Հայաստան կրկին անգամ կ՚օգնէ Սուրիոյ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ դէ­պի Մի­ջին Արե­ւել­քի պա­տերազ­մէն տու­ժած եր­կիրնե­րուն օգ­նութեան գոր­ծընթա­ցը։ Պէյ­րութի նա­ւահան­գիստի ահա­ւոր պայ­թումէն ետք Հա­յաս­տան երեք ինքնա­թիռ­նե­րով մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւն փո­խան­ցած էր Լի­բանա­նին։ 24 Օգոս­տոս եր­կուշաբ­թի, այս ան­գամ բժշկա­կան օգ­նութիւն առա­քուած է Հա­լէպ։ Աւե­լի քան 2 թոն տա­րողու­թեամբ օգ­նութեան ծրա­րին մէջ կան բժշկա­կան եւ առող­ջա­պահա­կան իրեր։ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­ցին Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն, առող­ջա­պահա­կան մար­միննե­րուն, քա­նի սա առա­ջին ան­գամ չէ որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը իր դժո­ւար պայ­մաննե­րու տակ իսկ օգ­նութեան ձեռք կը մեկ­նէ Սու­րիոյ։

Նշենք որ Սու­րիոյ ուղղեալ մար­դա­սիրա­կան օգ­նութե­նէն բա­ժին կը հաս­նի նաեւ այս երկրի հայ հա­սարա­կու­թեան պատ­կա­նող հաս­տա­տու­թիւննե­րուն։ Հա­յաս­տա­նի ցու­ցա­բերած օգ­նութիւ­նը ալ աւե­լի նշա­նակու­թիւն կը ստա­նայ, երբ ան­դին բազ­մա­թիւ եր­կիրներ կը բռնեն գո­յացած պա­տերազ­մա­կան իրա­վիճա­կէն օգ­տո­ւելով իրենց ծա­ւալա­պաշտ քա­ղաքա­կանու­թիւնը առաջացնել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ