Փաստաբաններու դիմումը մերժուած

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Վաքըֆնե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ 2013 թո­ւին ջնջո­ւած էր փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու պատ­կա­նող հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը կար­գադրող կա­նոնա­գիրը։ Նոր կա­նոնագ­րի բա­ցակա­յու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ հաս­տա­տու­թիւննե­րը չէին կրցած վե­րակազ­մել իրենց ընտրեալ նոր վար­չութիւննե­րը 5 Յու­նիս թո­ւակա­նին եր­կու հայ փաս­տա­բան­ներ Արէն Տատ­րօղլու եւ Մար­կոս Էֆէ Գա­րահան աղեր­սա­գիրով մը դի­մեցին Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը շու­տա­փոյթ կեր­պով կա­տարե­լու պա­հան­ջով։ Տնօ­րէնու­թիւնը 29 Յու­լիս թո­ւակիր նա­մակով մը պա­տաս­խա­նեց հայ փաս­տա­բան­նե­րու աղեր­սագրին։ Շրջա­նային տնօ­րէն Էօմեր Չո­լաքի ստո­րագ­րութեամբ ղրկո­ւած գրու­թեան մէջ կը նշո­ւի, թէ կը շա­րու­նա­կուի նոր կա­նոնագ­րի պատ­րաստու­թեան աշ­խա­տու­թիւննե­րը։ Բա­ցի այդ կրկին կը յի­շեցո­ւի, թէ պակ­սած կազ­մե­րու հա­մար վար­չութիւննե­րու առա­ջար­կած անուննե­րով կա­րելի պի­տի ըլ­լայ վար­չա­կազ­մը ամ­բողջաց­նել։

Հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը կը կա­յանան 5737 թո­ւակիր Վա­քըֆ­նե­րու օրէն­քի հի­ման վրայ 27 Սեպ­տեմբեր 2008-ին պաշ­տօ­նաթեր­թի մէջ հրա­տարա­կուե­լով գոր­ծադրման դրո­ւած 29 եւ 33-րդ յօ­դուած­նե­րու սահ­մա­նու­մով։ Սա­կայն այդ կար­գադրու­թիւնը որոշ դժգո­հու­թիւններ յա­ռաջա­ցու­ցած է հա­մայնքա­յին կարգ մը հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րու մօտ, որուն հե­տեւան­քով անհրա­ժեշտ եղած է նոր կա­նոնագ­րի մը պատ­րաստու­թիւնը։

Կա­նոնագ­րի ու­շա­ցու­մը նկա­տի ու­նե­նալով Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը շրջա­բերա­կան մը հրա­տարա­կած եւ խոր­հուրդ տո­ւած է, որ փոք­րա­մաս­նութեան հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րը մա­հուան կամ այլ պատ­ճառնե­րով պակ­սած կազ­մե­րը պի­տի կրնան ամ­բողջաց­նել իրենց կող­մէ առա­ջար­կո­ւած անուննե­րով։

Փաս­տա­բան­նե­րը ճիշդ ալ այս նշա­նակու­մի դրու­թեան դէմ առար­կած եւ անհրա­ժեշտ հա­մարած էին ընտրու­թեան կա­տարու­մը։ Այս մա­սին աղեր­սագրի հե­ղինակ­ներ Արէն Տատ­րօղլու եւ Մար­կոս Գա­րահան «Ակօս»ին բա­ցատ­րութիւններ տա­լով պատ­մե­ցին առա­ջարկուած գոր­ծընթա­ցի ան­պա­տեհու­թիւննե­րը։ Զոյգ փաս­տա­բան­նե­րու հա­մաձայն կա­նոնագ­րի այս ու­շա­ցու­մը ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է հաս­տա­տու­թիւննե­րու գոր­ծունէու­թեան վրայ։ «Ժա­մանա­կաւոր լու­ծում մը ըլ­լա­լով հան­դերձ նշա­նակու­մը մեր հա­մայնքա­յին աւան­դութիւննե­րուն ամ­բողջո­վին հա­կասող երե­ւոյթ մըն է։ Վեր­ջա­պէս հա­մայնքի այս պա­հուն կա­րօտա­ծը ար­դար, թա­փան­ցիկ եւ մաս­նակցու­թեան սահ­մա­նափա­կումներ չբե­րող նոր կա­նոնագ­րի մը շու­տով հրա­պարա­կումն է» ըսին Տատ­րօղլու եւ Գա­րահան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ