Փայլանի հարցագիրներու նշանակութիւնը

Իշխա­նու­­թեան բո­­լոր լիազօ­­րու­­թիւննե­­րը Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հին փո­­խան­­ցող նոր վար­­չա­­­ձեւէն ետք Թուրքիոյ ազ­­գա­­­յին Խորհրդա­­րանը մե­­ծաւ մա­­սամբ կորսնցուց իր հե­­ղինա­­կու­­թիւնը։ Խորհրդա­­րանէ ներս մե­­ծամաս­­նութիւն կազ­­մող եր­­կու կու­­սակցու­­թիւննե­­րու պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րը ընդհան­­րա­­­պէս կը գո­­հանան նա­­խագա­­հական պա­­լատէն եկած կա­­նոնագ­­րութիւննե­­րու կամ օրի­­նագի­­ծերու վա­­ւերա­­ցու­­մը ապա­­հովե­­լով։ Ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րու ան­­դամնե­­րը իրենց պատ­­գա­­­մաւո­­րի կո­­չու­­մը կ՚ար­­դա­­­րաց­­նեն զա­­նազան նա­­խարար­­նե­­­րուն պաշ­­տօ­­­նապէս հար­­ցա­­­գիր­­ներ ուղղե­­լով։ Այդ առու­­մով խորհրդա­­րանի աչ­­քա­­­ռու ընդդի­­մադիր պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րէն մէկն է Կա­­րօ Փայ­­լան, որ այս օրե­­րուս ալ մին Ան­­գա­­­րայի եր­­բեմնի հայ­­կա­­­կան Սթա­­նոզ գիւ­­ղի լքեալ գե­­րեզ­­մա­­­նի թա­­լան­­ման հա­­մար մշա­­կոյ­­թի նա­­խարա­­րին եւ միւսն ալ իր ան­­դա­­­մակ­­ցած ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան գրա­­ւեալ քա­­ղաքա­­պետու­­թիւննե­­րու մա­­սին ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րին եր­­կու հար­­ցա­­­գիր­­ներ ուղղեց։

Սթա­­նոզ պատ­­մա­­­կան գիւ­­ղը կը գտնուի մայ­­րա­­­քաղաք Ան­­գա­­­րայի մեր­­ձա­­­կայ Սին­­ճան գա­­ւառի մէջ։ Սթա­­նոզ­­ցի­­­ներ ան­­ցեալին գաղ­­թած են Պարսկաս­­տա­­­նէն եւ իրենց հետ բե­­րած են հիւ­­սո­­­ւածե­­ղէնի ար­­տադրու­­թեան զար­­գա­­­ցած գի­­տելի­­քը։ Համ­­բա­­­ւաւոր «ան­­կո­­­րա» կտա­­ւագոր­­ծութիւ­­նը իրենց շնոր­­հիւ գո­­յացա­­ծ է։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէ ետք ամ­­բողջովին լքո­­ւած գիւ­­ղի գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը կ՚են­­թարկո­­ւի գան­­ձա­­­խոյ­­զե­­­րու յա­­րատեւ թա­­լանին։

Փայ­­լա­­­նի անդրա­­դար­­ձած երկրորդ կէտն է վեր­­ջին շրջա­­նային ընտրու­­թիւննե­­րէ ետք իր կու­­սակցու­­թեան նո­­ւաճած 65 քա­­ղաքա­­պետա­­րան­­նե­­­րէ 47-ին կա­­ռավա­­րու­­թեան ձեռ­­քով առգրա­­ւումը։

Փա­­յալա­­նի հար­­ցումնե­­րը ներ­­կայ դրու­­թեան մէջ թէեւ շի­­նիչ ազ­­դե­­­ցու­­թիւն մը պի­­տի չու­­նե­­­նան,բայց պատ­­մա­­­կան փաս­­տեր ըլ­­լա­­­լով տեղ պի­­տի գտնեն Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան պատ­­մութեան մէջ։ Այլ խօս­­քով Փայ­­լան ներ­­կայ պա­­հուն կ՚աշ­­խա­­­տի պատ­­մութեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ