Ի՞նչ խորհուրդներ կան ոստիկանական նոր կազմի ետին Թ

Թուրքիա ար­դէն իսկ մատ­նո­ւած էր տնտե­սական ճգնա­ժամի մը, երբ վրայ հա­սաւ պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը։ Ար­դա­րեւ սոյն տա­րեթի­ւի Մարտ ամի­սէն սկսեալ հա­մավա­րակի դէմ պայ­քա­րելու նպա­տակով ձեռ­նարկուած կան­խա­միջոց­նե­րը ալ աւե­լի դժուարա­ցու­ցին երկրի տնտե­սական կեան­քը։ Բազ­մա­թիւ գոր­ծա­տեղի­ներ եր­կար ժա­մանակ չկրցան շա­րու­նա­կել իրենց ամե­նօրեայ աշ­խա­տու­թիւնը, որ ալ աւե­լի անե­լի մատ­նեց տնտե­սական կեան­քը։ Այս պայ­մաննե­րու տակ Թրքա­կան Լի­րան մեծ ար­ժեզրկում ար­ձա­նագ­րեց ԱՄՆ տո­լարի եւ Եւ­րո­յի դի­մաց։ Երե­ւոյթ մը, որ ան­խուսա­փելի կեր­պով իր հե­տեւան­քը պի­տի ու­նե­նար շու­կա­յի սղա­ճին մէջ։ Այս զար­գա­ցումնե­րը ի մի հա­ւաքե­լով աւե­լի զգա­լի կը դառ­նար Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թեան դէմ դժգո­հու­թեան հո­սան­քը։ Այժմ իշ­խա­նու­թեան մօտ կը տի­րէ նման դժգո­հու­թեան որեւէ կայ­ծով ան­դի­մադ­րե­լի հրդե­հի մը վե­րածո­ւելու հա­ւանա­կանու­թեան պատ­ճա­ռած սար­սա­փը։ Այս պայ­մաննե­րու տակ է, որ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը որո­շում կա­յացուց ոս­տի­կանա­կան նոր միաւո­րու­մի մը հաս­տատման, որ փո­խանակ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան, ուղղա­կիօրէն կա­պուած պի­տի ըլ­լայ Նա­խագա­հական Պա­լատին։

Առա­ջին հեր­թին 500-անոց անձնա­կազ­մե­րով մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ կա­յանա­լիք այս նոր ոս­տի­կանա­կան ու­ժը լիազօ­րուած պի­տի ըլ­լայ ոս­տի­կանա­կան բո­լոր իրա­ւունքնե­րու եւ պաշ­տօն պի­տի ստանձնէ հա­սարա­կական ամէն տե­սակ մի­ջոցա­ռու­մի ըն­թացքին նե­րառեալ կարգ մը ֆուտպո­լային մրցումներ, որոնք խրո­վու­թեան որոշ նե­րուժ ու­նին։

Քա­ղաքա­կան վեր­լուծա­բան­ներ որոշ վե­րապա­հու­թեամբ կը հե­տեւին այս զար­գա­ցու­մին եւ չեն բա­ցառեր այն վար­կա­ծը, ըստ որու նոյ­նիսկ ընտրու­թիւննե­րը կորսնցնե­լու պա­րագա­յին Նա­խագահ Էր­տո­ղան պի­տի դժկա­մի իր աթո­ռը լքե­լու։ Դէ­տեր, այս վար­կա­ծին կը հան­գին դի­տել տա­լով Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետա­րանի ընտրու­թիւննե­րը, որ բա­ւակա­նին դժո­ւար մար­սե­լի եղած էր Նա­խագահ Էր­տո­ղանի համար։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ