Ճգնաւորեան պարգեւատրուած

«Խաղա­­ղու­­թեան հա­­մար գիր­­քեր» հա­­մաշ­­խարհա­­յին մրցա­­նակը այս տա­­րի կը շնոր­­հո­­­ւի պարսկա­­հայ անո­­ւանի եր­­գա­­­հան եւ խմբա­­վար Լո­­րիս Ճգնա­­ւորեանին։ Մրցա­­նակը 2017 թո­­ւակա­­նէն այս կողմ ամէն տա­­րի կը շնոր­­հո­­­ւի խա­­ղաղու­­թեան ծա­­ռայող արո­­ւես­­տա­­­գէտի մը։

tehrantimes.com կայ­­քէ­­­ջի հա­­մաձայն մրցա­­նակը շնոր­­հո­­­ւած է Լո­­րիս Ճգնա­­ւորեանի հա­­մավա­­րակի օրե­­րուն յօ­­րինած «Քո­­րոնա» անուն երաժշտա­­կան ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան հա­­մար։ Գոր­­ծը կը բաղ­­կա­­­նայ երեք բա­­ժին­­նե­­­րէ «Յար­­ձա­­­կում, Մահ, Կեանք»։

Ճգնա­­ւորեան բա­­ցի Պարսկաս­­տա­­­նէ մեծ համ­­բաւ կը վա­­յելէ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ալ։ Յի­­շողու­­թիւննե­­րու մէջ տա­­կաւին թարմ է Սպի­­տակի երկրա­­շար­­ժի յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն անոր Կիւմրիէն Երե­­ւան քայ­­լարշա­­ւը մեծ աղէ­­տէն տու­­ժածնե­­րու օգ­­նե­­­լու նպա­­տակաւ։

Պարսկաս­­տա­­­նի Պրու­­քենթ քա­­ղաքը ծնած 82-ամեայ անո­­ւանի եր­­գա­­­հանը իր մրցա­­նակը պի­­տի ստա­­նայ 12 Սեպ­­տեմբե­­րին Իտա­­լիոյ մայ­­րա­­­քաղաք Հռո­­մի մէջ կա­­յանա­­լիք հան­­դի­­­սու­­թեան ըն­­թացքին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ