Ի գին մահու՝ պայքար արդարութեան համար

Թուրքիոյ մէջ մար­դու իրա­ւունքնե­րու բռնա­­բար­­ման ամե­­նացայ­­տուն օրի­­նակ­­նե­­­րէն մէ­­կը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանայ եր­­կու երի­­տասարդ իրա­­ւաբան­­ներ՝ Էպ­­րու Թիմ­­թիք եւ Այ­­թաչ Իւնսա­­լի հա­­ցադու­­լը։

Թուրքիոյ միահե­­ծան կա­­ռավա­­րու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն մէջ դա­­տական հա­­մակար­­գը կորսնցու­­ցած է իր ան­­կա­­­խու­­թիւնը եւ ամ­­բողջո­­վին են­­թարկո­­ւած Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի հրա­­հանգնե­­րուն։ Այ­­սօր ոչ ոք կրնայ ապա­­ւինիլ դա­­տական հա­­մակար­­գի որո­­շումնե­­րու ար­­դա­­­րու­­թեան։ Նոյ­­նիսկ մերթ ընդ մերթ, երբ պա­­տահի Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի կար­­գին հա­­կառակ որո­­շումներ այդ որո­­շումնե­­րը գոր­­ծադրու­­թեան իսկ դնե­­լու առիթ չգտած կը սրբագ­­րո­­­ւին մի այլ դա­­տարա­­նի որո­­շու­­մով։ Այսպի­­սի օրի­­նակ մըն էր Էպ­­րու Թիմ­­թի­­­քի եւ Այ­­թաչ Իւնսա­­լի դա­­տավա­­րու­­թիւնը, երբ զի­­րենք դա­­տող դա­­տակազ­­մը որո­­շեց ազատ ար­­ձա­­­կել, ան­­մի­­­ջապէս դա­­տակազ­­մը փո­­խուե­­ցաւ եւ փո­­խարի­­նող կազ­­մը մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րուն պաշտպա­­նու­­թիւնը իսկ լսե­­լու կա­­րիք չտես­­նե­­­լով որո­­շեց եր­­կա­­­րատեւ բան­­տարկու­­թեան։ Այս անար­­դա­­­րու­­թեան դէմ բո­­ղոքե­­լով է, որ եր­­կու երի­­տասարդ փաս­­տա­­­բան­­ներ ար­­դար դա­­տուե­­լու պա­­հան­­ջով դի­­մեցին հա­­ցադու­­լի։ Իրենց այս պա­­հան­­ջը ան­­տե­­­սուե­­ցաւ բո­­լոր պե­­տական մար­­միննե­­րու կող­­մէ եւ հա­­ցադուլն ալ հա­­սաւ խիստ վտան­­գա­­­ւոր հանգրո­­ւանին։ Սա պա­­հուն վտան­­գո­­­ւած եր­­կու բաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու կեան­­քը (նոյ­­նիսկ այս հանգրո­­ւանին եթէ վերջ տրո­­ւի հա­­ցադու­­լին) շատ հա­­ւանա­­կան է, որ անցնող օրե­­րու ըն­­թացքին գո­յացած վնա­­սը ան­­բուժե­­լի հետ­­քեր պի­­տի թո­­ղու իրենց մօտ։

Եր­­կու երի­­տասարդ իրա­­ւապաշտպան­­նե­­­րու մղած պայ­­քա­­­րը Թուրքիոյ մէջ չար­­ժա­­­նանար պէտք եղած ար­­ձա­­­գան­­գին։ Սա­­կայն այդ ար­­ձա­­­գան­­գը կը հաս­­նի աշ­­խարհի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րէն մա­­նաւանդ ալ այդ եր­­կիրնե­­րու փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու կա­­ճառ­­նե­­­րէն։ Հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններն ալ կը փոր­­ձեն լսե­­լի դարձնել Էպ­­րու Թիմ­­թի­­­քի եւ Այ­­թաչ Իւնսա­­լի աղա­­ղակը յա­­րատեւ հեր­­թա­­­պահու­­թեան դիմե­­լով անոնց գտնուած հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րու մուտքին։ Սա­­կայն այս խա­­ղաղ ցոյցն իսկ կը հան­­դի­­­պի ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու բռնի մի­­ջամ­­տութեան եւ ամէն օր տաս­­նեակ ան­­ձեր բեր­­ման կ՚են­­թարկո­­ւին ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն կող­­մէ։ Մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան­­ներ կոչ կ՚ուղղեն հա­­սարա­­կու­­թեան եր­­կու երի­­տասարդ գոր­­ծիչնե­­րու այս պայ­­քա­­­րը լսե­­լի դարձնե­­լու հա­­մար։ Անոնք իրենց հրա­­պարա­­կած ու­­ղերձով ցոյց կու տան զօ­­րակ­­ցութեան զա­­նազան եղա­­նակ­­ներ ինչպի­­սին են մաս­­նակցիլ հի­­ւան­­դա­­­նոցի բա­­կին շա­­րու­­նա­­­կուող շրջօ­­րեայ հեր­­թա­­­պահու­­թեան, ներ­­կայ գտնո­­ւիլ ամէն օր ժա­­մը ճիշդ 15.00-ին կա­­տարո­­ւած մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թեան, հե­­ռախօ­­սազան­­քով ճնշում բա­­նեց­­նել հի­­ւան­­դա­­­նոցի վար­­չութեան, որմնազդնե­­րով կամ թռու­­ցիկնե­­րով տա­­րածել եր­­կու երի­­տասարդ փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու մատ­­նո­­­ւած անար­­դա­­­րու­­թիւնը։

Նշենք որ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը մի­­ջոց մը առաջ բռնի կեր­­պով հի­­ւան­­դա­­­նոց փո­­խադ­­րած էին փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը։ Իրենց մեր­­ձա­­­ւոր­­նե­­­րու վկա­­յու­­թեամբ հի­­ւան­­դա­­­նոցի պայ­­մաննե­­րը շատ աւե­­լի ծանր են, քան բան­­տին։ Հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րու մէջ բան­­տարկեալ­­նե­­­րու դար­­մա­­­նու­­մին հա­­մար տրա­­մադ­­րո­­­ւած սե­­նեակ­­նե­­­րը ընդհան­­րա­­­պէս նկու­­ղա­­­յին են եւ զուրկ արե­­ւի լոյ­­սէն։ Անոնք օրն ի բուն կը մնան հսկո­­ղու­­թեան տակ, ընդմիշտ լու­­սա­­­ւորո­­ւած սե­­նեակի մը մէջ, ուր աղ­­մուկը ան­­պա­­­կաս է եւ պա­­հակ զի­­նուոր­­նե­­­րը կը փոր­­ձեն միշտ գրգռել բան­­տարկեալ իրա­­ւապաշտպան­­նե­­­րու հա­­ցադու­­լի կամ­­քը։ Կ՚ապսպրեն բու­­րումնա­­ւէտ կե­­րակ­­րա­­­տեսակ, որ­­պէսզի յա­­ջողին կոտ­­րել անոնց հա­­ցադու­լի կամքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ