Ես հայ եմ, թէ չէ՞

Ընկերային ցանցերու վրայ «հայութեան եւ հայ արմատներ ունենալու» վերաբերեալ գրութիւնները կարգ մը գրողներ դիտեցին իբրեւ մահմետականացուած հայերու մերժումը եւ հայ ինքնութեան չափանիշներ բերելու իմաստով։ Սոյն գրութիւնը կը միտի ապացուցել, թէ նման հակազդեցութիւնները հայութեան փորձէ մը աւելի հայ ինքնութեան պարզաբանումին շուրջ տիրող տարակարծութիւններու հետեւանք են։

ԺՊԻՏ ԱՐՍԵՆԵԱՆ

Ոչ աշխարհայեացս, ոչ ալ քա­ղաքա­կան դիր­քո­րոշումս կը յար­մա­րէր հօրս հետ։ Բայց իմ հայ ինքնու­թիւնը ձե­ւաւո­րուե­ցաւ հօրս մի­ջոցաւ։ Հա­յու­թիւնը լե­զու է ին­ծի հա­մար։ Հա­յերէն գիր­քեր, բա­նաս­տեղծու­թիւններ, օրա­թեր­թեր, եր­գեր վեր­ջա­պէս լե­զուի մի­ջոցաւ հա­ղոր­դո­ւած հա­յու­թիւն մը։

Իմ հայ ինքնու­թիւնը բնո­րոշող առա­ջին յատ­կութիւնն է անունս։ Հա­զուա­դիպօ­րէն քով քո­վի եկած հա­յերէ­նի երեք բա­ղաձայ­ներ «ժպիտ» կը բա­ցատ­րեն ու նաեւ կը կազ­մեն իմ անու­նը։ Թուրքիոյ պայ­մաննե­րու տակ հայ ինքնու­թիւնը շատ ան­գամ դեր մըն է, որ նախ կը ներ­կա­յանայ իմ ան­ձա­նու­նով։ Շեշ­տե­լով կ՚ար­տա­սանեմ «Ժպիտ»ը։ Դի­մացս հար­ցա­կան նա­յուած­քով հասկնալ ջա­նացող ան­ձը կը գո­հաց­նեմ «Հայ եմ» ըսե­լով։ Այս պա­տաս­խա­նին ըն­կա­լումն ալ նոյ­նը չէ բո­լորին մօտ։ Կան մա­կերե­սային «Ո՜հ, հայ հա­րեւան մը ու­նէի եւ շատ կը սի­րէի», կան ան­գի­տակից­ներ «Օտար է՞ք» հարցնող եւ կան ցե­ղապաշտներ «Քաւ լի­ցի» ըսող­ներ։ Այս երեք բա­ղաձայ­նով կրկին ու կրկին կը յի­շեմ եւ ու­րիշնե­րուն ալ յու­շե­լու պատ­ճառ կ՚ըլ­լամ հայ ինքնու­թիւնս։

Ոմանց հա­յու­թեան առանցքը կրօնն է։ Եկե­ղեցիով կը բնու­թագրէ զինք։ Ոմանք դպրո­ցի տա­րինե­րով կամ դա­սըն­կերնե­րով կը բնու­թագրէ հա­յու­թիւնը։ Ոմանց հա­մար հա­յու ինքնու­թիւնը ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մին դէմ պայ­քա­րով կը ներ­կա­յանայ։

Ոմանք պար­զա­պէս հայ կը ծնին։ հայ կ՚ապ­րին ու հայ կը մեռ­նին։ Առանց այդ մա­սին մտա­ծելու մկրտու­թիւննե­րու, պսա­կադ­րութիւննե­րու կամ թա­ղումնե­րու կը հե­տեւին։ Մեր­ձա­ւոր­նե­րը կ՚այ­ցե­լէ գե­րեզ­մա­նատան մէջ եւ կը տօ­նեն Զատ­կի կամ Ծնունդի տա­ղաւար­նե­րը։ Լոկ գո­յու­թիւն մըն է, գի­տէ թէ հայ է եւ աւե­լին ընե­լու եր­բեք կա­րիք չէ զգա­ցած։ Թէեւ անաս­տո­ւած մըն եմ, սա­կայն ի յար­գանս Անա­հիտի կը պա­հեմ Աս­տո­ւածած­նի խա­ղողի ծոմը։ Կը նա­խընտրեմ զա­ւակ­ներս հայ անուննե­րով կո­չել եւ անոնց հետ հա­յերէ­նով շփո­ւիլ։ Ես ալ սո­վորա­կան հայ մըն եմ։ Ար­դէն աւե­լիին պար­տա­կա՞ն եմ ար­դեօք։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը քնքուշ ոճով պատ­մե­լու, դի­մացինս չխրտչեց­նե­լու, ընդ միշտ յա­ռաջ­դի­մական քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու զօ­րակ­ցե­լու, միշտ բա­րի ըլ­լա­լով հա­յերը բա­րի ցոյց տա­լու պար­տա­ւո՞ր եմ։ Հա­սարակ հայ ըլ­լա­լու տար­բեր երե­ւոյթներ ալ կան։ Թո­ղենք հա­յու­թիւնը մարդկու­թեան դէմ պար­տա­կան զգա­ցող, անի­րաւու­թեան դէմ ձայն չբարձրաց­նող, նոյ­նիսկ անի­րաւին զօ­րակ­ցող հա­յեր ալ կան։ Ինչպէս Ռո­պէր Քոփ­թաշ կը հարցնէր «Ժան­գո­տած խո­շոր ման­գա­ղը» գրու­թեան մէջ. «Ինչպէ՞ս կրնանք որո­շել հա­յու­թեան որ մէկ եղա­նակին ար­ժէ­քաւոր ըլ­լա­լուն»։ Չենք կրնար որո­շել ար­դէն պէտք չէ ալ որո­շենք։ Հա­յու­թեան այս տար­բե­րակ­նե­րը մեր ինքնու­թե­նէն ան­կա­խաբար մեզ միաց­նող եւ հա­սարա­կու­թեան մը վե­րածող վի­ճակ­ներ են։

Սա­կայն պահ մը կանգ առ­նենք։ Ռո­պէր Քոփ­թա­շի ակ­նարկած հա­յերը հա­սարակ հա­յերը չեն։ Ան իր գրու­թեան մէջ կը յի­շէ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ազա­տուե­լու հա­մար մահ­մե­տակա­նացած հա­յոց թոռ­նե­րուն կամ ծո­ռերուն իրենց նախ­նեաց ար­մատնե­րը որո­նելու նիւ­թը։ Կ՚ըսէ թէ ոչ ոք իրա­ւունք ու­նի իր ան­ցեալը աղիւս առ աղիւս հիւ­սե­լով ներ­կա­յացող մէ­կու մը «Դուն իբ­րեւ հայ չես կրնար խօ­սիլ» ըսե­լու։ Մինչդեռ այդ նա­խադա­սու­թիւննե­րու մէջ Քոփ­թեշ ինքն է, որ «Ար­ժա­նի հա­յու­թիւն մը» կը նկա­րագ­րէ։ Կը մե­ղադ­րէ խտրա­կանու­թիւն ընող, ինքզինք վե­րի ար­տի ցո­րենը հա­մարող, անի­րաւու­թիւննե­րուն դէմ խուլ ու վախ­կոտ, բայց իր­մէ ցածր տե­սած­նե­րուն դէմ խիստ յա­ւակ­նոտ «սպի­տակ հայ»ու կեր­պա­րը։ Անոր փո­խարէն կը կեր­տէ գոր­ծիչ, ձա­խակող­մեան, քա­ջարի, գերզգա­յուն, վտանգնե­րու դէմ ան­վախ, տու­ժածնե­րու հետ կողք կող­քի պայ­քա­րելու պատ­րաստ, պե­տու­թեան աչ­քին ան­պա­տեհ եւ ճիշդ ալ այդ պատ­ճա­ռաւ յա­ռաջ­դի­մական շրջա­նակ­նե­րու հա­մար աչ­քի լոյս հա­յու կեր­պար մը կը փա­ռաբա­նէ։

Քսա­նական տա­րիք­նե­րուս ես նման որո­նումներ ու­նէի հա­մայնքէս ներս։ Կը հա­ւատա­յի թէ տու­ժած ըլ­լա­լը կը պա­հան­ջէ նաեւ գերզգա­յուն ըլ­լալ։ Հա­մայնքը ին­չո՞ւ հա­մար չի յա­ռաջա­նար։ Ին­չո՞ւ հա­մար արա­գօրէն չի հա­մակեր­պիր ար­դի գա­ղափար­նե­րուն։ Ին­չո՞ւ հա­մար տա­կաւին կը շա­րու­նա­կէ ցե­ղային խտրա­կանու­թեան։ Ին­չո՞ւ հա­մար կ՚իւ­րացնէ Քե­մալա­կան կարծրա­տիպ­ե­րը։ Ին­չո՞ւ հա­մար այսքան կա­րեւո­րու­թիւնը կ՚ըն­ծա­յէ կրօն­քին։ Եւ տա­կաւին «Ին­չո՞ւ»նե­րու եր­կար շա­րան մը կը զբա­ղեց­նէր միտքս։ Չէի անդրա­դառ­նար որ այդ ին­չո՞ւնե­րու հե­տեւան­քով նաեւ կ՚օտա­րանա­յի իմ ինքնու­թեան։ Եւ ապա յան­կարծ հե­րոսդ կը տես­նես ամ­բողջ ման­կութեանս ան­ցած մայ­թին վրայ երես­նի­վար պառ­կած եւ վրան թեր­թե­րով ծած­կո­ւած վի­ճակով։ Ես ո՞վ էի որ։ Իր­մէ ան­կախ ձե­ւաւո­րուած թշնա­մու­թեան մը մէջ ծնե­լով պա­տեանին մէջ կծկո­ւած հա­մայնքի մը մատ թօ­թուեմ։

Լաւ բայց ո՞վ են այդ հա­յերը։ Լոկ այդպէս ծնած ըլ­լա­լուն հա­մար քա­ղաքա­կան դիր­քո­րոշու­մը տոհ­մին կա­պելով փշրանքնե­րը միաց­նե­լով ինքնու­թիւն մը կա­ռու­ցե­լու հո­գը առանց ապ­րե­լու ներ­կա­յացող հա­սարակ հա­յերու «հա­սարա­կու­թեան» իրա­ւունքը պի­տի բռնա­բարո­ւէ։ Ես ալ մէկ պի­տի ըլ­լամ անոնց առօ­րեայ գո­յատե­ւու­մը մեր­ժե­լով եւ աշ­խոյժ ու գոր­ծը­նեայ հայ իրե­րու վե­րածե­լով։

Հարցնե­լու ար­ժա­նի հար­ցումը հե­տեւեալն է. «Հա­յու­թիւնը լոկ արիւ­նով ու ցե­ղով բա­ցատ­րե­լիք խնդիր մը՞ն է»։ Եկե­ղեցի­ներէ ներս պսա­կադ­րո­ւած պա­հուն, կամ դպրոց ար­ձա­նագ­րո­ւած պա­հուն, թա­ղումնե­րու ըն­թացքին տու­փիկնե­րու մէջ «Հայ կը զգայ» նշա­նակե­լով անցնե­լիք հո­գեվի­ճա՞կ մըն է հա­յու­թիւնը։ Սփիւռքա­հայոց «թրքա­ցած են» ըսե­լով ար­հա­մար­հած Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան պե­տակա­նու­թեան կող­մէ գե­րավա­րուած, թեր­թե­րը սպառ­նա­լիք­նե­րու դէմ գո­յատե­ւելու շա­րու­նա­կող, հետզհե­տէ նե­ղացող օղա­կի մը մէջ օր ըստ օրէ նո­ւազող եւ հե­տեւա­բար ընդմիշտ իր շուրջ պա­տեան­ներ հիւ­սող իրո­ղու­թիւն մըն է Թուրքիոյ մէջ հա­յու­թիւնը։

Մենք դեռ կը շա­րու­նա­կենք մնալ կար­միր ժա­պաւէն­նե­րով եզ­րո­ւած «Դէպ­քի վայ­րը»։ Զուրկ ենք «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տու­ցում», «Հա­մալ­սա­րան­նե­րէ ներս հա­յոց վե­րապա­հուած տեղ», «Արեւմտա­հայե­րէնը պահ­պա­նելու հա­մար Նա­խարա­րական օժան­դա­կու­թեան» նման ռազ­մա­վարու­թիւններ ու­նե­նալէ։ Մահ­մե­տակա­նացո­ւած հա­յոց թոռ­նե­րը մկրտո­ւելու, պսա­կուե­լու, զա­ւակ­ներն մեր դպրոց­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու, տա­տերուն կամ պա­պերուն աճիւննե­րը մեր գե­րեզ­մա­նատու­նե­րը փո­խադ­րե­լու ցան­կութիւ­նով ներ­կա­յացած պա­հուն «Ձեր նախ­նի­ները մահ­մե­տակա­նանա­լուն, դուք հա­յու­թիւնը մեր­ժե­լուդ պատ­ճա­ռաւ, ձե­զի չենք ըն­դունիր մեր հա­մայնքէ ներս» ըսո­ւած պա­հուն ես մահ­մե­տակա­նացած հա­յերուն հետ կողք կող­քի պի­տի ըլ­լամ։ Սա­կայն ափ­սոս որ ներ­կա­յիս խնդի­րը այս չէ։ Խնդի­րը նոր «ար­ժէ­քաւոր հա­յու­թեան» մը կա­ռու­ցումն է։ Այդ կա­ռու­ցումը քա­ղաքա­կան հե­տեւանքներ պի­տի ու­նե­նայ։

Սա իրո­ղու­թիւն մըն է, որ մեր հա­մայնքը լոկ հայ ինքնու­թեան այս քա­ղաքա­կան մթնո­լոր­տին մէջ, ոչ ալ այս երկրէ ներս յա­րատե­ւելու առիթ չու­նե­նալն է։ Քա­ջարի ձայ­նե­րու եւ սկզբունք ու­նե­ցող հա­յերու ըրած­նե­րէն ներշնչո­ւելու կա­րիքը ու­նինք։

Սա­կայն այդ չըլ­լա­­լու, մեր վիշ­տե­րը հրա­պարա­կելը մեր­ժե­լու եւ ինքնու­թիւննիս մուրճի մը նման ցցո­ւած ամէն ին­չի վրայ շպրտե­լուս պատ­ճա­ռաւ մեր իրո­ղու­թիւննե­րը եւ փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը կա­րելի չէ ու­րա­նալ։ Հա­յու­թիւնը ներ­կա­յացում մը չէ, որ պի­տի բե­մադ­րո­ւի ամե­նածա­նօթ կարծրա­տիպ­նե­րով։ Հի­մա խնդրեմ քիչ մըն ալ հա­տինկ մեր էական խնդիր­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ