­­­­­պէս կա­­­յացած էր միաս­­­նութեան շուրջպար մը։

Ձեռ­­­նարկը ամ­­­բողջո­­­վին յա­­­ջող ու ան­­­թե­­­­­­­րի էր բե­­­մին վրայ։ Երա­­­նի կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պիչնե­­­րը այս բարձրո­­­րակ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­մը աւե­­­լի ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով ծա­­­նօթաց­­­նէին ոչ թէ դահ­­­լի­­­­­­­ճը սպա­­­ռելու, ան ար­­­դէն իսկ ամ­­­բողջու­­­թեամբ լե­­­ցուն էր, այլ այս եզա­­­կի արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րու մա­­­սին ալ աւե­­­լի ար­­­ձա­­­­­­­գանգ գո­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու մի­­­տու­­­մով։ Տո­­­ւեալ պայ­­­մաննե­­­րով կար­­­ծես այդ հա­­­մեր­­­գի ներ­­­կա­­­­­­­ները ըմ­­­բոշխնե­­­ցին հրա­­­շալի երաժշտու­­­թիւն, բայց հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը տե­­­ղեակ իսկ չե­­­ղաւ թէ բա­­­ցակա­­­յելով ինչ զրկանք ապրած է։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ