Հակազդեցութիւններ Սուրբ Սոֆիայի մզկիթի վերածուելուն դէմ

Սուրբ Սո­ֆիա տա­ճարի թան­գա­րանի հան­գա­ման­քէն դուրս գա­լով մզկի­թի վե­րածո­ւելու մա­սին հա­կազ­դե­ցու­թեան ար­ձա­գանգներ կը հաս­նին աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րէն։ Ամե­րիկեան Ուղղա­փառ Եկե­ղեց­ւոյ Արք. Եպիս­կոպոս Էլ­փի­տոֆո­րոս որո­շու­մը կը մեկ­նա­բանէ «Թուրքիա կը փա­կէ լու­սա­մուտնե­րը աշ­խարհի դի­մաց» ըսե­լով։

Հէյ­պե­լի Կղզիի եր­բեմնի Հո­գեւոր Ճե­մարա­նի տե­սուչ Էլ­փի­տոֆո­րոս նա­խորդ տա­րինե­րուն Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քի կող­մէ նշա­նակո­ւած էր Ամե­րիկա­յի Արք. Եպիս­կո­պոսա­կան աթոռին։ Ան իր «Թո­ւիթըր»եան էջին մէջ ըրած էր հե­տեւեալ գրա­ռու­մը. «Յու­սանք որ այս որո­շու­մը կրօ­նական ազա­տու­թիւննե­րու առու­մով ետ­դարձ մը չի նշա­նակեր եւ ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն չու­նե­նար Տիեզե­րական Պատ­րիար­քա­րանի եւ Թուրքիոյ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հա­մար։ Այս զար­գա­ցու­մը կրօ­նական վրի­ժառու­թեան դժբախտ մէկ օրի­նակն է։ Թուրքիա փա­կած է Աթա­թիւրքի դէ­պի աշ­խարհ բա­ցած պա­տու­հա­նը» ըսաւ Էլ­փի­տոֆո­րոս։

ՄԱԿ-ի Կրթու­թեան Գի­տու­թեան եւ Մշա­կոյ­թի Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը «ՈՒ­ՆԷՍՔՕ» Սուրբ Սո­ֆիա տա­ճարին Կրօ­նից Տես­չութեան փո­խան­ցո­ւելու եւ պաշ­տա­մունքի բա­ցուե­լու մա­սին նա­խագա­հական որո­շու­մէն ետք յայ­տա­րարեց, որ հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի յանձնա­խումբը իր յա­ջորդ ժո­ղովին վե­րատե­սու­թեան պի­տի են­թարկէ Սուրբ Սո­ֆիայի պահ­պանման նա­խորդ որո­շումնե­րը։

ԱՄՆ-ի մէջ Տե­մոկ­րա­տական­նե­րու նա­խագա­հի թեկ­նա­ծու Ճօ Պայ­տըն Նա­խագահ Էր­տո­ղանին կոչ ուղղեց այս որո­շու­մէն հրա­ժարե­լու մա­սին։ ԱՄՆ Պետ. Քար­տուղա­րու­թիւնն ալ յայտնեց, որ հիաս­թա­փու­թեան մատ­նո­ւած են այս որո­շու­մի պատ­ճա­ռով։ Նա­խարա­րու­թեան բամ­բեր Մորկն Օր­թէ­ճուս. «Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարի կար­գա­վիճա­կը փո­խելու մա­սին որո­շու­մով հիաս­թա­փուած ենք» ըսաւ։

Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին Յա­րաբե­րու­թիւննե­րու եւ Անվտան­գութեան Քա­ղաքա­կանու­թեան բարձրա­գոյն ներ­կա­յացու­ցիչ Ճոզըֆ Պո­րէլ եւս ցա­սում յայտնեց այս որո­շու­մին հան­դէպ։

Յու­նաստա­նի վար­չա­պետի գրա­սենեակէն կա­տարո­ւած յայ­տա­րարու­թիւնով նշո­ւեցաւ, թէ Յու­նաստան Թուրքիոյ Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարը մզկի­թի վե­րածե­լու որո­շու­մին դէմ կը բո­ղոքէ ամե­նաբարձր կեր­պով։ «Այս որո­շու­մը տա­ճարը հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռանգ ըլ­լա­լով տես­նող բո­լորին հա­մար ցա­սում պատ­ճա­ռած է։ Որո­շու­մը Թուրքիոյ ոչ միայն Յու­նաստա­նի հետ, այլ Եւ­րո­միու­թեան հետ ու­նե­ցած յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ծի­րէն ներս բա­ցասա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ»։

Ռուս Ուղղա­փառ Եկե­ղեցին եւս մե­ղադ­րեց այս որո­շու­մը ակ­նարկե­լով թէ այս որո­շու­մը պի­տի խո­րաց­նէ առ­կայ խտրա­կանու­թիւնը, քա­նի որ Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը ան­տե­սած են բազ­մա­միլիոն քրիս­տո­նեանե­րու այս նիւ­թի շուրջ ու­նե­ցած զգայ­նութիւնը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ