«Փլելու Արժանի Պատերը»

Ժողո­վուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան նախ­կին հա­մանա­խագահ Ֆի­կեն Եիւքսեք­տաղ բան­տի մէջ հե­ղինա­կած բա­նաս­տեղծու­թեան հա­ւաքա­ծոյով 1 Սեպ­տեմբե րին կը ներ­կա­յանայ գրա­սէր հա­սարա­կու­թեան։ «Փլե­լու Ար­ժա­նի Պա­տերը» խո­րագ­րեալ գրքին մէջ, հե­ղինա­կը իրա­րու կը շաղ­կա­պէ Սի­լոբի քա­ղաքի մէջ իր տան առ­ջեւ սպան­նո­ւած եւ դիակը եօթը օր փւղւցը մնա­ցած Թայ­պեթ մայ­րի­կը, Սու­րուճի մէջ սպան­նո­ւած 33 երի­տասարդնե­րուն եւ 10 Հոկ­տեմբե­րի զո­հերուն ող­բերգու­թիւննե­րը։ Հրա­տարա­կիչ «Ճէյ­լան» հրա­տարակ­չութիւ­նը «թո­ւիթ­րեան» գրառումով մը իր հրճուանքը կ՚արտայայտէ նման գործի մը լոյսընծայման առթիւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ