Հարցազրոյց Արագած Ախոյեանի հետ

Հայաստանէն Սամուէլ Ֆելեքեան հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Արագած Ախոյեանի հետ, նիւթ ունենալով 12 Յուլիսին Հայաստան- Ատրպէյճանի սահմանագծի Տաւուշի հատուածին տեղի ունեցած զինեալ բախումները են հետեւանքները։

Ինչպէ՞ս կը մեկ­նա­բանէք Հա­յաս­տան- Ատրպէյ­ճան սահ­մա­նագ­ծի վրայ վեր­ջին բա­խումնե­րը։

Հայ- Ատրպէյ­ճա­նական սահ­մա­նի բա­խումնե­րը ու­նին մշտա­կան բնոյթ։ Վստահ եմ թէ Ատրպէյ­ճա­նական սադ­րանքնե­րը կը շա­հագոր­ծո­ւին ներ­քա­ղաքա­կան շա­հերու հա­մար։ Յա­ճախա­կի յար­ձա­կումնե­րով կը փոր­ձեն կե­րակ­րել սե­փական ժո­ղովուրդը, ար­դա­րաց­նե­լով ոչ կա­ռու­ցո­ղական եւ եր­կար տա­րիներ փա­կու­ղի մտած Ղա­րաբա­ղեան հիմ­նախնդի­րը։ Պա­քուն պէտք է հասկնայ թէ այսպի­սի անար­ժան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով կա­րելի չէ յա­ռաջա­նալ։ Վեր­ջա­պէս կը տու­ժեն սահ­մա­նամերձ գօ­տիի խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը։ Ու­նինք երկկող­մա­նի մարդկա­յին կո­րուստներ։ Երի­տասարդ կեան­քե­րու, որ­բա­ցած երա­խանե­րու եւ որ­դե­կորոյս մայ­րե­րու մա­սին է խօս­քը։ Ես կը ցա­ւիմ զո­հուած իւ­րա­քան­չիւր զի­նուո­րի հա­մար։ Իմ հա­մար նշա­նակու­թիւն չու­նի ազ­գութիւ­նը։ Այս մե­թոտ­նե­րով, այ­սինքն Ատրպէյ­ճա­նի վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեամբ ոչ մի տեղ հաս­նիլ կա­րելի է։

 

Ին­չե՞ր կ՚առա­ջար­կէք տա­րածաշրջա­նի խա­ղաղու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար։

Մեր տա­րածաշրջա­նը այն խաչ­մե­րուկն է, ուր կը հա­տուին ոչ միայն տեղ­ւոյն հա­րեւան եր­կիրնե­րու հե­տաքրքրու­թիւննե­րը, այլ նաեւ գեր­տէ­րու­թիւննե­րու շա­հերը։ Տա­րածաշրջա­նը նաեւ կը հան­դի­սանայ տար­բեր քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու խաչ­մե­րուկ։ Մենք պէտք է հան­դուրժո­ղակա­նու­թիւն, յա­տուկ վե­րաբեր­մունք եւ յար­գանք ցու­ցա­բերենք իրա­րու նկատ­մամբ։ Կան չլու­ծո­ւած բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ, որոնք պատ­մութեան ժա­ռան­գութիւնն են մեզ։ Մենք պէտք է ար­դար նա­յինք բո­լոր հար­ցե­րուն։ Նաեւ մտա­ծենք թէ ինչպէս վե­րաց­նենք 1915 թո­ւակա­նի ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տեւանքնե­րը։ Այս խաչ­մե­րու­կին կ՚ապ­րին հան­ճա­րեղ ժո­ղովուրդներ, որոնք օժ­տո­ւած են հա­րուստ մշա­կոյ­թով։ Անոնց նե­րու­ժը կա­րելի է ուղղոր­դել տա­րածաշրջա­նի խա­ղաղու­թեան կա­յու­նութեան, եւ ին­չո՞ւ չէ, տա­րածաշրջա­նը դրախ­տի վե­րածե­լու ուղղու­թեամբ։

 

Ինչպէ՞ս կը գնա­հատէք Թուրքիոյ դիր­քո­րոշու­մը։

Թուրքիան տա­րածաշրջա­նի մէջ կրնայ խնդիր­ներ ստեղ­ծող պե­տու­թե­նէն լուրջ դե­րակա­տարում ու­նե­ցող պե­տու­թեան վե­րածո­ւիլ։ Եթէ կա­րենայ վե­րանա­յիլ իր վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան, առե­րեսուի պատ­մութեան հետ, իր մէջ ուժ գտնէ իր իսկ երկրէ ներս ապ­րող տար­բեր ժո­ղովուրդնե­րու մշա­կոյ­թը, լե­զուն, կո­ղոպ­տո­ւած ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րը վե­րադարձնել տէ­րերուն, կ՚ու­նե­նայ լուրջ դե­րակա­տարու­թիւն։ Այ­սօր թուրք- ատրպէյ­ճա­նական շին­ծու խա­ղի մէջ ես կը կար­ծեմ թէ վատ կը կա­տարէ, այսպէս ըսած «աւագ եղ­բօր» պար­տա­կանու­թիւննե­րը Ատրպէյ­ճա­նի նկատ­մամբ։ Այ­սինքն Ատրպէյ­ճա­նին կը մղէ ար­կա­ծախնդրու­թեան, ըսե­լով թէ «Ինչ որ կ՚ու­զես ըրէ, ես կող­քիդ եմ»։ Մինչդեռ, ընդհա­կառա­կը, պէտք էր «եղ­բօ­րը» ետ պա­հեր կոր­ծա­նու­մէն։

 

Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագա­հը ըսեր է թէ «չեմ կրնար գտնել արտգործնա­խարա­րը եւ մի նա­յիք քայ­լողնե­րուն, զի­նուոր չեմ կրնար գտնել»։ Այս ար­տա­յայ­տութիւ­նը ինչպի­սի՞ քաօս մը կ՚ար­տա­ցոլաց­նէ։

Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագա­հի այս ան­կեղծ յայ­տա­րարու­թիւնը իմ մէջ կ՚առա­ջաց­նէր կա­րեկ­ցանք, տո­ւեալ երկրի ղե­կավա­րի հան­դէպ։ Այս ար­տա­յայ­տութիւննե­րը ար­տա­ցոլումն են, եւ պտուղներն են ար­ժան ամ­բո­խավար քա­ղաքա­կանու­թեան։ Այո՝ պե­տու­թեան հզօ­րու­թիւնը միայն նաւ­թա­տոլար­նե­րը չեն։ Բա­նակի հզօ­րու­թիւնը միայն թեխ­նի­կական զի­նուա­ծու­թեան մէջ չէ, այլ բա­նակի եւ աշ­խարհա­զորի ոգին։ Յար­ձա­կող բա­նակը միշտ աւե­լի թոյլ է, քան իր հողն ու տու­նը պաշտպա­նող ժո­ղովուրդը։

 

Թէեւ բա­խու­մը տե­ղի չու­նե­ցաւ Ղա­րապա­ղի շրջա­նը, Պա­քուի մէջ ժո­ղովուրդը քայ­լերթի դի­մեց Ղա­րաբա­ղի համար։

Ղա­րաբա­ղի ժո­ղովուրդը վա­ղուց ար­դէն կա­յաց­րած է իր որո­շու­մը եւ հռչա­կել ինքնիշ­խան պե­տու­թիւն։ Այս փաս­տի հետ պէտք է հա­շուի նստիլ։ Այդ 30 տա­րինե­րու մէջ այնպի­սի փոր­ձութիւննե­րով է ան­ցած որ, ետ չի կանգնիր այդ ճա­նապար­հէն։ Ամե­նակա­րեւո­րը՝ այդ 30 տա­րինե­րուն միայն ատե­լու­թեան եւ մի­միանց ոչնչաց­նե­լու սեր­մեր ցա­նուած են։ Կը կար­ծեմ թէ նախ պէտք է եր­կկողմ ետ գնանք այն կէ­տին, որուն որ հա­սած ենք։ Փաս­տօ­րէն Ատրպէյ­ճա­նը չու­զեր այս փաս­տե­րու հետ հա­շուի նստիլ։ Իր Ժո­ղովուրդը կը կերա­րկէ ռազ­մա­տենչ յայ­տա­րարու­թիւննե­րով, Հա­յաս­տա­նի ու ատրպէյ­ճա­նի սահ­մա­նին սադ­րանքներ եւ բա­խումներ հրահ­րե­լով։ Նոյ­նիսկ դպրոց­նե­րէ ներս երե­խանե­րուն կը քա­րոզեն ատե­լու­թիւն ու թշնա­մանք։ Պէտք է կանգ առ­նել, այս բո­լորին հա­մար յե­տոյ շատ թանկ կը վճա­րենք։ Տաս­նա­մեակ­ներ, մի գու­ցէ հա­րիւ­րա­մեակ­ներ պի­տի սպա­սենք որ­պէսզի բան մը շտկո­ւի։ Ճա­նաչո­ւի Ղա­րաբա­ղի ան­կա­խու­թիւնը, այ­սինքն ըն­դունո­ւի պատ­մա­կան փաս­տը եւ յե­տոյ մտա­ծենք մնա­ցեալի մա­սին։ Այդ ոչ պա­կաս մնա­ցած խնդիր­նե­րու լուծման հա­մար պէտք է փո­խադարձ վստա­հու­թեան հաս­տա­տու­մը։ Կը ցա­ւիմ որ Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­թիւնը տե­ղեկա­ցուած է միակողմ տե­ղեկու­թիւնով։ Մինչ մենք պատ­րաստ ենք իրա­զեկել ան­կողմնա­կալ իրա­վիճա­կը եւ փաս­տե­րը Ղա­րաբա­ղի հար­ցի շուրջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ