Զինադադարի հերթական խախտում Հայ-Ատրպէյճանական սահմանի վրայ

«Լարո­ւածու­թիւն սրե­լու ծա­ռայող գոր­ծողու­թիւննե­րու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը կը պատ­կա­նի Ատրպէյ­ճա­նին» ըսաւ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, Հայ-Ատրպէյ­ճա­նական սահ­մա­նի վրայ 12 Յու­լի­սի ցե­րեկո­ւայ ժա­մերէն սկսեալ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խումնե­րու մա­սին ելոյ­թի ըն­թացքին։ Վար­չա­պետը նաեւ քննա­դատեց Թուրքիոյ Ատրպէյ­ճա­նի կող­քին ըլ­լա­լու մա­սին յայ­տա­րարու­թիւննե­րը։

Նոյն օր Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի գլխա­ւորու­թեամբ ար­տա­կարգ նիստ մը գու­մա­րեց։ Օրա­կար­գի նիւթն էր սահ­մա­նը խախ­տե­լու ուղղեալ սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Վար­չա­պետը մտա­հոգու­թիւն յայտնեց Թուրքիոյ տա­րածաշրջա­նի կա­յու­նութիւնը խան­գա­րելու ծա­ռայող մեր­ձե­ցումնե­րուն նկատ­մամբ։ «Թուրքիա կը մի­տի տա­րածաշրջա­նի մէջ խռո­վու­թիւն ստեղ­ծե­լու։ Հա­րեւան եր­կի­րը կը տա­րուի աւան­դութեան վե­րածած հա­յատեաց դրդումնե­րով»։ Ար­դա­րեւ Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը իր յայ­տա­րարու­թեան մէջ պա­խարա­կած էր Հա­յաս­տա­նի Զի­նեալ Ու­ժե­րու Ատրպէյ­ճա­նի Թո­վուզ շրջա­նի դէմ իրա­կանա­ցու­ցած յար­ձա­կու­մը։

Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խարար Չա­վու­շօղլու պե­տական հե­ռուստա­կայա­նին ու­նե­ցած յայ­տա­րարու­թեան մէջ անըն­դունե­լի գտած էր Հա­յաս­տա­նի գոր­ծո­ղու­թիւնը եւ զգու­շա­ցու­ցած էր, որ Ատրպէյ­ճան առան­ձին չէ եւ իրենք ամ­բողջ կա­րողու­թիւննե­րով կը զօ­րակ­ցին այս երկրին։ Միւս կող­մէ Հա­յաս­տան նշեց որ Ատրպէյ­ճա­նի հրե­տանին ռմբա­կոծած է Հայ­կա­կան բնա­կավայ­րե­րը, յատ­կա­պէս Տա­ւու­շի շրջա­նի Մով­սէս եւ Չի­նարի գիւ­ղե­րը։ Բա­րեբախ­տա­բար խա­ղաղ բնակ­չութե­նէն տու­ժողներ չեն եղած։ Սահ­մա­նագ­ծի վրայ բա­խումնե­րը շա­րու­նա­կուե­ցաւ յա­ջոր­դող եր­կու օրե­րուն եւս։ Հա­զիւ 14 Յու­լի­սի երե­կոյեան ժա­մերէն ետք է, որ որոշ խա­ղաղու­թիւն մը տի­րեց։ Սա­կայն այս ըն­թացքին ըստ պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւննե­րու հայ­կա­կան կող­մը ու­նե­ցաւ 4 զոհ, որոնցմէ 2-ը սպա­ներ էին եւ 10 վի­րաւո­րեալ­ներ։ Ատրպէյ­ճան ալ յայ­տա­րարեց որ ու­նե­ցած են 11 զոհ, որոնցմէ 1-ը զօ­րավար եւ 4-ը բարձրաս­տի­ճան սպա­ներ։

Հա­յաս­տան-Ատրպէյ­ճան սահ­մա­նի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած զի­նեալ բա­խումնե­րու մա­սին յայ­տա­րարու­թիւննե­րով հան­դէս եկան բա­ցի Թուրքիայէ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան եւ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խարար­նե­րը, ՄԱԿ-ի եւ Հիւ­սիս Ատ­լանտեան դա­շին­քի (ՆԱ­ՏՕ) բան­բերնե­րը։

ՆԱ­ՏՕ-ի Ընդհա­նուր Քար­տուղա­րի Հա­րաւ Կով­կա­սեան եւ Կեդ­րո­նական Ասիոյ յա­տուկ ներ­կա­յացու­ցիչ Ճէյմս Ապ­պա­թու­րա­յի շեշ­տե­լով Հայ-Ատրպէյ­ճա­նական սահ­մա­նի բա­խումնե­րը եւ մարդկա­յին կո­րուստնե­րը յայտնեց, թէ մտա­վախու­թեամբ կը հե­տեւին զար­գա­ցումնե­րուն։ «Կող­մե­րուն կոչ կ՚ուղղենք ԵԱՀԿ-ի Մին­սկեան Խմբա­կի հա­մանա­խագահ­նե­րուն լա­րուա­ծու­թիւնը կան­խե­լու նպա­տակաւ պէտք եղած քայ­լե­րուն ձեռ­նարկե­լուն զօ­րակ­ցիլ»։

Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնն ալ կող­մե­րը հրա­ւիրեց զի­նադա­դարի կա­նոն­նե­րուն հնա­զան­դե­լու։ Նա­խարա­րու­թիւնը նաեւ ցա­ւակ­ցութիւնն յայտնեց եր­կու կող­մե­րէն ալ զո­հուած զի­նուոր­նե­րու ընտանիքներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ