Քարոզչական վիտէօն դժգոհութիւն յառաջացուց

Նախագա­հու­թեան կող­քին գոր­ծող հա­ղոր­դակցու­թեան բա­ժինը վեր­ջերս վի­տէօ ժա­պաւէն մը հրա­պարա­կեց, ուր քա­ղաքիս յոյն փոք­րա­մաս­նութե­նէն ան­ձեր իրենց գո­հու­նա­կու­թիւնը կը յայտնեն երկրի իշ­խա­նու­թիւննե­րու ցու­ցա­բերած բա­րեացա­կամու­թեան հա­մար։ Քա­րոզ­չա­կան բնոյ­թով պատ­րաստո­ւած այս տե­սաերի­զին մէջ զա­նազան յոյ­ներ գո­հու­նա­կու­թիւն կը յայտնեն մա­նաւանդ ալ իրենց վա­յելած կրօ­նական ազա­տու­թեան հա­մար։

Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարի պաշ­տա­մունքի բա­ցուե­լէն ետք ար­ձա­գան­գող դժգո­հու­թիւննե­րու դէմ պե­տու­թեան կող­մէ պատ­րաստո­ւած այս տե­սանիւ­թը որոշ դժգո­հու­թեան պատ­ճառ դար­ձաւ այժմ ար­տա­սահ­ման գաղ­թած զա­նազան յոյ­նե­րու մօտ։

Այսպէս Պոլ­սոյ Յոյ­նե­րու Հա­մաշ­խարհա­յին Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը մե­ղադ­րեց այս քա­րոզ­չա­ձեւը՝ դի­տել տա­լով թէ իրենք նա­խապէս բա­զում ան­գամներ դի­մում կա­տարած են Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան որոշ բա­րեփո­խումնե­րու ակնկա­լու­թեամբ եւ այդ դի­մումնե­րը ընդմիշտ ան­պա­տաս­խան մնա­ցած են։ Ար­դէն իսկ նօս­րա­ցած Թուրքիոյ յոյն հա­մայնքը մօտ ապա­գային բո­լորո­վին պի­տի դա­դարի հա­մայնք կո­չուե­լու ար­ժա­նի թիւ մը ներ­կա­յաց­նե­լէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ