ԹՄՐԱՄՈԼՆԵՐԸ

Պեշիքթաշն եմ։ Օրն ի բուն տօնակատարութիւններուն հետեւելէ ետք գիշերուայ ժամերուն ալ կը հետեւիմ ջահերով երթին։ Հոգետանջ օրուայ աւարտին կը պատրաստուէի հանրաշարժով տուն վերադառնալ, յանկարծ զինք նկատեցի։ Ձեռքը ջահով երիտասարդ մըն էր այգիի մէջ։ Թշուառ տպաւորութիւն մը կը թողուր։ Նոյնիսկ անօթեւան կրնար ըլլալ։ Ձախ ձեռքին բան մը կար, որ յաճախ գթին կը մօտեցնէր ու կը հոտոտէր։ Առաջին պահուն զիս չնկատեց։ Ձեռքի ջահով պարելու նման շարժումներ կ՚ընէր, աջ ու ձախ կ՚օրօրուէր։ Օրը մթնած էր, բայց այդ նուազ լոյսով իսկ փորձեցի նկարել։ Յետոյ նշմարեց զիս։ Պահ մը մեր աչքերը բախան իրարու։ Նախ մտահոգուեցայ, որ պիտի բարկանայ, բայց ոչ, սխալած էի, ժպիտ մը կար դէմքին վրայ։ Հրաւիրող ժպիտ մը։ Կը շարունակէր ջահով իր պարը եւ մէկ կողմէն ալ ետ ետ քայլերով կ՚երթար դէպի այգիի խորքերը։ Մէկ կողմէն ալ ձեռքով նշան կ՚ընէր, որ իրեն հետեւիմ։ Յանկարծ նկատեցի խոտերու վրայ նստած երեք մարդ եւս։ Սա ծուղակ մը կրնար ըլլալ, որուն մէջ դիւրաւ կրնայի իյնալ։ Թորոնթոյի մէջ շատ նկարած էի նման մարդկանց։ Չէի խրտչեր անոնցմէ, բայց Իսթանպուլի մէջ դեռ շատ նոր էի։ «Կարծեմ միամիտ գտնուեցայ» խորհեցայ ներքուստ։ Բայց բոլորն ալ մեզի կը հետեւէին։ Վերջապէս շարժ ու ձեւերով եւ գիտցած քանի մը բառ թրքերէնով զրոյցի բռնուեցանք։ Կարծեմ թէ մարտինցի էին։ Տարիքով աւելի մեծ երեւացողը, որքան որ հասկցայ հոգատարութիւն կ՚ընէր։ Թերեւս անօթեւան թմրամոլներ էին, թերեւս ալ չէին ուրկէ՞ գիտնամ։ Միակ գիտցածս, այն է որ այդ երիտասարդներու դէմքի նուրբ ժպիտը ամէն տեսնելուս եւ հոգատար մարդու հայեացքը ամէն յիշելուս կը կարծեմ, թէ մարդկային ողբերգութեան մը ականատեսը կը դառնամ։ Այդ խորհուրդն ալ կը ջերմացնէ զիս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ