Ատելութեան յանցագործը դատապարտուած

Գուզկունճուք թա­ղի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ դէմ 23 Մա­յիսին կա­տարուած յար­ձա­կու­մի մա­սին նա­խապէս գրած էինք «Ակօս»ի էջե­րուն վրայ։ Ոս­տի­կանու­թիւնը քննե­լով եկե­ղեց­ւոյ ար­տա­քին պա­տի տե­սախ­ցիկնե­րուն նկա­րահա­նու­մը ստու­գած եւ բեր­ման են­թարկած էր յար­ձա­կեալը։

14 Յու­լի­սին Գար­թա­լի Ար­դա­րադա­տական Պա­լատի մէջ 64-րդ Հիմ­նա­կան Պատ­ժա­կան Ատեանի մօտ կա­յացաւ դա­տավա­րու­թիւնը։ Դա­տական նիս­տին ներ­կայ գտնո­ւեցան եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Եդո­ւարդ Այ­վա­զեան, Փաս­տա­բան Եասե­մին Տալ եւ մե­ղադ­րեալը։

Մե­ղադ­րեալ Մ.Ս. զղջում յայտնեց ըրած արար­քին հա­մար։ «Շա­քարախտէ կը տա­ռապիմ եւ հա­ւանա­բար այդ հի­ւան­դութեան ազ­դե­ցու­թեան տակ յան­կարծա­կի որո­շու­մով մը գոր­ծե­ցի այդ սխա­լը։ Որե­ւէ կազ­մա­կեր­պութեան մը չեմ ան­դա­մակ­ցած յար­գանք ու­նիմ բո­լոր կրօն­նե­րու հան­դէպ։ Հա­յերու եւ քրիս­տո­նեանե­րու նկատ­մամբ յա­տուկ թշնա­մու­թիւն մը չու­նիմ եւ պատ­րաստ եմ պատ­ճա­ռած վնասս հա­տու­ցե­լու» ըսաւ մե­ղադ­րեալը։

Դա­տարա­նը նկա­տի չա­ռաւ այս մե­ղան­չումը եւ վճռեց նախ մէկ տա­րի ազա­տազրկման, ապա նկա­տի ու­նե­նալով այս արար­քին հա­սարա­կու­թեան որոշ մէկ հա­տուա­ծը վի­րաւո­րած ըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնը յա­ւելեալ չորս ամիս եւս վճռեց պատժին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ