Վաքըֆլը գիւղը պահեց Սուրբ Աստուածածնի աւանդութիւնը

2020 տա­­րեթի­­ւի թէեւ բո­­լոր տա­­ղաւար­­նե­­­րը զո­­հը դար­­ձան պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մավա­­րակին, բայց ժո­­ղովուրդը դի­­մադ­­րե­­­լով բո­­լոր զրկանքնե­­րուն, ան­­գամ մը եւս կա­­տարեց աւան­­դութեան թե­­լադ­­րանքը եւ սահ­­մա­­­նուած պայ­­մաննե­­րու տակ իսկ կա­­տարեց այն ինչ որ հարկ էր տա­­րինե­­րէ ի վեր։

Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. եւս բե­­րաւ իր բա­­ժինը այդ աւան­­դութեան կա­­յանա­­լուն հա­­մար։ Ան այս տա­­րի ալ Սուրբ Աս­­տո­­­ւածած­­նի տա­­ղաւարը դի­­մաւո­­րեց Վա­­քըֆ­­լը գիւ­­ղի Սուրբ Աս­­տո­­­ւածած­­նի եկե­­ղեց­­ւոյ կա­­մար­­նե­­­րուն տակ, նա­­խապէս օրհնե­­լով հա­­րիսա­­յի կաթ­­սա­­­ները եւ յա­­ջորդ օրն ալ ներ­­կայ ժո­­ղովուրդին բաշ­­խե­­­լով օրհնո­­ւած խա­­ղողի ող­­կոյզները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ