Պայտընի ելոյթը կ՚ողողէ քաղաքական դաշտը

Միացեալ նա­հանգնե­րու նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րուն Տա­նըլտ Թրամ­բի գլխա­ւոր մրցա­կից Ճօ Պայ­տը­նի ամիս­ներ առաջ ԱՄՆ-ի մէջ կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւննե­րը վեր­ջերս բո­լորո­վին կ՚ողո­ղեն Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տը։ Պայ­տըն լրագ­րողնե­րու հետ զրոյ­ցի պա­հուն յստա­կօրէն դիրք բռնեց նա­խագահ Էր­տո­ղանի դի­մաց եւ ըսաւ որ զա­նազան եղա­նակ­նե­րով պի­տի գոր­ծակցին Թուրքիոյ ընդդի­մու­թեան հետ ընտրու­թիւննե­րու ճամ­բով գա­հըն­կէց ընե­լու հա­մար նա­խագահ Էր­տո­ղանը։ Ու­շագրաւ էր, որ սոյն տա­րուան Յու­նո­ւար ամի­սին կա­յացած մամ­լոյ ժո­ղովը այս վեր­ջերս օրա­կար­գի բե­րուե­ցաւ նոյն ինքն իշ­խա­նու­թեան կող­մէ։ Քա­ղաքա­կան վեր­լուծա­բան­ներ ու­շագրաւ կը տես­նեն այս երե­ւոյ­թը, քա­նի որ նա­խագահ Էր­տո­ղան ան­գամ մը եւս նոր առիթ մը գտած եղաւ տու­ժա­ծի դրու­թեան մէջ ներ­կա­յանա­լու։ Շա­տերու հա­մաձայն Էր­տո­ղան իր ամ­բողջ քա­ղաքա­կան կեան­քի ըն­թացքին լա­ւագոյնս շա­հագոր­ծած է հա­սարա­կու­թեան տու­ժո­ղին զօ­րակ­ցե­լու հո­գեբա­նու­թիւնը։

Հե­տաքրքրա­կան բա­նավէճ մը ծա­գած է իշ­խա­նու­թեան եւ ընդդի­մու­թեան մի­ջեւ։ Կող­մե­րը իրար կը մե­ղադ­րեն յատ­կա­պէս ալ այս ելոյ­թին օրըս­տօ­րին պա­տաս­խան տրո­ւած չըլ­լա­լուն հա­մար։ Երբ ընդդի­մու­թիւնը հարց կու տայ թէ «Ին­չո՞ւ հա­մար մին­չեւ այ­սօր չի պա­տաս­խա­նեցիք այս պնդումնե­րուն», իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակ­ներն ալ կը պա­տաս­խա­նեն նոյն հար­ցումով «Թէ հա­պա դուք ին­չո՞ւ չէք անդրա­դար­ձած»։ Ան­շուշտ այս դո­հու­բո­հի մէջ կ՚ան­տե­սուի Պայ­տը­նի Էր­տո­ղանի հաս­ցէին ուղղած մե­ղադ­րանքնե­րը։ Նիւ­թը կը քննար­կո­ւի լոկ «Ին­չո՞ւ այ­սօր» հար­ցումին շուրջ։ Մինչդեռ Պայ­տը­նի խօս­քե­րը բա­ւակա­նին ու­շագրաւ են նկա­րագ­րե­լով Թուրքիոյ ար­կա­ծախնդրա­կան մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Իրա­կանու­թեան մէջ ան­գամ մը եւս իրար կը մեր­ժեն էակա­նը ու ռազ­մա­վարա­կանը։ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թիւնը ան­գամ մը եւս կը զրկո­ւի երկրի հա­մար ճա­կատագ­րա­կան բնոյթ ու­նե­ցող խնդիր­նե­րու քննար­կումէն, յայտնո­ւելով ժա­մանա­կաւոր շա­հերու հե­ռանկարին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ