Ժողովուրդազուրկ պատարագ Վանի մէջ

Հանրապե­տու­­թեան շրջա­­նի իրա­­դար­­ձութիւննե­­րու մէջ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի Վա­­նայ Լի­­ճի Աղ­­թա­­­մար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկե­­ղեց­­ւոյ պե­­տու­­թեան մի­­ջոց­­նե­­­րով վե­­րանո­­րոգու­­մը։ Այս նո­­րոգու­­թիւնը իմաս­­տա­­­լից է յատ­­կա­­­պէս այն առու­­մով, թէ նոյն Թուրքիոյ հան­­րա­­­պետու­­թիւնը ան­­ցեալին փոր­­ձած էր տա­­ճարը ի հի­­մանէ քան­­դել ու ոչնչաց­­նել։ Այդ թո­­ւակա­­նին վի­­պագիր Եաշար Քե­­մալի ահա­­զանգ հնչեց­­նե­­­լուն շնոր­­հիւ վեր­­ջին պա­­հուն կան­­խո­­­ւած էր փլուզման գործընթա­­ցը։ Վե­­րանո­­րոգու­­թե­­­նէ ետք պատ­­մա­­­կան տա­­ճարը մեծ հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րով վե­­րաբա­­ցուած եւ 95 տա­­րինե­­րու ընդմի­­ջու­­մէն ետք հնչող զան­­գակնե­­րու ղօ­­ղան­­ջով հիւ­­րընկա­­լած էր բազ­­մա­­­հազար ուխտա­­ւոր­­ներ։ Այդ նոյն պատ­­կե­­­րը կրկնո­­ւած էր յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն եւս եւ երկրի զա­­նազան վայ­­րե­­­րէն փու­­թա­­­ցող զան­­գո­­­ւած­­ներ հե­­տեւած էին արա­­րողու­­թեան։ Ապա վրայ հա­­սած էր տա­­րածաշրջա­­նի մէջ տի­­րող պա­­տերազ­­մը, որ­­մէ ետք ընդհա­­տուած էին Սուրբ Խա­­չի տա­­ղաւա­­րին առ­­թիւ տա­­րին մէկ ան­­գամ մա­­տու­­ցո­­­ւած Սուրբ Պա­­տարա­­գի արա­­րողու­­թիւննե­­րը։ Այս տա­­րի Պատ­­րիար­­քա­­­րանը կը հա­­ղոր­­դէ թէ պի­­տի կա­­յանայ Սուրբ Պա­­տարա­­գը դռնփակ կեր­­պով։

6 Սեպ­­տեմբեր 2020 կի­­րակի օր, Թուրքիոյ Հա­­յոց Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք իր հետ ու­­նե­­­նալով հո­­գեւո­­րակա­­նաց դա­­սը Սուրբ Պա­­տարագ պի­­տի մա­­տու­­ցէ Սուրբ Խաչ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Այս առ­­թիւ շփումներ կա­­յացած են Վա­­նի շրջա­­նային իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու հետ եւ ապա­­հովուած է դէ­­պի կղզի ուխտա­­ւոր­­ներ փո­­խադ­­րող նա­­ւերու եր­­թե­­­ւեկու­­թեան ար­­գի­­­լու­­մը։ Ար­­դա­­­րեւ նա­­ւերը այդ օր պի­­տի չգոր­­ծեն 11,00- 14,00 ժա­­մերու մի­­ջեւ։

Հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րը իրենց քա­­րոզ­­նե­­­րուն մէջ կը սի­­րեն յա­­ճախ նշել թէ եկե­­ղեցին ժո­­ղովուրդ է։ Սա­­կայն դռնփակ պա­­տարագ­­նե­­­րը ամ­­բողջո­­վին կը հա­­կասեն այս հաս­­տա­­­տու­­մին, երբ նոյ­­նիսկ կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րու առ­­կա­­­յու­­թեան պա­­հուն կը նա­­խընտրո­­ւի դռնփակ պա­­տարագ մա­­նաւանդ ալ Աղ­­թա­­­մար կղզիի նման տա­­րին միայն մէկ ան­­գամ պաշ­­տա­­­մունքի ար­­տօ­­­նու­­թիւն տրո­­ւած տա­­ճարի մը մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ