Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ հայկական հետքեր

narekian2000@yahoo.com

Սուրբ Սոֆիայի տա­ճարին թան­գա­րանի հա­մակար­գէն դուրս գա­լով դար­ձեալ մզկի­թի վե­րածո­ւիլը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ միտ­քեր ար­ծարծեմ այս պատ­մա­կան շի­նու­թեան հիւ­րընկա­լած տար­բեր մշա­կոյթնե­րու մա­սին։ Ափ­սոս որ պատ­մա­կան եկե­ղեց­ւոյ քա­ղաքա­կան նպա­տակ­նե­րով շա­հագոր­ծումը ար­գելք եղած է անոր իս­կա­կան ար­ժէ­քը եւ իր մէջ պա­րու­նա­կած պատ­մութիւ­նը լիար­ժէք կեր­պով ու­սումնա­սիրե­լու։

Տա­ճարը բա­ցի Ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նին Հռո­մի Արե­ւելեան Կայսրու­թեան մայ­րա­քաղաք Կոս­տանդնու­պոլսոյ մայր տա­ճարը ըլ­լա­լուն, նաեւ կը հա­մարո­ւի հին ժա­մանակ­նե­րու կա­րեւո­րագոյն հո­գեւո­րական կեդ­րոննե­րէն մէ­կը։ Արե­ւելեան քրիս­տո­նեայ ժո­ղովուրդնե­րու կա­րեւոր բա­ղադ­րիչնե­րէն մէկն է Հա­յաս­տա­նեան Առա­քելա­կան Եկե­ղեցին, որ եւս կա­րեւոր յի­շատակ­ներ ու­նի այս կա­ռոյ­ցին մէջ։ Կա­րելի է Հռո­մի Արե­ւելեան Կայսրու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ քա­ղաքա­կան, մշա­կու­թա­յին, հա­սարա­կական եւ հո­գեւոր յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ցո­լացու­մը տես­նել Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարին մէջ։

Մա­կեդո­նական հարստու­թեան ան­դամ եւ բա­ցի այդ հարստու­թե­նէ Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարին մէջ օծուելով Բիւ­զանդիոնի գա­հին բարձրա­ցած հայ ծա­գու­մով Լե­ւոն Ե. (813-820), Վա­սիլ Ա. (867-886) եւ Յու­հա­նիս Ա. Չի­նիս­քես (969-976)Բիւ­զանդա­կան կայսրութեան եւ հայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան գիր­կընդխառ­նումին առիթ տո­ւած անուններ եղան։

Հայ պատ­մագրու­թեան մէջ Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարը յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Թէեւ այ­սօր յստա­կօրէն յայտնի չէ թէ ո՞ր մէկն էր, բայց տա­ճարի մուտքե­րէն մէ­կը Զ. դա­րուն անո­ւանուած էր «Դուռն Հա­յոց» ըլ­լա­լով։

Կար­միր Վար­դան, որ նաեւ թոռն է Վար­դա­նանց պա­տերազ­մի հրա­մանա­տար Վար­դան Մա­միկո­նեանի պատ­մութեան մէջ աւե­լի յա­ճախ կը յի­շուի «Փոքր Վար­դան Մա­միկո­նեան» կո­չու­մով։ Ան 572 թո­ւակա­նին Սա­սանեան Կայսրու­թեան Ար­քայ Խոս­րով Ա.-ը յաղ­թե­լով Հա­յաս­տան-Վրաս­տան եւ Աղ­վանքը ազա­տեց պարսկա­կան լու­ծէն եւ հպա­տակե­ցուց Բիւ­զանդիոնին։ Այս յաղ­թա­նակէն ետք զա­նազան զար­գա­ցումնե­րու բեր­մամբ կ՚ապաս­տա­նի Բիւ­զանդիոնի մայ­րա­քաղաք Կոս­տանդնու­պո­լիս։ Յուստի­նիանոս Բ. կայսրը իրեն ի պա­տիւ տա­ճարին մուտքե­րէն մէ­կը կը կո­չէ «Դուռն Հա­յոց»։

Տա­ճարի մէջ որ­պէս հա­յի վկա­յու­թիւն կը հան­դի­պինք Անիի մայր տա­ճարի ճար­տա­րապետ Տրդա­տի անու­նին։ Անիի մայր տա­ճարի շի­նու­թիւնը որոշ ժա­մանակ կա­սեցո­ւած էր Սրբատ Բ. Ար­քա­յի մա­հուան պատ­ճա­ռաւ։ Այդ նոյն շրջա­նին, 25 Հոկ­տեմբեր 989 թո­ւակա­նին Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մեծ երկրա­շար­ժով փուլ եկած էր տա­ճարի գմբէ­թը։ Շի­նու­թեան արեւմտեան յա­տուա­ծի կա­մարը ամ­բողջո­վին փլած եւ գմբէթն ալ եր­կու մա­սի բաժ­նո­ւած էր։ Բիւ­զանդիոնի հայ ծա­գու­մով կայսրը Վա­սիլէոս Բ. Պուլկա­րոֆ­թո­նոս Տրդա­տը կը հրա­ւիրէ Պո­լիս։ Տրդատ հինգ տա­րուայ յա­մառ աշ­խա­տան­քով կ վե­րակա­ռու­ցէ գմբէ­թը, որ աւե­լի քան հա­զար տա­րի ամուր մնա­լով հա­սած է մեր օրե­րուն։

Հա­յաս­տա­նեան եկե­ղեց­ւոյ հիմ­քե­րը առա­ջին դա­րուն իսկ դրո­ւած են Թա­դէոս եւ Բար­թո­ղոմէոս առա­քեալ­նե­րու կող­մէ։ Իսկ 301 թո­ւին Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չի ջան­քե­րով Հա­յաս­տա­նը դար­ձաւ քրիս­տո­նէու­թիւնը իբ­րեւ պե­տական կրօն ըն­դունած առա­ջին եր­կի­րը աշ­խարհի վրայ։

1840-ական տա­րեթի­ւերուն Ֆօ­սաթի եղ­բայրնե­րու վե­րանո­րոգ­ման աշ­խա­տանքնե­րու ըն­թացքին յայտնա­բերո­ւած են 14 սրբան­կարներ, որոնցմէ մէկն ալ կը պատ­կա­նէր Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չի։ Հոն նկա­րուած էին նաեւ Կե­սարա­ցի Բար­սէղ, Նա­զիան­զա­ցի Գրի­գոր, Տեմ­րե­ցի Նի­կողոս, Աղեք­սանդրա­ցի Կիւ­րեղ եւ Յով­հաննէս Խրի­սոս­տո­մոս։ Ափ­սոս որ գա­ճով ծե­փուած այդ խճան­կարնե­րէն շա­տերը վե­րանո­րոգ­ման ըն­թացքին վնա­սուե­ցան եւ չհա­սան մեր օրե­րուն։ Այս 14-էն միայն 3-ը 1930-ական թո­ւական­նե­րուն յայտնա­բերո­ւեցան Ֆո­սաթ­թի խճան­կարնե­րը ծե­փած եւ ապա իւ­ղանկա­րի խա­ւով մը ծած­կած էր։ Ժա­մանա­կի ըն­թացքին իւ­ղա­ներ­կի տակ խո­նաւու­թիւնը աւե­րեց գոր­ծե­րը եւ հա­ւանա­բար 1894-ի երկրա­շար­ժին ալ այդ խճան­կարնե­րը թա­փեցան գե­տին, որոնց մէջ էր նաեւ Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չի նկա­րը։ Այդ գոր­ծե­րէն մե­զի մնա­ցած միակ վկա­յու­թիւնը Ֆո­սաթ­թի եւ Սաու­զենպեր­կի գծագ­րութիւններն են։

Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ բա­ցի Սուրբ Սո­ֆիայէ Պոլ­սոյ տար­բեր եկե­ղեցի­ներու մէջ ալ նկա­րուած է խճան­կա­րի դրու­թեամբ։ Անոնցմէ այժմու Ֆեթ­հի­յէ Մզկի­թի կամ եր­բեմնի Թէոդո­րոս Բա­մաքա­րիս­տոս եկե­ղեց­ւոյ պա­տերուն վրայ մին­չեւ օրս կը պա­հէ իր գո­յութիւնը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ