Քորա եւս մզկիթի վերածուեցաւ

Սուրբ Սո­­ֆեայի տա­­ճարի թան­­գա­­­րանի հա­­մակար­­գէն դուրս գա­­լով մզկի­­թի վե­­րածո­­ւելու որո­­շու­­մէն ետք Բիւ­­զանդա­­կան պատ­­մա­­­կան եկե­­ղեցի մը եւս կը բաժ­­նէ նոյն ճա­­կատա­­գիրը։ Զ. դա­­րէն մնա­­ցած Քո­­րա (Քա­­րիյէ) եկե­­ղեցին Իս­­թանպո­­ւի գրա­­ւու­­մէն ետք 1511 թո­­ւին մզկի­­թի վե­­րածո­­ւած էր։ Այս մզկիթն ալ 1945 թո­­ւին Սուրբ Սո­­ֆեայի նման Նա­­խարա­­րաց Խոր­­հուրդի որո­­շու­­մով թան­­գա­­­րանի վե­­րածո­­ւեցաւ։ Այդ թո­­ւակա­­նէն ետք վե­­րաշի­­նու­­թեան շատ լուրջ աշ­­խա­­­տանք տա­­րուած էր, յատ­­կա­­­պէս պա­­տերու ծե­­փով ծած­­կո­­­ւած խճան­­կարնե­­րը եւ որ­­մնանկար­­նե­­­րը երե­­ւան հա­­նելու հա­­մար։ 1320-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն Թէոտորոս Մե­­թոհի­­տեսի պա­­տուէ­­րով նախ­­շո­­­ւած սրբան­­կարնե­­րը ամե­­նացայ­­տուն օրի­­նակ­­նե­­­րը կը հա­­մարո­­ւին բիւ­­զանդա­­կան արո­­ւես­­տի։ Այդ նկար­­նե­­­րուն մէջ կ՚ար­­տա­­­ցոլո­­ւի քրիս­­տո­­­նէական պատ­­մութիւ­­նը ժա­­մանա­­կագ­­րա­­­կան հե­­տեւո­­ղակա­­նու­­թեամբ։

Թան­­գա­­­րանը կրկին ան­­գամ մզկի­­թի վե­­րածե­­լու մա­­սին որո­­շու­­մը կա­­յացած էր Խորհրդակ­­ցա­­­կան Ատեանի 19-րդ բաժ­­նի որո­­շու­­մով 2019 թո­­ւին։ Ինչպէս Սուրբ Սո­­ֆեայի օրի­­նակը այս որո­­շու­­մին ալ գոր­­ծադրու­­թիւնը բո­­ղոքի ձայ­­նե­­­րու պատ­­ճառ դար­­ձաւ։ Քա­­ղաքի այդ հա­­տուա­­ծին մէջ ալ բա­­ւակա­­նին շատ են գոր­­ծող մզկիթ­­նե­­­րը եւ այս որո­­շումնե­­րը ո՛չ թէ կա­­րեկ­­ցանքի մը հե­­տեւան­­քով, այլ պար­­զա­­­պէս կրօ­­նական ոխի մը դրսե­­ւորում ըլ­­լա­­­լով մզկի­­թի կը վե­­րածո­­ւին։

Եր­­կու տա­­ճար­­ներն ալ Իս­­թանպուլ այ­­ցե­­­լող զբօ­­սաշրջիկ­­նե­­­րու ամե­­նաշատ այ­­ցե­­­լած վայ­­րե­­­րու կար­­գին են։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ